Հե­տե­ւե­լով մեծ թի­ւով եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու մայր ճամ­բա­նե­րու փակ­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, Թ­րա­կիոյ հա­յու­թիւ­նը, Եր­կու­շաբ­թի՝ 19 ­­Հոկ­տեմ­բե­րի կա­նուխ ա­ռա­ւօ­տուն, ինք­նա­շար­ժե­րու հսկայ շա­րա­սիւն կազ­մած ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի Էվ­րո­սի յոյն-թրքա­կան սահ­ման­նե­րը, խորհր­դան­շա­կա­նօ­րէն փա­կե­լու հա­մար «­­Քի­փոն» անց­քի մաք­սա­տան շրջա­կայ­քը եւ ­­Թուր­քիա­յէն դէ­պի ­­Յու­նաս­տան ուղ­ղու­թիւն ու­նե­ցող ճամ­բան։ ­­Սահ­ման­նե­րուն վրայ հա­ւա­քո­ւած հա­յե­րը պաս­տառ­ներ եւ դրօ­շակ­ներ բարձ­րա­ցու­ցին, մինչ ար­տա­սա­նո­ւած լո­զունգ­նե­րով պա­հան­ջե­ցին ­­Թուր­քիոյ եւ Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մի ան­մի­ջա­կան կա­սե­ցու­մը։ ­­Ցու­ցա­րար­նե­րը կանգ­նե­ցան սահ­ման­նե­րուն վրայ տե­ղա­կա­յո­ւած փշա­թե­լե­րու եր­կայն­քին եւ ­­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի դրօշ­նե­րը ծա­ծա­նե­լով՝ լո­զունգ­ներ բա­ցա­գան­չե­ցին։ ­­Սահ­ման­նե­րու խորհր­դան­շա­կան փա­կու­մը տե­ւեց մօտ 3 ժամ։