­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 13 ­Փետ­րո­ւար 2019ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի նա­խա­տօ­նա­կի ե­կե­ղե­ցա­կան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, նա­խա­գա­հու­թեամբ՝ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի, մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ ե­կե­ղեց­ւոյ սար­կա­ւագ­նե­րուն, կի­սա­սար­կա­ւագ­նե­րուն, ու­րա­րա­կիր­նե­րուն եւ դպիր­նե­րուն, եւ ներ­կա­յու­թեամբ՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­յե­րու հոծ բազ­մու­թեան։
­Մեր ­Տի­րոջ՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի քա­ռաս­նօ­րեայ տա­ճար ըն­ծայ­ման տօ­նին ա­ռի­թով, նա­խա­տօ­նա­կի ա­ւար­տին՝ շրջա­նի ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւը կա­տա­րեց նաեւ մա­նուկ­նե­րու ըն­ծա­յու­մը Ս. ­Խո­րա­նին՝ «Ք­րիս­տոս ­Փա­ռաց ­Թա­գա­ւոր…» տա­ղին ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։ Ա­ռանձ­նա­պէս ո­գե­ւո­րիչ էր տես­նել, որ հե­տե­ւե­լով ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւի կո­չին՝ բազ­մա­թիւ ծնող­ներ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը բե­րած էին. նաեւ՝ մե­ծա­թիւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, թէ՛ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ թէ շրջա­փա­կին մէջ, ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ քա­ջա­լեր հան­դի­սա­ցան մեր ժո­ղո­վուր­դի այս գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դու­թեանց ու սո­վո­րու­թեանց պահ­պան­ման։
­Հայր ­Սուր­բը իր քա­րո­զին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­տո­ւա­ծին՝ Ք­րիս­տո­սի քա­ռաս­նօ­րեայ տա­ճար ըն­ծա­յու­մին եւ ը­սաւ.- «Որ­պէս ծնող­ներ, պար­տա­ւո­րու­թիւն ու պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նիք ձեր զա­ւակ­նե­րը ու­ղար­կե­լու ե­կե­ղե­ցի, որ­պէս­զի ա­նոնք կա­մաց-կա­մաց գիտ­նան մեր ե­կե­ղեց­ւոյ սո­վո­րու­թիւն­ներն ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, սոր­վի՛ն, մտա­ծե՛ն, խօ­սի՛ն, վկա­յե՛ն ու մա­նա­ւանդ ի­րենք ալ ի­րենց կար­գին, ի­րենց յա­ջորդ­նե­րուն փո­խան­ցեն։ Այս տօ­նը մե­զի պատ­գամ մը կու տայ, եւ այդ պատ­գա­մը կը թե­լադ­րէ մեր զա­ւակ­նե­րը նո­ւի­րել ազ­գին, ըն­ծա­յել ե­կե­ղեց­ւոյ, որ­պէս­զի ա­նոնք մեծ­նան բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րով ու ազ­գա­յին վառ ապ­րում­նե­րով»։
Ա­պա՝ ­Հայր ­Սուր­բը Ս. ­Խո­րա­նին վրայ զե­տե­ղո­ւած Ք­րիս­տո­սի մո­մէն վա­ռեց ե­կե­ղեց­ւոյ ա­տեա­նը դրո­ւած ե­րեք մո­մե­րը, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն մո­մե­րը, որ­պէս խորհր­դա­նիշ Ս. Եր­րոր­դու­թեան եւ որ­պէս Ք­րիս­տո­սի լոյս՝ զայն տա­րա­ծե­լու հա­մայն աշ­խար­հին։ ­Նա­խա­տօ­նա­կի ըն­թաց­քին, տե­ղի ու­նե­ցաւ տա­րո­ւան ա­ռա­ջին Ան­դաս­տա­նի գե­ղե­ցիկ ու զմայ­լիչ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը՝ օրհ­նե­լով աշ­խար­հի չորս կող­մե­րը։
Ա­պա՝ ­Հայր ­Սուր­բը, ե­կե­ղեց­ւոյ սապա­սա­ւոր­նե­րուն ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ եւ «Ու­րախ ­Լեր…» շա­րա­կա­նով թա­փօր կազ­մած՝ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ վա­ռեց ա­ւան­դա­կան կրա­կը։ ­Հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ որ­պէս զո­ւար­ճանք ցատ­կե­ցին կրա­կին վրա­յէն եւ, ի­րենց հետ առ­նե­լով Ք­րիս­տո­սի լոյ­սը, տա­րին ի­րենց տու­նե­րը՝ որ­պէս օրհ­նու­թիւն։ ­Ներ­կա­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ եր­գո­ւե­ցան Հ.Հ. քայ­լերգն ու «­Կի­լի­կիա» մաղ­թեր­գը։
­Հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, հոծ բազ­մու­թեան ներ­կա­յու­թեան, «­Հա­մազ­գա­յին»ի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ գտնո­ւող «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը ճո­խա­ցուց օ­րո­ւան յայ­տա­գիրն ու ներ­կա­նե­րուն ա­ռա­ւել եւս ե­ռանդ տո­ւաւ՝ շուրջ­պար բռնե­լով կրա­կին շուրջ՝ պա­րե­լով եւ մեծ ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռե­լով բո­լո­րին անխ­տիր։
Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն եւ կրա­կի հրա­վա­ռու­թե­նէն ետք, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ «­Հա­մազ­գա­յին»ի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ փոքր հիւ­րա­սի­րու­թիւն, ինչ­պէս նաեւ՝ կա­մա­ւոր տի­կի­նի մը կող­մէ իր ծննդեան տօ­նին ա­ռի­թով հիւ­րա­սի­րու­թիւն։
Ա­ւար­տին, ­Հայր ­Սուր­բը ան­գամ մը եւս իր սրտի գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց վար­չու­թեան ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն, օ­րո­ւան հիւ­րա­սի­րո­ղին, ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դին, ո­րոնք անձ­նո­ւի­րա­բար եւ կա­մա­ւոր կեր­պով ի­րենց ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը մա­տու­ցեն գա­ղու­թի վե­րել­քին, թէ՛ նիւ­թա­պէս եւ թէ բա­րո­յա­պէս՝ ա­ռա­ւել վառ պա­հե­լով հայ մշա­կոյթն ու հայ ազ­գի գո­յա­տեւ­ման բո­լոր կռո­ւան­նե­րը։
­Պէտք է ը­սել, որ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօ­նը մեծ հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ ու ժո­ղո­վուր­դի հոծ բազ­մու­թեան գնա­հա­տան­քի բարձր ար­ժա­նա­ցու­մով նշո­ւե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ։