Ընդառաջելով Նիքէայի քաղաքապետարանի հրաւէրին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ Թաղային խորհուրդի ատենադպիր տիկ. Լուսի Հաննէեան, Երկուշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին ներկայ գտնուեցան «Օսիա Քսէնի» հրապարակը, ուր տեղւոյն յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ Յունաց ազգային տօնի հոգեհանգստեան արարողութիւնը, օրուան պատգամի փոխանցումը ապա դափնեպսակներու զետեղումը։
Յանուն Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ, տիկ. Լուսի Հաննէեան զետեղեց դափնեպսակը։ Յաջորդաբար, տեղի ունեցաւ աշակերտական ու սկաուտական տողանցքը, որուն մաս կազմեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի սկաուտական խումբը։
Աւարտին, հոգեւոր հովիւն ու Թաղային խորհուրդի անդամը մեկնեցան «Զաւարեան» կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ սկաուտներու դրօշակի արարողութիւն։ Տ. Պարէտ քահանայ խօսք առնելով, շնորհաւորեց ազգային տօնին առիթով սկաուտական կազմի պատուաբեր տողանցքը եւ անոնց մաղթեց քաջառողջութիւն ու յաջողութիւն։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Յունաց ազգային տօնին առիթով դափնեպսակի զեկեղում Գոքինիոյ մէջ










