Այս տարի եւս, մեծ շուքով նշուեցաւ Քսանթիի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը։ Շաբաթ, 8 Օգոստոս 2026-ին, կատարուեցաւ աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում, ապա եկեղեցւոյ հաւատացեալ տիկիններ սկսան պատրաստել մատաղը։ Նոյն օրուան երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընթրիք եկեղեցւոյ բակին մէջ նախագահութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի։ Կիրակի՝ 9 Օգոստոս 2026-ի, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, սկիզբ առաւ Ս. եւ Անմահ պատարագը, Առաջնորդ Սրբազան հայրը։ Երգեցողութիւնը կատարեցին միացեալ երգչախումբի անդամուհիները, իսկ պատարագին ներկայ էին Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ տիկ. Զապէլ Այվազեան,Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջաններու թաղականութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ շրջանի միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Իր քարոզին մէջ Սրբազան հայրը շեշտեց Աստուծածնայ օրինակելի հաւատքը, հիմնուած Աստուծոյ հանդէպ սիրոյ եւ վստահութեան վրայ եւ ոչ թէ վախի: Ս. պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք եւ խաղողօրհնէք:
Սուրբ Աստուածածնայ տօնը անգամ մը եւս առիթ դարձաւ շրջանի հայութեան համար վերանորոգելու իր ուխտը հանդէպ հայ եկեղեցւոյ եւ տոգորուելու Աստուածամօր մեծ տօնախմբութեան խորհուրդէն։
ԹՂԹԱԿԻՑ










