ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համազգային պանծալի բռնցքաւորումէն ետք, անցնող տասնամեակի հայ կեանքը վերածուեցաւ նախ խռովալի, ապա նաեւ պատերազմի, ողբերգական պարտութեանց, հողային կորուստներու, ներազգային պառակտուածութեան եւ եկեղեցի-կառավարութիւն անհաշտ վիճակի ստեղծման տխուր բեմի, որ կը շարունակուի տակաւին իբրեւ այդպիսին…:
Տասնամեակ մը առաջ՝ Ապրիլ 24-ի այս օրը հպարտ էինք եւ ուրախ ու յուսավառ: Համընդհանուր կանչն էր «կը յիշեմ ու կը պահանջեմ»ը…: Մեր մեծ վէրքը նոր երգի վերածուած՝ նոր օրերու խոստումով կը գոտեպնդէր հայ մարդը աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուած ըլլար ան:
Իսկ այսօր, տասնամեակ մը վերջ համատարած հիասթափութիւն, յուսահատութիւն եւ անորոշ ապագայի մղձաւանջ: Յանձնառութիւնը փոխակերպուած է անտարբերութեան, ինչ որ մեծագոյն թշնամին է ազգային իղձերու եւ անոր թօթափումը այնքան անհրաժեշտ՝ հոգեբարոյական վերականգնումի ճիգերուն:
Այս տխուր հաստատումէն վերջ հարցումը՝ ի՞նչ ընել, որպէսզի անկումէն վերջ մէջքը շտկէ ու վերականգնի հայ մարդը:
Դիմել սեփական պատմութեան՝ պեղելու եւ վերագտնելու համար մեր էութիւնը, ազգի հոգեյատակը, ուր անսպառ ուժականութիւն ամբարուած է եւ որ մեզ ոտքի հանած է ամէնադժուար պահերուն իսկ:
Այս ըսուածին ցցուն ապացոյցն է նոյնինքն հայոց վրայ գործադրուած ահաւոր ցեղասպանութիւնը, որմէ երեք տարի վերջ հայրենական շերտ մը հողին վրայ կրցանք պետականութիւն կերտել, համայնավար բիրտ վարչակարգին տակ 70 տարի տառապելէ յետոյ վերակերտեցինք մեր անկախութիւնը, Արցախն ու հայկական հողեր ազատագրեցինք, իսկ տարբեր երկիրներու մէջ տարտղնուած, օրուան հացի կարօտ եւ ազգային ու քաղաքական կողմնացոյցէ զուրկ գաղթական հայու բեկորներէն կրցանք կազմակերպ սփիւռք ստեղծել:
Ամէնէն յանդուգն երեւակայողն անգամ պիտի ահաբեկուէր՝ ի տես ազգային պետականութեան հովանիին տակ համահայկական մեր խրոխտ երթին՝ ցեղասպանութենէն ու գաղթականի թշուառութիւններէն միայն 100 տարի ետք…:
Հարկ չկայ հազարամեակներու մեր պատմութիւնը սերտելու, համոզուելու համար, թէ մեր ակունքներէն բխող բնութագիծ է պարտութիւններուն մէջն իսկ յաղթանակներ գտնելու ազգային յատկութիւնը, որու շնորհիւ ամէն անկումէ վերջ կրցած ենք վերյառնել: Աւարայրի պարտութիւնը ոգեշնչող յաղթականի հպարտութեամբ վարակած է յաջորդական սերունդներ:
Անի մայրաքաղաքի անկումը ծնունդ տուած է Կիլիկիոյ թագաւորութեան եւ այսպէս շարունակ…:
Թրքական տիրապետութեան դէմ մղուած ազատամարտին՝ հերոսական նահատակութենէն ետք ջան ֆէտայիներուն նուիրուած յեղափոխաշունչ իւրախանչիւր երգ կը բխի անոնց մահն իսկ յաղթանակի վերածելու եւ յաղթականի զգացումով սերունդ վարակելու ազգի բնութագծէն, որու խորթ ու անհաղորդ սմսեղուկներ չեն ամչնար եւ այդ երգերէն տողեր առանձնացնելով ծաղրանքի առարկայ կը դարձնեն համացանցի հարթակէն, նոյնիսկ Հ.Հ.-ի ազգային ժողովի ամպիոնէն…: Այո՛, դժբախտաբար կան այդպիսի սմսեղուկներ ալ, բայց անցնինք ու աւելցնենք, որ հիմա, «թաւշեայ յեղափոխութեան» խեղափոխուած առաջնորդները կը բարձրաձայնեն, թէ ցեղասպանութեան խնդիրը առաջնահերթ չէ եւ ատիկա նոյնիսկ կը կարօտի վերագնահատման, թէ մոռցէ՛ք Կարսն ու Արտահանը, Մուշն ու Վանը, նոյնիսկ հայ ազգի յաւերժութեան խորհրդանիշ` Արարատը…:
Այսինքն, ընդմիշտ թաղեցէք ազգի պատմական յիշողութիւնը եւ այդ վայրերուն նուիրուած ու անմահներու կողմէ յօրինուած երգ-երաժշտութեան ու բանաստեղծութեանց մշակոյթի հարստութիւնը…: Անոնք չեն գիտցած, ոչ ալ կ՚ուզեն գիտնալ, որ ֆիզիքական պարտութիւնը կը յաղթահարուի միայն ազգային արժէքներուն ու յիշողութեան կառչած մնալով եւ գաղափարական վեհագոյն սկզբունքներ իրացնելու անտեղիտալի ձգտումով:
Սակայն սմսեղուկ ըսուածները կը գտնուին Հ.Հ.-ի կառավարութեան ղեկին եւ ընդունուած են Հայաստանի քուէարկող զանգուածներու կարեւոր հատուածի մը կողմէ, որով եւ կը կրեն «օրինական» հանգամանք: Անոնք թշնամիին կողմէ նոր պատերազմի սպառնալիքն ու նոր պարտութեան մը սարսափը քարոզչական դրօշակի վերածած՝ կը բարոյազրկեն հանրութիւնը փոխանակ ճիշդ հակառակ ընթացքը բռնելու…:
Աւելցնենք,որ կան նաեւ սփիւռքի սերունդը ուծացումէ փրկելու հրամայականը, հայ կեանքի ղեկավար տարրին յոգնածութիւնը, հետզհետէ քայքայուող վիճակը միջինարեւելեան հայագաղութներու, որոնցմէ կը հասնէին Հայ դատի նուիրեալ ջերմեռանդ սերունդներ: Ի վերայ ամենայնի նոյնպէս արձանագրենք հայ մարդը վարակած անտարբերութեան ախտը, ինչպէս նաեւ անփառունակ պարտութենէն ետք՝ հոգեպէ՛ս ալ պարտուած Հ.Հ.-ի իշխանաւորներու… մեղմ ասած կամակորութիւնը, որպէսզի լրիւ պատկերենք այն դժուար ու շուարեցնող խաչմերուկը, որ կը բանայ մեր առջեւ ցեղասպանութեան 110-ամեակը…:
Հարցումը կը յամենայ. Ի՞նչ ընել…:
Պատասխանը չփնտռենք յօդուածի մը մէջ, գրիչէ մը: Բայց ընդգծենք անվարան, որ կործանիչ է դժուար խաչմերուկի առջեւ շուար ու անճռկած կենալը, անելի մատնուիլը կամ ծունկ ծեծելը: Հրամայական է ընտրել ճամբայ մը ու ընթանալ անկէ, գտնելու համար ազգի պատմական հունը: Ընտրել պատմութեան տրամաբանութեան ուղին, որ պայքարի տրամաբանութիւնն է եւ որ կը կազմէ կեանք ըսուածին էութիւնն իսկ ՝ ծնունդէն մինչեւ վերջ: Յարատեւ պայքար:
Այո՛, պայքար եւ ցնցիչ տեսակէն, որպէսզի թմրած ջիղերը արթննան, աշխուժանան: Առ այս, յանձնառու ղեկավարներուն կը մնայ որոշել պայքարի ձեւը, թափն ու տարողունակութիւնը: Ի զուր չէ գրած ցեղասպանութեան նահատակ՝ անկրկնելի Վարուժանը. «ու պայքա՛ր, պայքա՛ր, պայքա՛ր երգեցի…»:
Աթէնք, 18 Ապրիլ 2025