Թր­քա­կան պե­տու­թեան ո­րո­շու­մը՝ մզկի­թի վե­րա­ծե­լու ­Կոնս­տանդ­նու­պոլ­սոյ «Ա­յիա ­Սո­ֆիա» թան­գա­րան-ե­կե­ղե­ցին ընդվ­զում յա­ռա­ջա­ցու­ցած է ­Յոյն Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ընդ­հան­րա­պէս քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հին։ Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով թէ սոյն ե­կե­ղե­ցին խորհր­դան­շա­կան ու պատ­մա­կան յա­տուկ ար­ժէք եւ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ, աշ­խար­հա­տա­րած հո­գե­ւոր պե­տեր, քրիս­տո­նեայ պե­տու­թիւն­ներ, նշա­նա­ւոր ան­ձեր եւ UNESCOն ­դա­տա­պար­տած են թրքա­կան պե­տու­թեան ա­նար­դար եւ պատ­մու­թիւն ա­ղա­ւա­ղող ո­րո­շու­մը։
Ուր­բաթ՝ 24 ­Յու­լիս 2020ին, «Ա­յիա ­Սո­ֆիա» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ պի­տի կա­տա­րո­ւի իս­լա­մա­կան ա­ռա­ջին ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ուս­տի, որ­պէս բո­ղոք սոյն հա­կաք­րիս­տո­նէա­կան ա­նըն­դու­նե­լի ա­րար­քին, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ո­րո­շու­մով՝ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ու վար­ժա­րան­նե­րու դրօ­շակ­նե­րը կի­սով պի­տի պար­զո­ւին, ինչ­պէս նաեւ կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 12-12։30 ե­կե­ղե­ցի­նե­րու զան­գե­րը պի­տի հնչեն սու­գի նշա­նի զար­կե­րով։

­Դի­ւան Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի