­Կի­րա­կի, 19 Ապ­րի­լին, Հ.Յ.Դ. ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը, շրջա­նի մարզ­պե­տա­րա­նի հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ի­րա­գոր­ծեց յի­շա­տա­կի ձեռ­նար­կը՝ նո­ւի­րո­ւած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 111-րդ ­տա­րե­լի­ցին։
Ե­լոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս­պա­յից ա­կում­բի հան­դի­սաս­րա­հին մէջ, ար­ժա­նա­նա­լով հա­մայն­քա­յին եւ քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու լայն մաս­նակ­ցու­թեան։
­Ներ­կայ ե­ղաւ եւ խօսք ուղ­ղեց փոխ­նա­րար ­Տի­միթ­րիս ­Կիու­լե­քան։ ­Ներ­կայ էին նաեւ մեծ թի­ւով ե­րես­փո­խան­ներ, քա­ղա­քա­պե­տա­կան եւ մարզ­պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բարձ­րաս­տի­ճան զի­նո­ւո­րա­կան­ներ, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Ե­ղիա Վրդ. ­Մալ­խա­սեան, հայ գա­ղու­թի միու­թե­նա­կան գոր­ծօն­նե­րը եւ մեծ թի­ւով ժո­ղո­վուրդ։
­Բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց ընկ. ­Կիւ­լա ­Պէք­թա­շեան, որ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն եւ ներ­կա­յա­ցուց օ­րո­ւան ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյ­թի նպա­տա­կը՝ շեշ­տե­լով ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կի պահ­պան­ման, պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան պա­հան­ջի եւ նոր սե­րունդ­նե­րուն մէջ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։
Այ­նու­հե­տեւ, քա­ղա­քա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­նե­րը եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ք­րիս ­Ղա­լի­լէաս ի­րենց խօս­քե­րը ուղ­ղե­ցին ներ­կա­նե­րուն՝ ընդգ­ծե­լով յի­շո­ղու­թեան, ճա­նաչ­ման եւ հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման նշա­նա­կու­թիւ­նը։
Օ­րո­ւան կեդ­րո­նա­կան խօ­սողն էր դոկտ. Եոր­ղոս Ք. ­Ֆի­լիս, մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու մաս­նա­գէտ ու հա­մալսա­րա­նա­կան դա­սա­խօս, որ իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ «­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը. պատ­մու­թիւնն ու աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը 20-րդ ­դա­րու եւ 21-րդ» խո­րա­գի­րին՝ ներ­կա­յաց­նե­լով ոչ միայն պատ­մա­կան փաս­տե­րը, այ­լեւ ա­նոնց ազ­դե­ցու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կա­կից մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վրայ։
­Դա­սա­խօ­սու­թե­նէն ետք կա­տա­րո­ւե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան բա­ժին, մեկ­նա­բա­նու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ե­րաժշ­տա­կան միու­թեան փոք­րիկ­նե­րու երգ­չա­խում­բին, որ յու­զիչ մթնո­լորտ ստեղ­ծեց եւ ա­ւե­լի խո­րա­ցուց օ­րո­ւան ի­մաս­տը։
Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին, բո­լոր ներ­կա­նե­րը միաս­նա­բար քայ­լար­շաւ կա­տա­րե­ցին դէ­պի «­Հե­րոս­նե­րու ­Յու­շար­ձան ΑΣΔΗΜ», ուր քա­ղա­քա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­նե­րը եւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, առ ի յար­գանք, դափ­նեպսակ­ներ զե­տե­ղե­ցին՝ յի­շա­տա­կե­լով ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­մեղ զո­հե­րը, մինչ 3 -րդ ­զօ­րա­բա­նա­կի նո­ւա­գա­խում­բը հնչե­ցուց զոյգ ո­գերգ­նե­րը։
Ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյ­թը հան­դի­սա­ցաւ յի­շո­ղու­թեան եւ վե­րար­ժե­ւո­րու­մի կա­րե­ւոր պահ մը, միա­ժա­մա­նակ վե­րա­հաս­տա­տե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պա­հանջ­նե­րը եւ շա­րու­նա­կա­կան պայ­քա­րը՝ ի նպաստ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան ճա­նաչ­ման։

ԹՂԹԱԿԻՑ