Ճ. Ռ. ­Քիփ­լինկ (1865-1936).

Ճ. Ռ. ­Քիփ­լինկ (1865-1936). Գլ­խա­գիր ՄԱՐ­Դը դառ­նա­լու ա­մա­նո­րեայ մաղ­թան­քը
Ն.

0
1574

­Տա­րո­ւան նա­խա­վեր­ջին օ­րը ծննդեան տա­րե­դարձն է հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան անգ­լիա­ցի հսկա­նե­րէն ­Քիփ­լին­կի, ո­րուն մա­հո­ւան ութ­սու­նա­մեա­կը լրա­ցաւ այս տա­րի։
­Դեկ­տեմ­բեր 30ի այս օ­րը, 151 տա­րի ա­ռաջ, այդ ա­տեն բրի­տա­նա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ գտնո­ւող ­Պոմ­պէ­յի մէջ (Հնդ­կաս­տան), լոյս աշ­խարհ ե­կաւ անգ­լիա­կան գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ դէմ­քե­րէն ­Ճո­զէֆ ­Ռու­տիըրտ ­Քիփ­լինկ, ո­րուն վի­ճա­կո­ւե­ցաւ 1907ին ­Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցած ա­ռա­ջին անգ­լիա­ցի հե­ղի­նա­կը ըլ­լա­լու մե­ծա­րան­քը։
Ան­կախ իր գրա­կան ար­ժա­նա­ւո­րու­թե­նէն, նաեւ՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քին ի նպաստ ա­նոր ցու­ցա­բե­րած զօ­րակ­ցու­թե­նէն, ­Քիփ­լինկ իր տա­ղան­դին ու յու­զաշ­խար­հին նկատ­մամբ յա­տուկ տկա­րու­թեամբ հա­մա­կած է հայ ըն­թեր­ցո­ղին, ո­րով­հե­տեւ «Ե­թէ» խո­րագ­րով ան­մա­հա­ցած ա­նոր աշ­խար­հահռ­չակ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ ­Մու­շեղ Իշ­խա­նի այն­քա՜ն հո­գե­հա­րա­զատ հա­յա­ցու­մով, հա­յու միտքն ու հո­գին կը ջեր­մաց­նէ գլխա­գիր ՄԱՐ­Դու անկրկ­նե­լի սահ­մա­նու­մով ու ա­ռինք­նող բնու­թագ­րու­մով։
Ե­թէ տա­րո­ւան նա­խա­վեր­ջին օ­րը ծնած ըլ­լա­լով ­Քիփ­լինկ ա­մա­նո­րեայ նո­ւէր մը կը նկա­տո­ւի, ա­նոր խո­րա­խոր­հուրդ «Ե­թէ»ն­ ան­կաս­կած ­Նոր ­Տա­րուան լա­ւա­գոյն մաղ­թան­քը փո­խան­ցող պատ­գամ է մարդ­կու­թեան։
«Ե­թէ»ն ­խորհր­դա­ծու­թեան եւ յոյ­զե­րու ամ­բողջ աշ­խարհ մը կը բա­նայ յատ­կա­պէս ա­մա­նո­րեան բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րու այս օ­րե­րուն, ո­րով­հե­տեւ գլխա­գիր ՄԱՐ­Դը սահ­մա­նող ա­մէ­նէն ի­մաս­տա­լից եւ հնչեղ քեր­թո­ւած­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ մի­ջազ­գա­յին գրա­կա­նու­թեան։

ԵԹԷ
(թրգմ՝ ­Մու­շեղ Իշ­խա­նի)

Ե­թէ կրնաս պա­հել գլուխդ ա­ռան­ձին ,
Երբ խու­ճա­պի մէջ է չորս դիդ ա­մէն մարդ,
Ե­թէ կրնաս վստահ ըլ­լալ քու ան­ձին ,
Ե­թէ ու­րիշ­ներ կը կաս­կա­ծին վրադ ,
Ե­թէ կրնաս միշտ սպա­սել ան­ձան­ձիր ,
­Կամ չստել՝ շրջա­պա­տո­ւած սու­տե­րով ,
Ա­տող­նե­րու մէջ ըլ­լալ սի­րա­լիր ,
Ե­թէ կրնաս ըլ­լալ բա­րի , բայց ու­ժով .

Ե­թէ կրնաս դուն ե­րա­զել եւ սա­կայն
­Չըլ­լալ գե­րին ե­րազ­նե­րուդ գե­րիշ­խող ,
­Յաղ­թա­նա­կէն ետք հան­դի­պիլ պար­տու­թեան
Եւ նո՛յն ձե­ւով ըն­դու­նիլ զոյգն այդ խա­բող.
Ե­թէ կրնաս լսել քու խօսքդ վճիտ
­Չա­րա­փո­խո­ւած յի­մար­նե­րու ծու­ղա­կի
Ու խոր­տա­կո­ւած տես­նել մեծ եր­կը կեան­քիդ,
­Բայց վերս­տին զայն շի­նե­լու գաս ծուն­կի .

Ե­թէ կրնաս շա­հը հա­զար ճի­գե­րու ,
­Մէկ հա­րո­ւա­ծով յանձ­նել բախ­տի սե­ղա­նին
Եւ անտր­տունջ ,ա­ռանց եր­բեք ող­բա­լու
­Վերսկ­սիլ ծայ­րէն ա­մէն ինչ կրկին ,
Ե­թէ կրնաս սիրտ ու ջի­ղեր ու մկան
­Մա­շու­մէն ետք նո­րէն լա­րել ան­դա­դար
Եւ դի­մա­նալ ,երբ մե­ռած է ա­մէն բան,
­Բա­ցի կամ­քէն , որ կը մնայ մէջդ վառ .

Ե­թէ կրնաս ար­քա­նե­րու հետ ՝ պար­զուկ ,
Ամ­բո­խին մէջ՝ ա­ռա­քի­նի ըլ­լալ միշտ ,
Ե­թէ թա­ղես կրքի րո­պէն վա­ղան­ցուկ ,
Ե­թէ մար­դիկ ան­զօր են քեզ առ­թել վիշտ
Եւ ա­մէնուն կու­տաս ար­ժէքն իր ար­դար ,
Ե­թէ սի­րես , բայց սի­րոյ խենթ չդառ­նաս .
­Քու՛կդ է Եր­կիրն ու իր գան­ձերն ան­հա­մար
Եւ ա­ւե­լին՝ այն ա­տեն ­Մա՛րդ ես, տղաս:

1910ին գրո­ւած «Ե­թէ»ն ­կը խտաց­նէ ­Քիփ­լին­կի գրա­կան տա­ղան­դին գլխա­ւոր զոյգ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը՝ մտա­ծու­մի խո­րու­թիւնն ու կեն­սա­յորդ զգա­ցա­կա­նու­թիւ­նը։ Իր այդ զոյգ ար­ժա­նիք­նե­րուն հա­մար ­Քիփ­լինկ ար­ժա­նա­ցաւ ­Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի ա­կա­դե­մա­կան դա­տա­կազ­մի յա­տուկ գնա­հա­տան­քին՝ թէ՛ իբ­րեւ ար­ձա­կա­գի­րի եւ թէ՛ իբ­րեւ բա­նաս­տեղ­ծի։
­Քիփ­լինկ սե­րած է ազ­նո­ւա­կան ծնող­քէ։ ­Հայ­րը զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան ղրկո­ւած է Հնդ­կաս­տան, ուր ա­մուս­նա­ցած է 1863 թո­ւին։ Եր­կու տա­րի ետք ծնած՝ ­Քիփ­լինկ հինգ տա­րե­կան էր, երբ այդ ժա­մա­նա­կո­ւան ար­տա­սահ­ման գոր­ծու­ղո­ւած անգ­լիա­ցի­նե­րու սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն՝ իր­մէ եր­կու տա­րե­կան փոքր քրոջ հետ, ­Քիփ­լինկ ղրկո­ւե­ցաւ ­Լոն­տոն, հո­գա­տար ըն­տա­նի­քի մը մօտ ապ­րե­լու եւ տար­րա­կան ու­սում ստա­նա­լու հա­մար։
­Նա­խակր­թա­կան ուս­ման ա­ւար­տին ­Քիփ­լինկ ղրկո­ւե­ցաւ Մ. ­Նա­հանգ­ներ՝ ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար։ Ա­շա­կեր­տա­կան այդ տա­րի­նե­րուն սկսաւ գրել եւ ո­րոշ պատ­մո­ւածք­ներ ու քեր­թո­ւած­ներ ա­տե­նին լոյս ըն­ծա­յեց։ ­Բայց ու­սում­նա­կան իր նի­շե­րը ան­բա­ւա­րար նկա­տո­ւե­ցաւ եւ ան չկա­րո­ղա­ցաւ ի­րա­կա­նաց­նել Օքս­ֆոր­տի հա­մալ­սա­րան անվ­ճար ըն­դու­նո­ւե­լու իր մտադ­րու­թիւ­նը։
­Ճա­րա­հատ, 1880ա­կան­նե­րուն սկիզ­բը, ­Քիփ­լինկ վե­րա­դար­ձաւ Հնդ­կաս­տան, ուր նե­տո­ւե­ցաւ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան աս­պա­րէզ։
­Գաղ­թա­տի­րա­կան բուռն մրցա­պայ­քա­րի ժա­մա­նակ­ներն էին եւ ­Քիփ­լինկ փա­րե­ցաւ ա­ջա­կող­մեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան՝ ա­նոր ա­մէ­նէն հա­մար­ձա­կա­խօս ջա­տա­գով­նե­րէն մէ­կը դառ­նա­լով։ Իր քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին հա­մո­զում­նե­րուն հա­մար, ան շա­րու­նակ քննա­դա­տո­ւե­ցաւ իր ժա­մա­նա­կի անգ­լիա­ցի, ե­րո­պա­ցի թէ ա­մե­րի­կա­ցի մե­ծար­ժէք գրող­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք սա­կայն ոչ մէկ պա­րա­գա­յի հար­ցա­կա­նի տակ ա­ռին ­Քիփ­լին­կի գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բա­ցա­ռիկ տա­ղանդն ու ար­ժէ­քը։
Հնդ­կաս­տա­նը նեղ ե­կաւ ­Քիփ­լին­կի գրա­կան հե­ռան­կար­նե­րուն հա­մար եւ 1889ին ան ո­րո­շեց ­Լոն­տոն տե­ղա­փո­խո­ւիլ։
Եր­կու տա­րի ետք, 1892ի ­Յու­նո­ւա­րին, ­Լոն­տո­նի մէջ, ­Քիփ­լինկ ա­մուս­նա­ցաւ ­Քա­րոյ­լայն (­Քեր­րի) ­Պա­լես­թիէ­րի հետ, որ ու­նե­ւոր ըն­տա­նի­քէ սե­րած էր։ ­Նո­րապ­սակ ա­մո­լը ո­րո­շեց մեղ­րա­լու­սի­նի հա­մար եր­կար ճամ­բոր­դու­թիւն մը կա­տա­րել դէ­պի Մ. ­Նա­հանգ­ներ, հոն­կէ ալ Եո­քո­հա­մա (­Ճա­փոն), ուր ­Պա­լես­թիէր­նե­րը ու­նէին ըն­տա­նե­կան դրա­մա­տուն մը։ ­Բայց դրա­մա­տու­նը ան­յա­ջո­ղու­թեան մատ­նո­ւած էր եւ ­Քիփ­լինկ ո­րո­շեց վե­րա­դառ­նալ Մ. ­Նա­հանգ­ներ, ուր­կէ շա­րու­նա­կեց իր աշ­խա­տակ­ցու­թիւ­նը ա­մե­րի­կեան եւ անգ­լիա­կան մա­մու­լին։
1896ին ­Քիփ­լինկ­նե­րը, ար­դէն եր­կու զա­ւակ­նե­րու ծնող, վերջ­նա­կա­նա­պէս վե­րա­դար­ձան ­Լոն­տոն։ Գ­րա­կան հռչա­կը ա­րա­գօ­րէն կ­’ա­ճէր ­Քիփ­լին­կի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց շուրջ եւ 1907ի ­Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կը ե­կաւ փառ­քով պսա­կադ­րե­լու այդ հռչա­կը։ Այ­նու­հե­տեւ, մին­չեւ 1936 թո­ւա­կա­նի յետ-կար­ճա­տեւ հի­ւան­դու­թեան իր մա­հը, ­Ռու­տիըրտ ­Քիփ­լինկ ան­խոնջ ստեղ­ծա­գոր­ծեց եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան իր ժա­ռան­գու­թիւ­նը հարս­տա­ցուց թէ՛ ար­ձակ, թէ՛ բա­նաս­տեղ­ծա­կան ար­ժէ­քա­ւոր գոր­ծե­րով։
­Քիփ­լինկ մեծ նո­ւա­ճում­ներ ար­ձա­նագ­րեց նաեւ իբ­րեւ ման­կա­կան գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ հե­ղի­նա­կի, ո­րուն The Jungle Book ա­նու­նով պատ­մուածք­նե­րու հա­ւա­քա­ծոն կը հան­դի­սա­նայ գրա­կան այդ սե­ռի դա­սա­կան հարս­տու­թիւն­նե­րէն մէ­կը։
­Քիփ­լինկ մին­չեւ վեր­ջին շունջ շա­րու­նա­կեց նաեւ պայ­քա­րը իր քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին հա­մո­զում­նե­րուն պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար։ ­Թունդ ընդ­դի­մա­խօս մը ե­ղաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տէն ետք թափ ա­ռած հա­մաշ­խար­հա­յին ­Հա­մայ­նա­վա­րու­թեան, ինչ­պէս եւ այս վեր­ջի­նին իբ­րեւ հա­կազ­դե­ցու­թիւն թափ ա­ռած նա­ցիա­կան եւ ֆա­շա­կան շար­ժում­նե­րուն. ­Հիթ­լէր եւ ­Մու­սո­լի­նի նշա­ւակ դար­ձան ­Քիփ­լին­կի քա­ղա­քա­կան խա­րա­նող քննա­դա­տու­թեանց։
­Քիփ­լին­կի ա­նու­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին մօ­տէն կա­պո­ւե­ցաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին, երբ «Ե­թէ»ի հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղ­ծը ան­ձամբ պայ­քար մղեց, որ­պէս­զի Մ. ­Նա­հանգ­նե­րը պե­տա­կա­նօ­րէն ստանձ­նեն հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քէն փիւնի­կի պէս յառ­նող նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան՝ ի­րա­ւա­րար կանգ­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար կեն­սա­կան տա­րած­քի ու սահ­ման­նե­րու հաս­տա­տագ­րու­մին։