Ինչ­պէս ծա­նօթ է ար­դէն, «Ա­զատ Օր»ի 2020ի օ­րա­ցոյ­ցին մէջ տեղ գտած բա­ցա­ռիկ լու­սան­կար­նե­րը սի­րա­յօ­ժար տրա­մադ­րո­ւած էին նկա­րա­հան ­­Տի­միթ­րա Ս­թա­սի­նո­փու­լո­ւի կող­մէ։ Այժմ ան ան­բող­ջա­ցուց բարձր ո­րա­կի լու­սան­կար­նե­րով հարս­տա­ցած իր նոր ալ­պո­մը, որ նո­ւի­րո­ւած է Ա­րեմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի մէջ գտնո­ւող պատ­մա­կան կո­թող­նե­րուն։ ­Բա­ցա­ռիկ ալ­պո­մը տե­ղադ­րո­ւած է հա­մա­ցան­ցի վրայ եւ կա­րե­լի է դի­տել

https://www.yumpu.com/en/embed/view/9m1ZSFTUeCEYtAR6 հաս­ցէէն։


2017ին, ­Տի­միթ­րա Ս­թա­սի­նո­փու­լու ճամ­բոր­դեց մին­չեւ յու­նա­կան ­­Պոն­տո­սը, ուր շրջա­նը նկա­րե­լէ ետք, հա­սաւ մին­չեւ ­Վա­նայ լի­ճը, Աղ­թա­մա­րի «Ս. ­­Խաչ» պատ­մա­կան ե­կե­ղե­ցին եւ հա­յոց դա­րա­ւոր Ա­նի քա­ղա­քը։ ­Յա­ջոր­դեց դէ­պի Ի­րան ճամ­բոր­դու­թիւ­նը, ուր այ­ցե­լեց Ս­պա­հա­նի «Ս. Ա­մե­նափր­կիչ» վան­քը։ Հ­մա­յո­ւած ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նա­մա­սի զար­դան­կար­նե­րէն եւ ա­նոր կող­քին՝ ժո­ղովր­դագ­րա­կան թան­գա­րա­նի հարս­տու­թե­նէն, ­­Տի­միթ­րա Ս­թա­սի­նո­փու­լու ճամ­բոր­դեց երկ­րի հիւ­սի­սը, իր լու­սան­կար­չա­կան մե­քե­նա­յին մէջ ամ­փո­փե­լու հա­մար «Ս. ­­Թա­դէ»ի եւ «Ս. Ս­տե­փա­նոս»ի պատ­մա­կան վան­քե­րու գրա­ւիչ գե­ղեկ­ցու­թիւ­նը։
«Եր­կու տա­րի ա­ռաջ գտնո­ւե­ցայ ա­րե­ւե­լեան ­­Թուր­քիոյ մէջ, նա­խա­պէս տպա­ւո­րո­ւած ըլ­լա­լով «Ս. ­Խաչ» ե­կե­ղեց­ւոյ ձեռքս հա­սած լու­սան­կա­րէ մը։ Երբ մօ­տէն տե­սայ ե­կե­ղե­ցին, ամ­բողջ մար­մինս ցնցո­ւե­ցաւ։ ­­Բազ­մա­թիւ եր­կիր­ներ ու տե­ղեր ճամ­բոր­դած եմ, սա­կայն, ա­յն կեան­քիս մէջ հան­դի­պած ա­մէ­նէն գե­ղե­ցիկ ե­կե­ղե­ցին էր։ Երբ Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րը տե­սայ, խոր կսկիծ մը պա­տեց ամ­բողջ էու­թիւնս եւ սկսայ դառ­նու­թեամբ լալ։ ­­Կը վախ­նամ, որ տա­րի­ներ ետք, այդ վայ­րե­րուն վրայ ո­չինչ պի­տի մնայ, հա­յու հին քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը յի­շեց­նող ա­մէն տե­սա­կի նշում պի­տի ան­հե­տա­նայ։ Ի­րան կա­տա­րած ճամ­բոր­դու­թիւնս եւ հնա­մեայ վան­քե­րու լու­սան­կա­րու­մը ան­մո­ռա­նա­լի տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րու պար­գեւ մըն էր։ ­Տի­միթ­րա Ս­թա­սի­նո­փու­լու ե­ղաւ ա­ռա­ջին ան­ձը, որ նկա­րա­հա­նեց ­­Պու­թա­նը եւ այդ գոր­ծին հա­մար պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի կող­մէ։ ­Լու­սանկար­չու­թեամբ սկսաւ զբա­ղիլ 50 տա­րե­կա­նին։ Այ­սօր, 17 տա­րի ետք, ան ար­դէն հրա­տա­րա­կած է 5 տպա­գիր եւ 5 ե­լեկտ­րո­նա­յին հա­ւա­քա­ծո­ներ։
«­Յա­ջորդ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րէս մէ­կը պի­տի ըլ­լայ ­­Հա­յաս­տան, հա­ւա­նա­բար՝ յա­ջորդ գար­նան։ Ու­րախ եմ, որ ձեր օ­րա­թեր­թին մի­ջո­ցով, կա­պի մէջ մտայ ­­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քին հետ, օգ­տա­կար դառ­նա­լով, որ­պէս­զի լու­սան­կար­ներս ա­ւե­լի շատ մար­դոց շրջա­նակ­նե­րուն մօտ ծա­նօ­թաց­նեն ձեր երկ­րի ու ժո­ղո­վուր­դի սքան­չե­լի եւ գե­ղե­ցիկ մշա­կոյ­թը։ ­Լու­սան­կար­չա­կան աշ­խա­տանքս սի­րոյ նո­ւի­րո­ւած գործ մըն է։ Ան­չափ ու­րա­խու­թիւն կը հա­մա­կէ հո­գիս, երբ գոր­ծիս ար­դիւն­քը ա­ռի­թը կու տայ մար­դոց՝ ի­րենց ե­րե­ւա­կա­յա­կու­թեամբ ին­ծի հետ միա­սին ճամ­բոր­դե­լու», ը­սաւ մեր բա­րե­կա­մը։