Ձախէն աջ Պաղտիկեան Մարի, Խաչատրեան Ալեքսանտրա, Ալավերտեան Գարիկ, Թաշճեան - Շեմմաս Սաթենիկ, Գափլանեան Սոֆիա, Մասթրոբանայոթի Իլեքթրա Ուսուցչուհիներ՝ Քիրիաքիտու Էֆի, Աբիկեան Անի, Բեսեքսիտու Էլսա

­Մեր ման­կա­պար­տէ­զի սրտա­ռուչ ու ստեղ­ծա­գործ տա­րեշր­ջա­նը 

Իւ­րա­քան­չիւր դպրո­ցա­կան տա­րեշր­ջա­նի ա­ւարտ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ու յու­զում­նա­խառն խնդու­թեան զգա­ցում­ներ կ­՚արթնց­նէ մեր սիր­տե­րուն մէջ։ Այս յու­զու­մը անն­կա­րագ­րե­լի այն հիա­ցումն է, որ կը ծնի՝ դի­տե­լով մեր փոք­րիկ­նե­րուն ա­մէ­նօ­րեայ աճն ու զար­գա­ցու­մը։ ­Բա­ցա­ռիկ ու­րա­խու­թիւն եւ հպար­տանք է ա­կա­նա­տես ըլ­լալ, թէ ինչ­պէս ա­նոնք օ­րէ օր կը ծաղ­կին, նոր հմտու­թիւն­ներ կը մշա­կեն ու ինք­նավս­տահ քայ­լեր առ­նե­լով կը կեր­տեն ի­րենց ա­պա­գա­յի հի­մե­րը։
Ար­դա­րեւ, մեր հայ կրթօ­ճա­խի կեան­քը կը սկսի այն գուր­գու­րան­քէն, ո­րով կը շրջա­պա­տենք իւ­րա­քան­չիւր փոք­րիկ։ Այս հա­րա­զատ մի­ջա­վայ­րին մէջ է, ուր ե­րե­խան բնա­կան ու սի­րա­լիր ձե­ւով կը բա­ցա­յայ­տէ իր ինք­նու­թիւ­նը, լե­զուն ու շրջա­պա­տը։
­Մեր սի­րե­լի ման­կա­պար­տէ­զը  ջեր­մու­թեամբ ու գոյ­նե­րով լե­ցուն նո­ւի­րա­կան ան­կիւն մըն է, ուր մեր հա­րուստ մշա­կոյ­թը, պատ­մու­թիւնն ու լե­զուն կը բա­ցա­յայ­տո­ւին բնա­կա­նօ­րէն՝ խա­ղի ու կեն­դա­նի փոր­ձա­ռու­թեան ընդ­մէ­ջէն, իսկ մեր փոք­րիկ­նե­րուն վառ ժպիտ­ներն ու զո­ւարթ ձայ­նե­րը կը  շնչա­ւո­րեն մեր ա­ռօ­րեան:
­Մեր ա­մե­նա­մեծ տեն­չանքն է, որ ե­րե­խա­նե­րը, կա­նուխ ու փա­փուկ տա­րի­քէն, ար­ձա­կեն ի­րենց ա­ռա­ջին քաղցր ար­մատ­նե­րը, ո­րոնք պի­տի ջեր­մաց­նեն ի­րենց սիր­տերն ու լու­սա­ւո­րեն ի­րենց կեան­քի ճա­նա­պար­հը։
­Մա­նա­ւանդ հոս՝ սփիւռ­քեան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ճիշդ այս ար­մատ­ներն են, ո­րոնք հայ դպրո­ցը կը վե­րա­ծեն ջեր­միկ ու հա­րա­զատ օ­ճա­խի մը։ ­Հոն, մեր փոք­րիկ­նե­րը կը սոր­վին սի­րել  ի­րենց ծա­գու­մը, պա­հել մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, զորս սի­րով պի­տի փայ­փա­յեն ու ապ­րեց­նեն։
Այս  տես­լա­կա­նը պար­զա­պէս գե­ղե­ցիկ գա­ղա­փար մը չմնաց, այլ դար­ձաւ մեր ա­մէ­նօ­րեայ ներշնչ­ման ու­ղե­ցոյ­ցը՝ վե­րա­ծե­լով կրթա­կան կեան­քը ար­դիւ­նա­ւէտ, լե­ցուն ու ծաղ­կուն ըն­թաց­քի մը, զոր ապ­րե­ցանք որ­պէս մեծ ու հա­րա­զատ ըն­տա­նիք:

­Մեծ մայ­րի­կին ա­ւան­դա­կան եր­գերն ու բա­կի խա­ղե­րը 

Այս գե­ղե­ցիկ ճա­նա­պար­հին խորհր­դան­շա­կան պսա­կու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ 2025-2026 տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տա­կան հան­դէ­սով՝ «­Մեծ մայ­րի­կին ա­ւան­դա­կան եր­գերն ու բա­կի խա­ղե­րը» նիւ­թով։ Այս ձեռ­նար­կը մեզ վե­րա­դար­ձուց մեր ման­կու­թեան ա­կունք­նե­րուն, ուր «­Ծա­ղիկ» եւ «­Կո­կոն» դա­սա­րան­նե­րու զոյգ խում­բե­րը, ձեռք-ձեռ­քի տո­ւած, բե­մա­կա­նա­ցում­նե­րու եւ թա­տե­րա­կան պա­տա­ռիկ­նե­րու մի­ջո­ցով՝ թէ՛ հա­յե­րէ­նով եւ թէ՛ յու­նա­րէ­նով, կեն­դա­նա­ցու­ցին բա­կի զա­նա­զան խա­ղեր։ Ա­նոնք փաս­տե­ցին, որ խա­ղը լա­ւա­գոյն կա­մուրջն է ու­սուց­ման եւ ըն­կե­րայ­նաց­ման հա­մար։
­Յատ­կան­շա­կան է, որ այս գե­ղե­ցիկ նիւ­թը պար­զա­պէս բե­մա­կա­նաց­ման հա­մար չստեղ­ծո­ւե­ցաւ։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը, այս բո­լոր ա­ւան­դա­կան խա­ղերն ու եր­գե­րը, յատ­կա­պէս Ա­նա­հիտ ­Սար­գի­սեա­նի կրթա­կան ծրա­գի­րին ընդ­մէ­ջէն,ներ­կայ էին մեր ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին։ Ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի իւ­րա­քան­չիւր օր, այս ծրա­գի­րը, ինչ­պէս նաեւ մեր շօ­շա­փած բազ­մա­թիւ այլ նիւ­թե­րը, վե­րա­ծո­ւե­ցան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան հա­րուստ ներշն­չա­րա­նի մը։
Ա­նոնք լու­սա­ւոր հո­րի­զոն­ներ բա­ցին թէ՛ մե­զի՝ դաս­տիա­րակ­նե­րուս հա­մար՝ մեր ման­կա­վար­ժա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը հարս­տաց­նե­լու, եւ թէ՛ ե­րե­խա­նե­րուն հա­մար՝ ի­րենց ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը ծաղ­կեց­նե­լու ու նոր, ինք­նա­բուխ խա­ղեր յօ­րի­նե­լու։ ­Մեր ման­կա­պար­տէ­զի ա­մե­նօ­րեայ այս ապ­րում­նե­րը փաս­տե­ցին, որ ու­սու­մը ա­մե­նա­խո­րունկ ձե­ւով կ­՚ար­մա­տա­ւո­րո­ւի, երբ ան կը մա­տու­ցո­ւի խա­ղա­յին մթնո­լոր­տի մէջ։
­Միա­ժա­մա­նակ, բե­մա­կա­նաց­ման այս նիւ­թը մե­զի յի­շե­ցուց, թէ որ­քա՜ն կա­րե­ւոր է մեր ազ­գա­յին ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը կտա­կել սե­րուն­դէ սե­րունդ. ա­նոնք ո՛չ միայն պէտք է պահ­պա­նո­ւին, այ­լեւ դառ­նան կեն­սա­տու աղ­բիւր՝ նոր ու ստեղ­ծա­գործ խա­ղեր ծնունդ տա­լու հա­մար փոք­րիկ­նե­րուն ա­ռօ­րեա­յին մէջ։ Ա­հա՛ հոն է, ուր մեր քաղցր հա­յե­րէ­նը կը վե­րա­ծո­ւի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ու գի­տու­թեան գան­ձա­րա­նի՝ սա­տա­րե­լով հա­յոր­դիի ազ­գա­յին կազ­մա­ւոր­ման եր­կար ու նո­ւի­րա­կան ճա­նա­պար­հին։

­Մեր բազ­մա­կող­մա­նի եւ հա­րուստ կրթա­կան յայ­տա­գի­րը

Այս բո­լո­րին զու­գա­հեռ, մեր ման­կա­պար­տէ­զի կրթա­կան յայ­տա­գի­րը այս տա­րի եւս ե­ղաւ բազ­մա­կող­մա­նի, հա­րուստ ու հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած.

  • ­Յու­նա­րէն լե­զու. Կր­թու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան հրա­հանգ­նե­րուն հա­մա­ձայն, մեր ե­րե­խա­նե­րը ստա­ցան անհ­րա­ժեշտ գի­տե­լիք­ներն ու հիմ­քե­րը՝ նա­խակր­թա­րան մուտք գոր­ծե­լու հա­մար։ Այս ծի­րէն ներս, յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեամբ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցան նաեւ «Հմ­տու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տա­նոց­նե­րը» (Eργαστήρια  Δεξιοτήτων), ո­րոնց շնոր­հիւ մա­նուկ­նե­րը զար­գա­ցու­ցին ի­րենց քննա­դա­տա­կան միտքն ու շնորհք­նե­րը։
  • ­Հա­յե­րէն լե­զու. ­Հիմ­նո­ւե­լով Ա­նա­հիտ ­Սար­գի­սեա­նի «­Ձեռք-ձեռ­քի»՝ կրթա­կան յա­տուկ ծրագ­րին վրայ, հա­յե­րէ­նի պա­հե­րը վե­րա­ծո­ւե­ցան ներշն­չու­մի, խա­ղի եւ ար­դիւ­նա­ւէտ ու­սուց­ման աղ­բիւ­րի, ո­րուն նպա­տակն է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կեն­դա­նի ու հնչեղ պա­հել մեր նոր սե­րուն­դի սիր­տե­րուն մէջ։ ­Մեր մա­նուկ­նե­րը ան­կեղծ հրճո­ւան­քով գրկե­ցին սոյն ծրա­գի­րը, իսկ ա­նոնց լե­զո­ւա­կան յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը ամ­բողջ տա­րո­ւան ու­սում­նա­կան աշ­խա­տան­քին ան­բա­ժան ու գե­ղե­ցիկ ար­դիւնքն է։
  • Անգ­լե­րէն լե­զու. Որ­պէս ա­ռա­ջին հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն եւ ծա­նօ­թու­թիւն, անգ­լե­րէ­նի պա­հե­րը նոյն­պէս ըն­դու­նո­ւե­ցան մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ՝ ստեղ­ծե­լով ե­ռա­լե­զու բնա­կան ու ջերմ մթնո­լորտ մը։

­Մեր յա­տուկ կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րը

­Լե­զո­ւա­կան ու­սուց­ման զու­գա­հեռ, մեր ա­ռօ­րեան հարս­տա­ցաւ ի­մաս­տա­լից յա­տուկ ծրա­գիր­նե­րով, ո­րոնց մի­ջո­ցով մշա­կե­ցինք ե­րե­խա­նե­րուն ստեղ­ծա­գործ միտ­քը, ըն­կե­րա­յին ո­գին, այ­լա­զա­նու­թեան ըն­դու­նու­մը եւ փո­խա­դարձ յար­գան­քը։

­Յի­շա­տա­կե­լի են ­Հա­մա­հել­լէ­նա­կան դպրո­ցա­կան մարմ­նա­մար­զի օ­րը, ­Կեն­դա­նի­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան օ­րո­ւան նո­ւի­րո­ւած մի­ջո­ցա­ռու­մը, ինչ­պէս նաեւ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ­Հա­մա­հել­լէ­նա­կան մրցոյ­թին՝ ­Հաշ­ման­դա­մու­թեան մի­ջազ­գա­յին օ­րո­ւան առ­թիւ՝ նե­րա­ռա­կան տա­րած­քի յա­տուկ նա­խա­տի­պի մը պատ­րաս­տու­թեամբ:
­Մեր մա­նուկ­նե­րուն ջանքն ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ո­գին պսա­կո­ւե­ցան գե­ղե­ցիկ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով, քա­նի որ մեր բո­լոր մաս­նակ­ցու­թիւն­ներն ու ծրա­գիր­նե­րը ար­ժա­նա­ցան յա­տուկ գնա­հա­տան­քի ու մրցա­նակ­նե­րու։
Ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկն այն էր, որ այս բո­լոր ծրա­գիր­նե­րը հա­ւա­սա­րա­պէս ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցան նաեւ հա­յե­րէն լե­զո­ւով։ Այս­պի­սով, մեր մա­նուկ­նե­րը սոր­վե­ցան հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու շուրջ մտա­ծել, ար­տա­յայ­տո­ւիլ  ու զգալ  ի­րենց մայ­րե­նիով` իսկ մենք ան­գամ մը եւս անդ­րա­դար­ձանք,  որ մեր լե­զո­ւով ա­նոնք կրնան այն­քա՜ն շատ բա­ներ ի­րա­գոր­ծել, ստեղ­ծա­գոր­ծել  ու բա­ցա­յայ­տել։

­Փոք­րիկ գրա­սէր­նե­րը եւ ըն­թեր­ցա­սի­րու­թիւ­նը

­Յա­տուկ յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի է ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան ծրա­գի­րը։ ­Տա­րո­ւան ըն­թաց­քին մեր ա­ռօ­րեա­յին ան­բա­ժան մաս­նիկ ե­ղան հայ­կա­կան ու յու­նա­կան հե­քիաթ­նե­րու ըն­թեր­ցում­նե­րը։ Իսկ Ա­մա­նո­րի եւ ­Սուրբ Ծնն­դեան տօ­նե­րէն ետք, կա­նո­նա­ւոր յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ գոր­ծեց գրա­դա­րա­նի գիր­քե­րու փո­խա­տո­ւու­թիւ­նը. մեր մա­նուկ­նե­րը փոխ­նի­փոխ տուն կը տա­նէին հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն գիր­քեր։
Ա­ւե­լի ուշ, օ­րիորդ Է­ֆիի ­Քի­րիա­քի­տո­ւի ջան­քե­րով, մեր ա­շա­կերտ­նե­րը դար­ձան «­Փոք­րիկ գրա­սէր­ներ» (Νηπιοβιβλιοσκώληκες), մաս­նակ­ցե­ցան յա­տուկ ծրա­գի­րի եւ ար­ժա­նա­ցան գե­ղե­ցիկ մրցա­նակ­նե­րու: ­Թէ՛ գրա­դա­րա­նի փո­խա­տո­ւու­թեան կա­նո­նա­ւոր ըն­թաց­քը եւ թէ՛ այս յա­տուկ յայ­տա­գի­րը մե­ծա­պէս սա­տա­րե­ցին մեր մա­նուկ­նե­րուն մէջ արթնց­նե­լու եւ կեր­տե­լու սէ­րը գիր­քին հան­դէպ:
Ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան ար­ժէ­քա­ւոր  ճա­նա­պար­հը գե­ղե­ցիկ պահ մը ապ­րե­ցաւ ­Դեկ­տեմ­բեր ամ­սուն, երբ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը եւ «­Զա­ւա­րեան» նա­խակր­թա­րա­նի բո­լոր դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան  կող­մէ գիր­քի տա­րե­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը։ ­Հոն, գիր­քե­րու հա­րուստ բազ­մա­զա­նու­թեան առ­ջեւ, մա­նուկ­նե­րը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ ընտ­րե­ցին ի­րենց նա­խա­սի­րած գիր­քե­րը՝ տուն տա­նե­լու եւ ըն­թեր­ցա­նու­թեան քաղց­րու­թիւ­նը վա­յե­լե­լու հա­մար։

­Տօ­ներ, ա­ւան­դու­թիւն­ներ եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ

­Միւս կող­մէ, մեր ազ­գա­յին, պե­տա­կան ու ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը ի­մաս­տա­լից եւ ջերմ ա­ռիթ­ներ ե­ղան, որ­պէս­զի ե­րե­խա­նե­րը՝ ի­րենց տա­րի­քին հա­մա­պա­տաս­խան, ապ­րին, հա­ղոր­դո­ւին ու ճա­շա­կեն մեր հա­րուստ պատ­մու­թիւնն ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը։
­Բո­լոր այս տօ­նե­րը, «­Տա­րո­սի­կի»՝ ե­ղա­նակ­նե­րու եւ տօ­նե­րու տա­րե­կան ծրագ­րին  ներշն­չու­մով, հա­մե­մո­ւե­ցան նաեւ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով ու պատ­շաճ ե­կե­ղե­ցա­սի­րու­թեամբ, դառ­նա­լով   ստեղ­ծա­գործ տօ­նախմ­բու­թիւն­ներ մեր մա­նուկ­նե­րուն հա­մար։

Սր­բոց ­Թարգ­ման­չաց տօ­նին առ­թիւ, ներշն­չո­ւե­լով  ծրագ­րի հա­մա­հունչ եր­գէն, փոք­րիկ­նե­րը ստեղ­ծե­ցին «­Հայ­կա­կան տա­ռե­րու ծառ» մը, որ ամ­բողջ տա­րեշր­ջան մը զար­դա­րեց ման­կա­պար­տէ­զի մուտ­քը՝ իբ­րեւ մայ­րե­նի լե­զո­ւի կեն­դա­նի խորհր­դա­նիշ։

Սր­բոց ­Վար­դա­նանց տօ­նին ա­ռի­թով, մեր մա­նուկ­նե­րը խա­ղա­յին ու գրա­ւիչ ձե­ւով ծա­նօ­թա­ցան ­Վար­դա­նանց հե­րոս­նե­րուն։ Ա­նոնք, ո՛չ միայն գծե­ցին հե­րոս­նե­րը եւ ­Հա­յաս­տա­նի լեռ­նե­րը, այ­լեւ մեծ խնդու­թեամբ եր­գե­ցին զա­նոնք փա­ռա­բա­նող եր­գը, ո­րուն քաղցր կշռոյ­թը կ­՚ապ­րէր մեր ա­ռօ­րեա­յին մէջ մին­չեւ ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի վեր­ջին օ­րը։

­Մա­յիս 28-ի ա­ռի­թով, ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան տօ­նի ծի­րէն ներս, փոք­րիկ­նե­րը ապ­րե­ցան մեր ազ­գա­յին ու­րա­խու­թիւ­նը՝ ճա­շա­կե­լով մեր հա­րուստ մշա­կոյթն ու ա­ւան­դոյթ­նե­րը։
Իսկ կրթա­կան պտոյտ­ներն ու այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը զբօ­սանք­ներ չե­ղան, այլ՝ գործ­նա­կան ու­սուց­ման մի­ջոց մը։ Ա­նոնք ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն ամ­րապն­դե­ցին տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ման­կա­պար­տէ­զէն  ներս մշա­կո­ւած բո­լոր նիւ­թե­րը՝ փոք­րիկ­նե­րուն ա­ռիթ տա­լով ճանչ­նա­լու շրջա­պա­տող աշ­խար­հը, բնու­թիւ­նը, ա­րո­ւեստն ու մշա­կոյ­թը։ Այս փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը  ընդ­լայ­նե­ցին ա­նոնց աշ­խար­հա­յեաց­քը, սրե­ցին ա­նոնց հե­տաքրք­րա­սի­րու­թիւ­նը եւ ու­սու­մը վե­րա­ծե­ցին ու­րախ բա­ցա­յայ­տում­նե­րով  լե­ցուն ան­մո­ռա­նա­լի ճամ­բոր­դու­թեան մը։

­Մեր մեծ ըն­տա­նի­քը․ «­Ծա­նօ­թաց­ման օ­րը» 

­Քաղցր ու ան­մո­ռա­նա­լի  յու­շով կը մտա­բե­րենք  նաեւ  Ս. ­Զա­տի­կէն  ա­ռաջ նո­րեկ ծնող­նե­րուն հետ մեր կազ­մա­կեր­պած «­Բաց դռնե­րու-ծա­նօ­թաց­ման օ­րը»։ Այս գե­ղե­ցիկ ա­ռի­թով, հին ու նոր ըն­տա­նիք­նե­րը դար­ձան մէկ ամ­բող­ջու­թիւն՝ միաս­նա­բար դի­մա­ւո­րե­լով այն փոք­րիկ­նե­րը, ո­րոնք յա­ջորդ տա­րի պի­տի յա­ճա­խեն մեր ման­կա­պար­տէ­զը։

­Մեր մա­նուկ­նե­րը․ «­Ծա­ղիկ» եւ «­Կո­կոն» դա­սա­րան­նե­րը

Այս բո­լոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն կո­րի­զը մեր ե­րե­խա­ներն էին։ Այս տա­րո­ւան խում­բը բա­ցա­ռիկ էր իր հա­մե­րաշ­խու­թեամբ։ ­Մեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րը՝ ­Ծա­ղիկ դա­սա­րա­նի սի­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը, ցու­ցա­բե­րե­ցին հա­սու­նու­թիւն եւ սէր. ա­նոնք ար­դէն պատ­րաստ են թե­ւա­ծե­լու դէ­պի նա­խակր­թա­րան՝ դառ­նա­լով մեր վա­ղո­ւան պայ­ծառ յոյսն ու ա­պա­գան։
­Կո­կոն դա­սա­րա­նի ա­նու­շիկ փոք­րիկ­նե­րը, ու­նե­նա­լով մե­ծե­րուն գե­ղե­ցիկ օ­րի­նա­կը, ինք­նա­բե­րա­բար բա­ցո­ւե­ցան, զար­գա­ցան եւ բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ մաս­նակ­ցե­ցան ­Ծա­ղիկ դա­սա­րա­նի ա­ւար­տա­կան հան­դի­սու­թեան: Ա­նոնք յա­ջորդ տա­րի պի­տի շա­րու­նա­կեն շնչա­ւո­րել մեր ման­կա­պար­տէ­զին հա­րա­զատ յար­կը։
Այս բո­լոր ծրա­գիր­նե­րը ի­րա­կա­նու­թիւն չէին դառ­նար ա­ռանց մեր ու­սուց­չա­կան կազ­մին՝ Է­ֆի ­Քի­րիա­քի­տո­ւի, Էլ­սա ­Փե­սեք­սի­տո­ւի եւ ամ­բողջ կրթա­կան ըն­տա­նի­քին մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ներ­դաշ­նակ գոր­ծակ­ցու­թեան ու նո­ւի­րու­մին։

­Մեր սրտա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներն ու ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը

­Մեր խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւնն ու յար­գան­քը կը յայտ­նենք․

  • ­Յու­նա­հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ՝ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նին, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, ինչ­պէս նաեւ Ու­սում­նա­կան, Տն­տե­սա­կան եւ ­Կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն:
  • ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին խար­չու­թեան եւ ­Գո­քի­նիոյ «­Սօ­սէ» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան՝ ի­րենց մայ­րա­կան ներ­կա­յու­թեան եւ ար­ժէ­քա­ւոր նե­ցու­կին հա­մար, ո­րով միշտ կը շրջա­պա­տեն մեր փոք­րիկ­ներն ու դպրո­ցը։
  • ­Սուրբ ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նին, ինչ­պէս նաեւ ­Թա­ղա­յին ու ­Տիկ­նաց մար­մին­նե­րուն․ մեր սրտա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը կը յայտ­նենք այն գե­ղե­ցիկ գոր­ծակ­ցու­թեան, ան­մի­ջա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան հա­մար, որ կը վա­յե­լենք թէ՛ մեր տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին եւ թէ՛ ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին։
  • «­Զա­ւա­րեան» նա­խակր­թա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան՝ տիկ. ­Հայ­կա­նուշ ­Մի­նա­սեա­նին, ո­րուն մշտա­կան քա­ջա­լե­րանքն ու նե­ցու­կը ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ե­ղան մեր բո­լոր ձեռ­նարկ­նե­րուն յա­ջող ի­րա­գործ­ման հա­մար։
  • ­Մեր սի­րե­լի Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան, որ ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին նիւ­թա­պէս եւ բա­րո­յա­պէս՝ ան­դա­դար կանգ­նե­ցաւ մեր կող­քին։
  • ­Մեր խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը կը յայտ­նենք մեր բո­լոր ծնող­նե­րուն՝ ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան, ի­րենց գե­ղե­ցիկ գոր­ծակ­ցու­թեան եւ այն սի­րա­լիր մթնո­լոր­տին հա­մար, ո­րով շրջա­պա­տե­ցին մեզ։

­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք նաեւ․

  • Ծ­նող­ներ՝ ­Քեն­տի­կեան ­Վար­դին՝ իր ան­սա­կարկ ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար,
  • ­Թաշ­ճեան-­Շեմ­մաս Ար­թո­յին՝ դպրո­ցին լու­սար­ձակ (projector) նո­ւի­րե­լուն հա­մար,
  • ­Յով­հան­նի­սեան ­Թա­գու­հիին՝ իր շա­րու­նա­կա­կան քա­ջա­լե­րան­քին հա­մար,
  • ­Տի­կին ­Սիւ­զան ­Տա­տա­մեա­նին, ­Տի­կին ­Լո­ւի­զա Ա­ւա­գեա­նին եւ ­Տի­կին ­Կա­րի­նէ ­Խա­չատ­րեա­նին՝ ի­րենց ցու­ցա­բե­րած մարդ­կա­յին ջեր­մու­թեան եւ ա­մէ­նօ­րեայ պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան հա­մար,
  • «­Զա­ւա­րեան» նա­խակր­թա­րա­նի ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Է­մի­լիա ­Ֆո­լիա­յին՝ հայ­կա­կան մե­ղե­դի­նե­րու գե­ղե­ցիկ ըն­կե­րակ­ցու­թեան հա­մար։

Սր­տանց կը շնոր­հա­ւո­րենք մեր բո­լոր ըն­տա­նիք­նե­րը․ թող մի՛շտ մեծ խնդու­թեամբ վա­յե­լէք ձեր զա­ւակ­նե­րուն յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը։

­Պայ­ծառ գա­լի­քի մաղ­թանք­ներ

Ինչ­պէս ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեան կ’ը­սէր․ «­Մա­նուկ­նե­րը մեր վա­ղո­ւան մե­ծերն են, մեր յոյսն ու ա­պա­գան․ ե­թէ կ’ու­զենք պայ­ծառ գա­լիք մը կեր­տել, պէտք է ա­նոնց հո­գի­նե­րը լեց­նենք լոյ­սով ու սի­րով»։
Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին, մեր փոք­րիկ­նե­րուն ու­րա­խու­թիւնն ու յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը լա­ւա­գոյնս կը ծաղ­կին մեր ման­կա­պար­տէ­զին այն հա­րա­զատ ու ջերմ մի­ջա­վայ­րին մէջ, ուր քաղց­րու­թեամբ կը տրո­ւին ի­րենց կեան­քի ա­ռա­ջին գե­ղե­ցիկ քայ­լե­րը։ Որ­քան ա­ւե­լի սի­րով, հո­գա­տա­րու­թեամբ ու ջեր­մու­թեամբ շրջա­պա­տենք մեր կրթօ­ճախ­նե­րը, այն­քան ա­ւե­լի վստահ կրնանք ըլ­լալ, որ նոր սե­րունդ­նե­րը վա­ղը պի­տի շա­րու­նա­կեն մեծ­նալ եր­ջա­նիկ, կազ­մա­կեր­պո­ւած ու միշտ կա­պո­ւած՝ ի­րենց հա­րա­զատ ար­մատ­նե­րուն։
­Բա­րի՛ երթ դէ­պի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րան՝ մեր սի­րե­լի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն եւ բա­րի վե­րա­մուտ՝ մեր ա­նու­շիկ փոք­րե­րուն։ ­Մեր ան­սահ­ման սէրն ու  մաղ­թանք­նե­րը մի՛շտ պի­տի ըն­կե­րակ­ցին ձե­զի:

­Ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի ԱՆԻ ԱԲԻԿԵԱՆ