Ե­րէկ, ­Կի­րա­կի՝ 7 ­Յու­լիս 2019ին, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան յու­նա­կան խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը։
26 ­Մա­յի­սի եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րու ստեղ­ծած քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կէն ետք, ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ ­Յու­լիս 7ին հա­մար, նա­խընտ­րա­կան շատ կարճ ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը տա­լով մաս­նակ­ցող կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն՝ հա­մո­զե­լու հա­մար ընտ­րա­կան զան­գո­ւած­նե­րը։
­Նա­խընտ­րա­կան պայ­քա­րը ըն­թա­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մի լոյ­սին տակ։ Գլխա­ւոր եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու կի­զա­կէտն էր տաս­նա­մեայ տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մէն դուրս ել­լե­լու խոս­տում­նե­րը եւ ա­նոնց հա­մա­պա­տաս­խան ծրա­գիր­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մը։
­Մին­չեւ ա­ռա­ւօտ յայ­տա­րա­րո­ւած ար­դիւնք­նե­րը կու տան հե­տե­ւեալ պատ­կե­րը՝

­Նոր ­Հան­րա­պե­տու­թիւն (Ν.Δ) ՝ 39,85%
­Սի­րի­զա (ΣΥΡΙΖΑ)` 31,53%
­Քի­նալ (ΚΙΝΑΛ)՝ 8,10%
­Հա­մայ­նա­վար­ներ (ΚΚΕ)՝ 5,30%
­Յու­նա­կան ­Լու­ծում (ΕΛΛΗΝΙΚΗ ΛΥΣΗ)՝ 3,70%
Օր25 (ΜΕΡΑ25)՝ 3,44%
Այ­սօր կէ­սօ­րին, նո­րըն­տիր վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քիս պի­տի կա­տա­րէ իր եր­դու­մը՝ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին առ­ջեւ եւ նոյն օ­րը կը սպա­սո­ւի, որ ան պի­տի յայ­տա­րա­րէ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մը։
Ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ա­ռաջ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը յայ­տա­րա­րու­թիւն հրա­պա­րա­կեց, ո­րուն մէջ կը նշո­ւէր թէ, անձ­նա­կան նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րու կող­քին, յու­նա­հա­յու­թեան քո­ւէ­նե­րը ուղ­ղո­ւած պէտք է ըլ­լան լա­ւա­գոյն թեկ­նա­ծու­նե­րու ընտ­րու­թեան, ո­րոնք ի­րենց ան­ցեա­լի գոր­ծու­նէու­թեամբ կամ ա­պա­գա­յի խոստմնա­լից ըն­թաց­քով, զօ­րա­վիգ կը կանգ­նին մեր ազ­գին ու մեր հա­մայն­քին եւ փաս­տած են հա­յու­թեան ի­րա­կան բա­րե­կամ­ներ ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը։