­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, Եր­կու­շաբ­թի՝ 10 ­Դեկ­տեմ­բեր 2018ին, ըն­դու­նեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի նո­րըն­տիր կազ­մի այ­ցե­լու­թիւ­նը, Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս։
­Կա­ռու­ցո­ղա­կան ու բո­վան­դա­կա­լից մթնո­լոր­տի մէջ ան­ցած հան­դի­պու­մին ըն­թաց­քին, ա­ռի­թը տրո­ւե­ցաւ զրու­ցե­լու յու­նա­հայ գա­ղու­թը յու­զող տար­բեր հար­ցե­րու՝ ազ­գա­յին, կրթա­կան եւ ըն­կե­րա­յին բնա­գա­ւառ­նե­րուն ա­ռն­չո­ւած նիւ­թե­րու շուրջ ու ճշդե­լու հա­մա­գա­ղու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը։
Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր ներ­կա­յա­ցուց նո­րըն­տիր ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի մօ­տե­ցում­ներն ու ըմբռ­նում­նե­րը։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց յա­ռա­ջի­կա­յի աշ­խա­տանք­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ, անդ­րա­դառ­նա­լով ազ­գա­յին մեր բո­լոր կա­ռոյց­նե­րու հա­մադ­րո­ւած ու կեն­սու­նակ գոր­ծու­նէու­թեան ու շեշ­տե­լով յու­նա­հա­յու­թեան ազ­գա­յին կեան­քի աշ­խու­ժաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։