Թ­րա­կիա կա­տա­րած շրջապ­տոյ­տին ծի­րէն ներս, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Քոնս­թան­տի­նոս ­Թա­սու­լաս այ­ցե­լեց ­Տի­տի­մո­թի­քօ քա­ղա­քը եւ մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի մայր կա­ռոյ­ցին հետ կցու­մի 106-րդ ­տա­րե­դար­ձի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան։
Իր ներ­կա­յու­թեան ա­ռի­թով, նա­խա­գա­հը այ­ցե­լու­թիւն կա­տա­րեց նաեւ ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի պատ­մա­կան հայ­կա­կան Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղե­ցին եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ հնա­մեայ կո­թո­ղի պատ­մու­թեան ու շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։
Ե­կե­ղեց­ւոյ մուտ­քին յոյն նա­խա­գա­հը դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Նա­զար Ա­ւա­գեա­նի եւ ­Տի­տի­մո­թի­քօ-Օ­րէս­թիա­տա թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ։
­Նա­խա­գա­հի շքա­խում­բին մաս կը կազ­մէր շրջա­նի քա­ղա­քա­պետ ­Ռո­մի­լոս ­Խա­ծի­յա­նող­լու, ինչ­պէս նաեւ Էվ­րոս մար­զի հնա­մեայ կո­թող­նե­րու խնա­մա­կալ պա­տաս­խա­նա­տու ­Տոմ­նա ­Թեր­զո­փու­լու։
Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան մա­սին, նշե­լով միջ­նա­դա­րեան դա­րե­րէն ե­կող պատ­մա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, իսկ նա­խա­գա­հը, իր կար­գին, նշեց ­Բիւ­զան­դիո­նի կայսր ­Յով­հան­նէս ­Քան­թա­քու­զի­նո­սի թա­գադ­րու­մը Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։
­Նա­խա­գահ ­Թա­սու­լաս մօ­տէն տե­սաւ ե­կե­ղեց­ւոյ խո­րանն ու զար­դան­շան­նե­րը, ա­պա խօսք ե­ղաւ տա­նի­քի վե­րա­շի­նու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք մօտ օ­րէն ըն­թացք պի­տի առ­նեն։
­Յի­շեց­նենք, որ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րո­գու­թեան ծրա­գի­րը ամ­բող­ջու­թեամբ ստանձ­նած է ­Յու­նաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­­րու­թիւ­նը։ ­Քա­նի մը ա­միս ա­ռաջ, նա­խա­րար ­Լի­նա ­Մեն­տո­նի այ­ցե­լած էր ե­կե­ղե­ցին եւ տեղ­ւոյն վրայ հաս­տա­տած էր շի­նու­թիւ­նը ստանձ­նե­լու լրիւ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։
­Սոյն ծրա­գի­րին հի­ման վրայ, նա­խա­գահ ­Քոնս­թան­թի­նոս ­Թա­սու­լաս խօ­սե­ցաւ կրօ­նա­կան բնոյ­թի զբօ­սաշրջու­թեան զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, նշե­լով կրօ­նա­կան հնա­մեայ եւ պատ­մա­կան կո­թողնե­րու առ­կա­յու­թիւ­նը շրջա­նին մէջ։