­Ծա­նօթ է, թէ բա­ւա­կան տա­րի­նե­րէ ի վեր, ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծակ­ցու­թեան կապ ստեղ­ծո­ւած է հան­րա­ծա­նօթ «­Յու­շա­մա­տեան» հաս­տա­տու­թեան եւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թին մի­ջեւ, ո­րուն շնոր­հիւ հաս­տա­տու­թիւ­նը կա­րո­ղա­ցած է հա­ւա­քագ­րել նկա­տա­ռե­լի թիւ մը ըն­տա­նե­կան վկա­յու­թիւն­նե­րու եւ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու՝ պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի հո­ղե­րուն վրայ ապ­րած հայ­րե­նա­կից­նե­րու ըն­տա­նե­կան ար­խիւ­նե­րէն։ Այ­սօր, «­Յու­շա­մա­տեան»-ի կայ­քէ­ջը կը պա­րու­նա­կէ բազ­մա­թիւ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ, նպա­տակ ու­նե­նա­լով ե­րե­ւան բե­րել ու պահ­պա­նել այն­պի­սի տո­ւեալ­ներ, նկար­ներ, ըն­տա­նե­կան պատ­մա­կան ի­րեր եւ սե­րուն­դէ սե­րունդ ժա­ռան­գո­ւած պատ­մու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը կազ­մեն հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան եր­թի ու իր հայ­րե­նի հո­ղե­րուն վրայ ազ­գագ­րա­կան ներ­կա­յու­թեան հիմ­նա­կան ու փաս­տա­ցի ար­խիւ­նե­րու հա­րուստ շտե­մա­րան մը։
­Վեր­ջերս, եր­կու կա­ռոյց­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ա­ռա­ւել ընդ­լայ­նո­ւե­ցաւ, այս ան­գամ յա­տուկ կապ ստեղ­ծած ըլ­լա­լով ­Լոն­տո­նի պե­տա­կան գրա­դա­րա­նի հաս­տա­տու­թեան հետ, որ կը հո­վա­նա­ւո­րէ նաեւ հայ­կա­կան պատ­մա­կան փաս­տե­րու հա­ւա­քագր­ման աշ­խա­տան­քը, զա­նոնք նե­րառ­նե­լով մնա­յուն պա­հե­լու եւ կո­րուս­տէ փրկե­լու ծրա­գի­րին մէջ։
­Յու­նաս­տա­նի մէջ կա­տա­րո­ւող աշ­խա­տան­քին յա­ւե­լեալ թափ տա­լու նպատակով, տե­ղի ու­նե­ցան եր­կու հան­դի­պում­ներ Ք­սան­թիի եւ ­Գո­մո­թի­նիի հա­յու­թեան հետ, ո­րոնց ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ ծրա­գի­րը եւ ա­նոր կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։
Ա­ռա­ջին ներ­կա­յա­ցու­մը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ­Հինգ­շաբ­թի, 26 ­Մար­տին Ք­սան­թիի մէջ, իսկ յա­ջորդ օ­րը, ­Գո­մո­թի­նիի հա­յու­թիւ­նը ա­ռիթ ու­նե­ցաւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու մաս­նա­յա­տուկ ծրա­գի­րին եւ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու տե­ղա­կան ըն­տա­նիք­նե­րու հին պատ­մա­կան ար­խիւ­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան աշ­խա­տան­քին։
Ուր­բաթ, 27 ­Մար­տի ե­րե­կո­յեան, ­Գո­մո­թի­նիի ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ ըն­դա­ռա­ջե­ցին հրա­ւէ­րին, մօ­տէն ճանչ­նա­լու հա­մար ծրա­գի­րին եւ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու ըն­տա­նե­կան տո­ւեալ­նե­րու ներ­կա­յաց­ման։
Ե­րե­կո­յին իր խօս­քը ուղ­ղեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեան, որ ող­ջու­նեց մաս­նա­գի­տա­կան խում­բին ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ կա­րե­ւո­րեց գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն հետ, թո­ւայ­նաց­ման ան­մի­ջա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը ի­րա­գոր­ծե­լու շրջան­նե­րու պատ­մա­կան ար­խիւ­նե­րուն վրայ։
Ա­ռա­ջին հեր­թին, «­Յու­շա­մա­տեան»-ի պա­տաս­խա­նա­տու ­Վա­հէ ­Թաշ­ճեան հա­մա­ռօտ ներ­կա­յա­ցում մը կա­տա­րեց հաս­տա­տու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին, յա­տուկ շեշտ դնե­լով ­Յու­նաս­տա­նի մէջ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թին հետ գոր­ծակ­ցու­թեան տո­ւած ար­դիւնք­նե­րուն։ Ան յայտ­նեց, թէ ներ­կա­յիս «­Յու­շա­մա­տեան»-ի ար­խի­ւին մէջ մեծ մաս կը կազ­մէ Յու­նաս­տա­նի հայ ըն­տա­նիք­նե­րու պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րու հա­ւա­քա­ծոն, շնոր­հիւ հե­տե­ւո­ղա­կան եւ շա­րու­նա­կա­կան աշ­խա­տան­քին տե­ղա­կան գոր­ծա­կից­նե­րուն հետ։ Ան նաեւ յայտ­նեց, թէ յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ստա­նայ շփու­մը Թ­րա­կիոյ հա­յու­թեան հետ, ո­րուն պատ­մա­կան ա­կունք­նե­րը ար­խի­ւա­յին կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն։
«­Յու­շա­մա­տեան»-ի խմբագ­րա­կան աշ­խա­տա­կից Ա­նի Ա­բի­կեան անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց աշ­խա­տան­քի կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին, ընդգ­ծե­լով, թէ իւ­րա­քան­չիւր ըն­տա­նի­քի պատ­մա­կան հա­րուստ ան­ցեա­լը, ա­նոնց լու­սան­կար­չա­կան ար­խիւ­նե­րը եւ ըն­տա­նե­կան սպաս­նե­րու պատ­մա­կան ար­ժէ­քը կը կազ­մեն հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գագ­րու­թեան ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րը, ո­րուն պահ­պա­նու­մը կը կա­տա­րո­ւի հա­մա­կար­գո­ւած եւ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քով, միշտ ի մտի ու­նե­նա­լով ազ­գա­յին ար­մատ­նե­րը կո­րուս­տէ փրկե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։
«Ար­մե­նի­քա»-ի աշ­խա­տա­կից վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան ներ­կա­յա­ցուց հաս­տա­տու­թեան եւ ­Լոն­տո­նի պե­տա­կան գրա­դա­րա­նի գոր­ծակ­ցու­թեան շրջա­գի­ծը, ընդգ­ծե­լով, թէ յա­ճախ կո­րուս­տի են­թար­կո­ւած պատ­մա­կան փաս­տա­թուղ­թեր, լու­սան­կար­ներ եւ ի­րեր հե­տե­ւո­ղա­կան կեր­պով կ­՚ար­ձա­նագ­րո­ւին եւ մնա­յուն կը պա­հո­ւին։ Ան նաեւ նշեց, թէ պատ­մա­կան ի­րե­րու կո­րուս­տը հետեւանք կրնայ ըլ­լալ բնա­կան ա­ղէտ­նե­րու, սա­կայն ըն­տա­նիք­նե­րու կող­մէ հե­տաքրք­րու­թեան պա­կա­սը եւս կ­՚ազ­դէ ա­նոնց փճա­ցու­մին ու կորս­տեան։ Այս ե­րե­ւոյթ­նե­րը կան­խե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ, «­Յու­շա­մա­տեան»-ը կը թո­ւայ­նաց­նէ ըն­տա­նե­կան եւ հա­մայն­քա­յին ար­խիւ­նե­րը, որ­պէս­զի ա­նոնք մնա­յուն կեր­պով պահ­պա­նո­ւին բրի­տա­նա­կան գրա­դա­րա­նի հա­րուստ շտե­մա­րա­նին մէջ, նոյ­նիսկ ե­թէ ա­պա­գա­յին բնա­գիր տո­ւեալ­նե­րը կորս­տեան մատ­նո­ւին։
­Հոս կա­րե­ւոր է նշել, թէ աշ­խա­տան­քա­յին խում­բը, իր կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին Թ­րա­կիոյ հա­յա­շատ շրջա­նը, կա­տա­րեց եր­կու հիմ­նա­կան աշ­խա­տանք­ներ։ Ա­ռիթ ու­նե­ցաւ հան­դի­պե­լու մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­նե­րու հետ եւ գրի առ­նե­լու ա­նոնց ըն­տա­նե­կան պատ­մա­կան ար­խիւ­նե­րը, ո­րոնք ա­պա­գա­յին տեղ պի­տի գտնեն «­Յու­շա­մա­տեան»-ի կայ­քէ­ջին վրայ։
­Նոյն կա­րե­ւո­րու­թեամբ, խում­բը այ­ցե­լեց Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ, ­Գո­մո­թի­նիի, Ք­սան­թիի եւ ­Գա­վա­լա­յի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, ուր լու­սան­կա­րեց եւ թուայ­նաց­ման ըն­թաց­քի մէջ դրաւ ա­ւե­լի քան 7000 փաս­տա­թուղթ ու լու­սան­կար, ո­րոնք կը կազ­մեն հա­մայն­քա­յին կեան­քի՝ տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ եր­կա­րող պատ­մա­կան հա­րուստ գան­ձա­րան մը։
Ինչ­պէս յայտ­նե­ցին խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, սոյն աշ­խա­տան­քը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի ա­պա­գա­յին եւս, սա­տա­րե­լու հա­մար Թ­րա­կիոյ հայ հա­մայնք­նե­րու պատ­մա­կան ար­խիւ­նե­րու փրկու­թեան։