Յունաստանի Ատիկէի շրջանի մէջ ահաւոր հրդեհներուն պատճառով՝ Յունահայոց Ազգային Առաջնորդարանը կապի մէջ մտնելով Ատիկէի մարզպետարանի ընդհանուր քարտուղարին հետ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց ու նաեւ ստացաւ տեղեկութիւնը, թէ հրդեհի պատճառով՝ զոհերուն մէջ հայերու մասին առ այժմ որեւէ տուեալ չկայ: