9 ­Դեկ­տեմ­բե­րի օ­րը ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան (Մ.Ա.Կ.) կող­մէ հաս­տա­տո­ւած է որ­պէս «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու յի­շո­ղու­թեան եւ կար­խար­գիլ­ման օր»։
­Նոյն օ­րը, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ բազ­մա­տե­սակ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով նշո­ւե­ցաւ Ա­րե­ւել­քի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րոնց կար­գին էր նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Ռա­տիօ ­Թե­սա­ղո­նի­կէ» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նի հա­ղոր­դու­մը, ուր ե­լոյթ ու­նե­ցան շրջա­նի Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բի ան­դամ­ներ Ար­մի­նէ ­Մո­սի­նեան եւ Ան­նա-­Մա­րիա Ա­լեք­սա­նեան։
Եր­կու ըն­կե­րու­հի­նե­րը շեշ­տե­ցին Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ կող­մէ կա­տա­րո­ւած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րի ան­պատ­ժե­լիու­թեան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, որ նոյն ցե­ղաս­պա­նին կող­մէ նոր ո­ճիր­ներ գոր­ծե­լու ճամ­բայ բա­ցած է Ար­ցա­խի եւ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դէմ։ Ա­նոնք անդ­րա­դար­ձան Ար­ցա­խի վրայ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մին ու հե­տե­ւանք­նե­րուն, ո­րոնք պատ­ճառ դար­ձան Ար­ցա­խի տա­րածք­նե­րու գրաւ­ման, հայ ժո­ղո­վուր­դի տե­ղա­հան­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի դէմ ոտնձ­գու­թիւն­նե­րու ծա­ւալ­ման։
Եր­կու ե­րի­տա­սարդ խօ­սող­նե­րը նաեւ նշե­ցին մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ցու­ցա­բե­րած ան­տար­բե­րու­թիւ­նը թրքա­կան ո­ճիր­նե­րուն ու Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի կրած տա­ռա­պանք­նե­րուն հան­դէպ։