Քո­րո­նա ժահ­րի պատ­ճա­ռած հա­մա­ճա­րա­կի մար­տահ­րա­ւէ­րին առ­ջեւ եւ ա­նոր յա­ռա­ջա­ցու­ցած տագ­նա­պին մէջ, ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը (Հ.Օ.Մ.) հիմ­նեց ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Տագ­նա­պի Շ­տապ Օգ­նու­թեան ֆոն­տը, հայ­րե­նի­քին ու հայ ժո­ղո­վուր­դին օգ­նու­թիւն հասց­նե­լու նպա­տա­կով, դի­մե­լով աշ­խար­հաս­փիւռ իր միա­ւոր­նե­րուն եւ հա­մա­կիր­նե­րուն:
Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան կո­չին ըն­դա­ռա­ջե­լով, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը 4.000 եւ­րո փո­խան­ցեց վե­րոն­շեալ ֆոն­տին: ­Գու­մա­րը հա­ւա­քո­ւե­ցաւ մեր գա­ղու­թի հայ­րե­նա­կից­նե­րու ազ­նիւ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րով եւ պի­տի տրա­մադ­րո­ւի բժշկա­կան սար­քե­րով եւ նիւ­թա­կան այլ մի­ջոց­նե­րով ա­ջակ­ցե­լու հա­մար ­Հա­յաս­տա­նին եւ Ար­ցա­խին, հա­մա­ճա­րա­կի տագ­նա­պի այս օ­րե­րուն։
­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը խո­րա­պէս շնոր­հա­կալ է նո­ւի­րա­տու­նե­րուն ո­րոնք, բո­լո­րիս հա­մար այս դժո­ւար օ­րե­րուն, վստա­հե­լով Հ.Օ.Մ.ին օ­ժան­դա­կե­ցին ա­նոր ազ­գան­պաստ այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան:

Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն