­

Կի­րա­կի՝ 12 ­Մարտ 2017ին, ­Գո­մո­թի­նիի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւած Պա­տա­րա­գէն ետք, ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի ­Գո­մո­թի­նիի «Է­րե­բու­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց գնա­հա­տան­քի հա­ւաք մը ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ։ ­Ներ­կայ էին հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ եւ ժո­ղո­վուր­դը։ ­Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց վար­չու­թեան ա­տե­նադ­պիր ընկհ. ­Ռու­զան­նա ­Զոհ­րա­պեան։ Ան յայտ­նեց, թէ սոյն հա­ւա­քը կազ­մա­կերպո­ւե­ցաւ Հ.Օ.Մ.ի «Ե­րա­մեան» կրթան­պաս­տը յանձ­նե­լու, ­Գո­մո­թի­նիէն օ­րին դի­մում կա­տա­րած ու գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցած հա­մալ­սարա­նի ու­սա­նող օրդ. Է­լէ­նի ­Սար­գի­սեա­նին։ Ա­պա Ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկհ. ­Հեր­մի­նէ ­Գու­յում­ճեան, ար­ժա­նա­ւո­րին շնոր­հա­ւո­րե­լէ ետք, յանձնեց գնա­հա­տան­քի գիրն ու նիւ­թա­կան նպաս­տը։ Օրդ. ­Սար­գի­սեան իր կար­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հ.Օ.Մ.ին վե­րոն­շեալ ծրագ­րին համար։ Ետ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։