Խոր զգացումով եւ հպարտութեամբ՝ Յունաստանի 15 աստիճանաւորներ եւ երէցներ մասնակցեցան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած 13-րդ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ընդհանուր բանակումին, միանալով աշխարհի 26 երկիրներէ՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն ժամանած 900-է աւելի սկաուտներու։
Հայրենիքին մէջ, մեր երիտասարդները ապրեցան անմոռանալի պահեր, ծանօթացան Հայաստանի պատմութեան ու մշակոյթին, այցելեցին եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Եռաբլուրի հերոսներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն՝ Ծիծեռնակաբերդի մէջ։
Անոնք հպարտութեամբ բարձրացուցին Յունաստանի եւ Հայաստանի դրօշները Երեւանի կեդրոնին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ամենաբարձր լերան՝ Արագածի գագաթին վրայ։
Պատմական մրցանիշ մը
809 սկաուտներ կազմեցին աշխարհի ամենամեծ մարդկային սկաուտական զինանշանը (Fleur-de-Lis)՝ սահմանելով Կինեսի Համաշխարհային նոր մրցանիշ մը Հ.Մ.Ը.Մ.-ին համար։
Սակայն, մրցանիշէն անդին, այս ճամբարը եղաւ միութեան, յիշողութեան, ինքնութեան եւ եղբայրութեան մեծ տօն մը։
Աշխարհի չորս ծագերէն հայ երիտասարդներ համախմբուեցան իրենց հայրենիքին մէջ եւ անգամ մը եւս փաստեցին,թէ որքան ալ հեռու ըլլան իրարմէ, իրենց արմատները, պատմութիւնն ու արժէքները կը մնան կենդանի։
Մեր խորին եւ ջերմ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց աջակցութեամբ եւ նուէրներով մասնակից եղան այս կարեւոր նախաձեռնութեան իրականացման։ Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր անհատներուն, միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ բարեկամներուն, որոնք իրենց բարոյական ու գործնական զօրակցութեամբ մեր կողքին գտնուեցան։
Հպարտ ենք մեր 15 հայ սկաուտներով, որոնք իրենց մասնակցութեամբ եւ նուիրումով արժանավայել կերպով ներկայացուցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Յունաստանի ընտանիքը եւ Յունաստանի հայ համայնքը։
Նոր սերունդը կը շարունակէ վառ պահել հայ ժողովուրդի պատմութեան, ինքնութեան եւ տեսլականին լոյսը։
Մէկ ազգ, մէկ ժառանգութիւն, մէկ ոգի։
«Արարատի համար կանգուն»










