Տա­րի մը եւս ան­ցաւ, ի­ր հետ տա­նե­լով յու­նա­հա­յու­թեան հա­մար դժո­ւար եւ կնճռոտ տաս­նա­մեակ մը։
Անց­նող տաս­նա­մեա­կը, թէեւ հա­յու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նին հա­մար նշա­նա­կա­լից հանգ­րուան մը ե­ղաւ իր պատ­մա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին շրջա­դար­ձե­րով, ո­րոնք ի­րենց դրոշ­մը ձգե­ցին հա­յու­թեան ըն­կա­լում­նե­րուն վրայ, այ­սու­հան­դերձ, յու­նա­հայ գա­ղու­թը դառն կեր­պով ճա­շա­կեց ­Յու­նաս­տա­նի տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, որ խո­ցեց երկ­րի բնա­կիչ­նե­րը եւ ան­կէ ան­մասն չմնաց յու­նա­հա­յու­թիւ­նը, թէ՛ որ­պէս ան­հատ քա­ղա­քա­ցի, թէ՛ որ­պէս կազ­մա­կերպ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն։
Ա­նոր դի­մաց, կա­րե­լի չէ չմատ­նան­շել, թէ ճգնա­ժա­մի ա­մէ­նէն տագ­նա­պա­լից օ­րե­րուն, գա­ղու­թի հա­յու­թիւ­նը մեծ ջան­քեր թա­փեց մնա­լու հա­մար միա­հա­մուռ եւ զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու հա­մար հայ­րե­նի­քի ու տե­ղա­կան կա­րիք­նե­րուն, ո­րոնք յատ­կան­շո­ւե­ցան հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու պե­տա­կան պիւտ­ճէի ար­մա­տա­կան նո­ւա­զու­մը դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար գա­ղու­թա­յին հան­գա­նա­կու­թիւն­նե­րով, Ար­ցա­խի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք հայ­րե­նի բա­նա­կի կա­րիք­նե­րուն հա­մար ժո­ղովր­դա­յին գործ­նա­կան լայն ա­ջակ­ցու­թեամբ, ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու դի­մագ­րա­ւած տնտե­սա­կան տագ­նա­պին ա­ռաջ­քը առ­նե­լու հա­մար կա­տա­րո­ւած յոգ­նա­տանջ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան զոյգ 100ա­մեակ­նե­րու փա­ռա­ւոր նշում­նե­րուն ժո­ղովր­դա­յին ան­նա­խըն­թաց մաս­նակ­ցու­թեամբ ու դեռ ա­ւե­լին։
­Տա­րին ան­ցաւ իր հետ տա­նե­լով տաս­նա­մեակն ալ։
­Վա­ղը, կը թե­ւա­կո­խենք նոր տա­րի մը եւ նոր տաս­նա­մեակ մը։
Բ­նա­կա­նա­բար, կա­րե­լի չէ կան­խա­տե­սել պատ­մա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք պի­տի պա­տա­հին յա­ջորդ տա­րի­նե­րուն։
­Սա­կայն, գէթ յու­նա­հայ գա­ղու­թի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման եւ հզօ­րաց­ման հա­մար, կա­րե­լի չէ ձեռ­նածալ մնալ եւ ձգել, որ կա­ցու­թիւն­ներն ու ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը մեզ ա­ռաջ­նոր­դեն անն­պա­տակ ու­ղի­նե­րու ընդ­մէ­ջէն։
­Թեր­թիս սիւ­նակ­նե­րէն եւ պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րուն կող­մէ քա­նիցս կրկնո­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դի­մագ­րա­ւու­մը կա­րե­լի չէ պա­տա­հա­կա­նու­թեան թո­ղուլ։
Ա­ւե­լի քան յստակ են մեր առ­ջեւ ցցո­ւած ընդ­հան­րա­կան հար­ցերն ու դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը։
­Յա­ճախ ը­սո­ւած ու գրո­ւած է, որ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը կա­րո­ղա­ցաւ հաս­նիլ իր գո­յու­թեան 100ա­մեայ սե­մին՝ շնոր­հիւ իր ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րուն, շնոր­հիւ իր ա­մէ­նօ­րեայ մա­մու­լին, շնոր­հիւ ա­մէն օր մե­ղո­ւա­փե­թա­կի նման գոր­ծող ա­կումբ­նե­րուն, իր հո­գե­ւոր կան­գուն հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, ա­մէ­նօ­րեայ միու­թե­նա­կան տքնա­ջան աշ­խա­տան­քին, հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը տու­նե­րէն ներս ապ­րում դարձ­նե­լու հա­մար «յոգ­նե­ցու­ցիչ» յոր­դոր­նե­րուն, նո­ւի­րեալ­նե­րու փա­ղան­գին եւ վեր­ջա­պէս՝ մեր գա­ղու­թին ա­ւիշ ու ա­ւիւն սրսկող նոր սե­րուն­դին։
Այս բո­լո­րը կը նշենք, ո՛չ թէ գե­ղեց­կաց­նե­լու հա­մար հա­մայն­քա­յին պատ­կե­րը։
­Կը նշենք, ո­րով­հե­տեւ մեր գա­ղու­թի հիմ­նա­կան ստո­րո­գե­լի­նե­րը, բա­ղադ­րիչ մաս­նիկ­նե­րը կա­րի­քը ու­նին վե­րա­նո­րոգ­ման, վե­րա­թար­մաց­ման։
­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը կա­րի­քը ու­նի նոր տես­լա­կա­նի մը, ո­րուն նո­ւա­ճու­մը եւ ամ­բող­ջա­ցու­մը կը պա­հան­ջէ ու­ժե­րու վե­րա­նո­րոգ լա­րում, կը պա­հան­ջէ հա­յու­թեան խա­ւե­րու կեդ­րո­նա­ցում, կը պա­հան­ջէ՝ գէթ հա­մազ­գա­յին ի­տեալ­նե­րուն եւ խնդիր­նե­րուն հան­դէպ միաս­նա­կա­նու­թեան ո­գիի դրսե­ւո­րում, բա­ժա­նա­րար գի­ծե­րու վե­րա­ցում, շրջա­հա­յեա­ցու­թիւն եւ լայ­նամ­տու­թիւն։
Ան­գամ մը եւս պի­տի շեշ­տենք, թէ յու­նա­հայ գա­ղու­թը իր ամ­բող­ջու­թեամբ, Ա­թէն­քի մայր հա­մայն­քէն մին­չեւ հիւ­սի­սա­յին եւ հա­րա­ւա­յին մեր կազ­մա­կերպ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը, պէտք է վե­րագտ­նէ հա­ւա­քա­կան մտա­ծու­թիւն մշա­կե­լու իր ան­ցեա­լի կա­րո­ղու­թիւ­նը եւ ու­ժա­նա­կա­նու­թիւ­նը։
­Հա­ւա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն՝ ­Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը մշտա­կան վառ ապ­րում դարձ­նե­լու հա­մար։
­Հա­ւա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն՝ ազ­գա­յին եւ հա­մա­հայ­կա­կան գերխն­դիր­նե­րուն հան­դէպ։
­Հա­ւա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն՝ մեր մայ­րե­նի լե­զո­ւի ու­սուց­ման եւ պահ­պան­ման հա­մար, հա­յու սե­փա­կան ու կրթա­կան օ­ճախ­նե­րէն ներս։
­Հա­ւա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն՝ հայ նոր սե­րուն­դը ի մի հա­ւա­քե­լու, կրթե­լու, դաս­տիա­րա­կե­լու եւ զար­գաց­նե­լու հա­մար։
­Վեր­ջա­պէս, հա­ւա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն՝ հա­մայն­քա­յին գոր­ծե­լաո­ճը բա­բե­լո­նեան աշ­տա­րա­կի մը վե­րա­ծո­ւե­լու վտան­գէն փրկե­լու հա­մար։
Ա­հա, այս մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն, կը դի­մա­ւո­րենք 2020 թո­ւա­կա­նը, մեր աչ­քին առ­ջեւ ու­նե­նա­լով նշա­նա­կա­լից պատ­մա­կան հանգրուան­նե­րու շարք մը։
-Ազ­գո­վին պի­տի նշենք ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 105ա­մեա­կը, որ մեր գա­ղու­թը պէտք է գտնէ պատ­րաստ՝ ան­ցեա­լի միաս­նա­կա­նու­թեան ո­գին վե­րա­կանգ­նած տես­նե­լու սպա­սու­մով։
-Ազ­գո­վին պի­տի նշենք ­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րի 100ա­մեա­կը, որ այ­լեւս ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մի ամ­բող­ջա­ցու­մէն ետք, հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար հա­տուց­ման եւ բռնագրա­ւո­ւած հո­ղե­րու ու ժա­ռան­գու­թեան վե­րա­դար­ձի ազ­դան­շա­նը պի­տի հան­դի­սա­նայ։
-Հ­պար­տու­թեամբ կը բո­լո­րենք յու­նա­հայ գա­ղու­թի օ­րա­թեր­թին՝ «Ա­զատ Օր»ի 75 եր­կար տա­րի­նե­րու ու­ղին, որ իր ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թեամբ դար­ձաւ յու­նա­հա­յու­թեան ող­նա­շա­րը եւ կը շա­րու­նա­կէ կան­գուն պա­հել ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը։
­-Վեր­ջա­պէս, ազ­գո­վին պի­տի պան­ծաց­նենք Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան 130ա­մեայ եր­թը ու ծա­ռա­յու­թիւ­նը, հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի հե­րո­սա­կան օ­րե­րէն մին­չեւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը, նաե՛ւ սփիւռ­քա­ցած հա­յու՝ հայ­րե­նի­քի տես­լա­կա­նով ապ­րե­լու եւ սնա­նե­լու մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մազ­գա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ու այ­սօր՝ հայ­րե­նի հո­ղին վրայ հայ ժո­ղո­վուր­դին բա­րօ­րու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան տես­լա­կան­նե­րու ի­րա­գոր­ծու­մը։

­Նոր տա­րի, նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ, նո­րա­նոր նո­ւա­ճում­նե­րու հո­րի­զոն­ներ։
­Պի­տի մնանք պատ­րաստ ու զգօն, պի­տի մնանք կառ­չած՝ մեր հա­մազ­գա­յին ի­տեալ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման վսեմ ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րուն։

Շ­նոր­հա­ւոր ըլ­լայ հա­յու ­Նոր ­Տա­րին։