Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րոյի Երիտասարդական գրասենեակի «Ամարաս» ծրագիրը արդէն ընթացք առաւ

0
5

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան գրա­սե­նեա­կը կը յայ­տա­րա­րէ «ԱՄԱՐԱՍ» ծրա­գի­րի այս տա­րո­ւան մեկ­նար­կին մա­սին:

«ԱՄԱՐԱՍ»-ը` Հ.Յ.Դ.-ի հո­վա­նիին ներ­քոյ գոր­ծող, քա­ղա­քա­կան, լրա­տո­ւա­կան, ար­խի­ւա­յին եւ մշա­կու­թա­յին բնոյ­թի աշ­խա­տանք տա­նող հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, գրա­սե­նեակ­նե­րու եւ կեդ­րոն­նե­րու մէջ ե­րի­տա­սարդ մար­դու­ժի պատ­րաս­տու­թեան, վար­ժո­ղա­կան եւ փո­խա­նակ­ման այն ծրա­գիրն է, որ ե­զա­կի ա­ռիթ կը ստեղ­ծէ Հ.Յ.Դ.-ի շուրջ հա­մախմ­բո­ւած ե­րի­տա­սար­դու­թեան` դաս­տիա­րա­կու­թեան, փոր­ձի փո­խա­նակ­ման եւ զար­գաց­ման հա­մար: ­Կը նշո­ւի, որ ե­րի­տա­սարդ դի­մոր­դը սահ­մա­նո­ւած ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծով կը մեկ­նի ու­րիշ շրջա­նի մէջ գոր­ծող հա­մա­պա­տաս­խան հաս­տա­տու­թիւն, ուր, փոր­ձա­ռու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, ան­մի­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ աշ­խա­տանք­նե­րուն, կը ծա­նօ­թա­նայ ա­նոր գոր­ծե­լաո­ճին եւ կը հարս­տաց­նէ իր գի­տե­լիք­ներն ու կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը:

«Ծ­րա­գի­րը կը մի­տի փոր­ձա­ռու­թեամբ օժ­տել ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը` պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու վաս­տակ ու­նե­ցող հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ, միա­ժա­մա­նակ կ­՛ա­պա­հո­վէ ա­նոր մաս­նա­գի­տա­կան մա­կար­դա­կի բարձ­րա­ցու­մը: Այս ծրա­գի­րը կը մի­տի նաեւ տո­ւեալ ո­լորտ­նե­րէն ներս ա­պա­գայ աշ­խա­տա­կից­ներ պատ­րաս­տել:

«Ծ­րա­գի­րը կը խրա­խու­սէ ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ փոր­ձի փո­խա­նա­կումն ու կա­պե­րու սեր­տա­ցու­մը, մա­նա­ւանդ երբ մաս­նակ­ցո­ղը կը ծա­նօ­թա­նայ հիւ­րըն­կալ շրջա­նի ազ­գա­յին ու գա­ղու­թա­յին կեան­քին: Այս ճամ­բով, ե­րի­տա­սար­դու­թեան մօտ հա­մա­հայ­կա­կան մտայ­նու­թիւն կը ձե­ւա­ւո­րո­ւի, ինչ­պէս նաեւ միու­թե­նա­կան կեան­քին ընդ­մէ­ջէն անձ­նա­կան ու հա­ւա­քա­կան զար­գա­ցու­մը մղիչ ուժ կը ստա­նայ», կը նշո­ւի յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ:

Ծ­րա­գի­րին կրնան մաս­նակ­ցիլ Հ.Յ.Դ. ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւն­նե­րու նո­ւա­զա­գոյ­նը 2 տա­րո­ւան ան­դա­մակ­ցու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րը, ո­րոնք 18-28 տա­րե­կան են:

­Դի­մում­ներ կա­րե­լի է ներ­կա­յաց­նել մին­չեւ 15 ­Սեպ­տեմ­բեր 2026, իսկ ­Հոկ­տեմ­բե­րի երկ­րորդ կի­սուն կը յայ­տա­րա­րո­ւին ընտ­րո­ւած ա­նուն­նե­րը:

­Մաս­նա­կից­նե­րը պէտք է լրաց­նեն այս դի­մու­մը
https://docs.google.com/forms/d/e/
1FAIpQLSeRkOUfCXhheAPDk2aVTRC5IrNq1pRzDRSGBenKLcnFYj9Bkw/
viewform?usp=publish-editor

Ընտ­րո­ւած հաս­տա­տու­թիւն­ներն են

Ա.- Հ. ­Հայ դա­տի գրա­սե­նեակ­ներ

1.- Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի ­Կեդ­րո­նա­կան գրա­սե­նեակ – ­Հա­յաս­տան, Ե­րե­ւան
2.- Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի Եւ­րո­պա­յի գրա­սե­նեակ – ­Պել­ճի­քա, Պ­րիւք­սէլ
3.- Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի գրա­սե­նեակ – Ա.Մ.Ն., Ո­ւա­շինկ­թըն

Բ.- ­Մա­մուլ / ­Քա­րոզ­չու­թիւն

1.- «Ազ­դակ» օ­րա­թերթ – ­Լի­բա­նան, ­Պէյ­րութ
2.- Այբ Էֆ. Էմ. ռա­տիո­կա­յան – Ֆ­րան­սա, Ալ­ֆոր­վիլ
3.- «Ա­զատ Օր» – ­Յու­նաս­տան, Ա­թէնք
4.- «­Վա­նայ ­Ձայն» – ­Լի­բա­նան, ­Պէյ­րութ
5.- «Armenian Weekly» – Ա.Մ.Ն., ­Պոս­թըն (առ­ցանց)
6.- «Hayrenik Media» – Ա.Մ.Ն., ­Պոս­թըն (առ­ցանց)
7.- ­Հան­րա­յին կա­պեր (META գո­վազ­դի մաս­նա­գէտ) – ­Հա­յաս­տան, Ե­րե­ւան
8.- ­Հան­րա­յին կա­պեր (PR մաս­նա­գէտ) – ­Հա­յաս­տան, Ե­րե­ւան
9.- ­Հան­րա­յին կա­պեր (SMM մաս­նա­գէտ) – ­Հա­յաս­տան, Ե­րե­ւան
10.- ­Հան­րա­յին կա­պեր (YouTube մաս­նա­գէտ) – ­Հա­յաս­տան, Ե­րե­ւան

Գ.- Ու­սում­նա­սի­րա­կան / Ար­խի­ւա­յին

1.- Ա­րեւմ­տա­հա­յոց ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րոն – ­Հա­յաս­տան, Ե­րե­ւան
2.- Հ.Յ.Դ. ար­խիւ­ներ – Ա.Մ.Ն., ­Պոս­թըն
3.- Աշ­խա­տան­քա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան կեդ­րոն – ­Հա­յաս­տան, Ե­րե­ւան

«­Մաս­նա­կից­նե­րը, վե­րեւ տե­ղադ­րո­ւած յղու­մը սեղ­մե­լով կրնան ծա­նօ­թա­նալ իւ­րա­քան­չիւր հաս­տա­տու­թեան աշ­խա­տան­քա­յին բա­ցատ­րա­գի­րին եւ ընտ­րել` հա­մա­ձայն ի­րենց ան­հա­տա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րուն եւ նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րուն», կ­՛եզ­րա­փա­կէ հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը: