­Տխրունի — Յովիկ Տէմիրճեան

0
50

Ան­խու­սա­փե­լի տե­րե­ւա­թա­փը իր հետ կը տա­նի գա­ղու­թա­յին ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ի­րենց դրոշ­մը ձգած անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ստեղ­ծե­լով բաց մը, որ յա­ճախ դժո­ւար կը փո­խա­րի­նո­ւի հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն մէջ։
1 ­Յու­լիս 2026-ին, յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քի մէջ իր աչ­քե­րը փա­կեց ծա­նօթ բժիշկ ­Յո­վիկ ­Տէ­միր­ճեան։ ­Թէեւ ան հա­սած էր իր կեան­քի գրե­թէ մէկ­դա­րեայ հանգ­րուա­նին՝ 96 տա­րե­կա­նին, այ­սու­հան­դերձ կար հայ­րե­նա­կից­նե­րու եւ իր պատ­կա­նած հա­մայն­քի լայն շրջա­նա­կը, որ խոր յար­գանք կը տա­ծէր իր ան­ցեա­լի կա­տա­րած անգ­նա­հա­տե­լի ծա­ռա­յու­թեան հա­մար։
Աս­պա­րէ­զով բժիշկ էր ­Յո­վիկ ­Տէ­միր­ճեան, սա­կայն ան չմնաց սոսկ մաս­նա­գի­տա­կան կո­չու­մին վրայ, պար­զա­պէս՝ բժշկա­կան եր­դում կա­տա­րած սահ­ման­նե­րուն մէջ։ Ան, նախ եւ ա­ռաջ, ներ­քին խոր մղու­մէ մը թե­լադ­րո­ւած, հան­դի­սա­ցաւ բա­ռին բուն ի­մաս­տով՝ ժո­ղո­վուր­դի սրտա­մօ­տիկ բժիշ­կը, ո­րուն դար­մա­նա­տու­նէն ան­ցան հայ եւ յոյն հա­զա­րա­ւոր կա­րի­քա­ւոր­ներ, յա­ճախ նիւ­թա­կան ան­կա­րո­ղու­թեան մէջ մատ­նո­ւած մար­դիկ։
Եր­բեք վե­րէն չե­կաւ հան­գու­ցեա­լը։ ­Մարդ­կա­յին լայն հո­րի­զոն­նե­րու եւ զգա­ցում­նե­րու տէր, բժիշ­կը չա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ վար­ձատ­րու­թեան նկա­տա­ռում­նե­րով, այլ ա­մե­նայն խղճմտու­թեամբ վեր դա­սեց իր մաս­նա­գի­տա­կան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը հան­դէպ հի­ւան­դին, ա­մէն բա­նէ ա­ւե­լի բարձր հա­մա­րե­լով մարդ­կա­յին կեան­քը փրկե­լու իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, որ բժշկա­կան կազ­մա­ւոր­ման ա­ռա­ջին եւ ա­մե­նէն կա­րե­ւոր նա­խադ­րեալն է գի­տու­թեան աշ­խար­հին մէջ։
­Բո­լո­րէն սի­րո­ւե­ցաւ ­Յո­վիկ ­Տէ­միր­ճեան։ Այս յար­գան­քը նո­ւա­ճեց ո՛չ միայն իր աս­պա­րէ­զին պատ­ճա­ռով, այլ ո­րով­հե­տեւ վաղ տա­րի­քէն կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ հո­գե­ւոր ու քրիս­տո­նէա­կան ա­նա­ղարտ սկզբունք­նե­րով, ո­րոնց մե­ծա­գոյն դաս­տիա­րա­կը հան­դի­սա­ցաւ իր իսկ հայ­րը՝ վե­րա­պա­տո­ւե­լի Գ­րի­գոր ­Տէ­միր­ճեան։
­Հան­գու­ցեա­լը ծնած էր ­Գո­քի­նիա՝ 1931-ին։ ­Փոքր հա­սա­կէն իր նկա­րա­գի­րը կռա­նեց ­Գո­քի­նիոյ ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մի­ջա­վայ­րին մէջ, հե­տե­ւե­լով իր հօր հո­գե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան եւ դաս­տիա­րակ մօր՝ Ա­տել ­Տէ­միր­ճեա­նի կրթա­կան ծա­ռա­յու­թեան։ ­Կա­նու­խէն մաս­նակ­ցե­ցաւ հա­մայն­քա­յին կեան­քին, դառ­նա­լով ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րի­տա­սար­դա­կան խում­բի վար­չա­կան ան­դամ, միա­ժա­մա­նակ՝ ան­սահ­ման սէր ցու­ցա­բե­րեց ոտ­նագն­դա­կի մար­զին հան­դէպ։
Եր­կար տա­րի­նե­րով մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Գո­քի­նիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ոտ­նագն­դա­կի խում­բին, եւ հին սե­րուն­դի վկա­յու­թեամբ, համ­բաւ վաստ­կեց դաշ­տե­րէն ներս, որ­պէս լա­ւա­գոյն մար­զիկ­նե­րէն մէ­կը։ ­Նոյ­նիսկ, ան վո­լէյ­պո­լի աչ­քա­ռու մար­զիկ մը դար­ձաւ, մաս­նակ­ցե­լով ա­մառ­նա­յին մրցա­խա­ղե­րուն հին «­Զա­ւա­րեան»-ի մար­զա­դաշ­տին մէջ։ Ինչ­պէս ինք կը պատ­մէր, իր մար­զա­կան աս­պա­րէ­զը մէ­կընդ­միշտ վաղ կա­սե­ցում մը ու­նե­ցաւ, երբ ծանր վի­րա­ւո­րուե­ցաւ դաշ­տին վրայ եւ ստի­պո­ւե­ցաւ իր մար­զա­կան զգես­տը կա­խել։
­Յո­վիկ ­Տէ­միր­ճեա­նին մէջ վա­ռե­ցաւ բժշկա­կան գի­տու­թեան կայ­ծը ու այս­պէս՝ ու­սա­նե­ցաւ Ա­թէն­քի հա­մալ­սա­րա­նի բժշկա­կան դպրո­ցը ու դար­ձաւ վի­րա­բուժ։ 40 տա­րի ան­դա­դար իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը մա­տու­ցեց ­Նի­քէա­յի պե­տա­կան հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ, միա­ժա­մա­նակ ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէկ գրա­սե­նեա­կը դար­ձաւ իր դար­մա­նա­տու­նը, ուր­կէ ան­ցան ան­թիւ կա­րի­քա­ւոր­ներ եւ ստա­ցան հայ բժիշ­կին խնամ­քը։ Իր համ­բա­ւը տա­րա­ծո­ւե­ցաւ գա­ղու­թին մէջ, ա­նոր բժշկա­կան փոր­ձա­ռու­թեան դի­մե­ցին մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ստա­նա­լով ոչ միայն խնամք, այ­լեւ հայ­րե­նակ­ցա­կան գուր­գու­րանք ու ազ­նիւ մա­տու­ցում։
Ա­մուս­նա­ցած էր Ա­նի ­Գը­լը­ճեա­նի հետ, միա­սին ապ­րե­լով վեց տաս­նա­մեա­կի միա­ցեալ եր­ջա­նիկ կեանք մը։ ­Հա­մակ սէր եւ գուր­գու­րանք տա­ծե­ցին ի­րենց ան­մի­ջա­կան հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ա­նոնց զա­ւակ­նե­րուն հան­դէպ։
Թր­ծո­ւած ըլ­լա­լով հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի մթնո­լոր­տին մէջ, սնուած ըլ­լա­լով նաեւ իր ի­մաս­տա­գէտ հօր մտա­յին պա­շա­րով, ան տե­ւա­բար մնաց ե­կե­ղեց­ւոյ վար­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ռա­ջին շար­քին, ջա­նա­լով ու տքնե­լով հո­գե­ւոր հաս­տա­տու­թեան ու ա­նոր եր­բեմ­նի կրթա­կան գոր­ծու­նէու­թեան յա­րա­տեւ­ման հա­մար։
­Հեզ ու խո­նարհ նա­յո­ւած­քով, միա­ժա­մա­նակ ար­դա­րա­միտ, պար­կեշտ եւ ու­ղիղ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր, հե­ռու շո­ղո­քոր­թու­թե­նէ կամ սնա­պար­ծու­թե­նէ։ Մ­նաց ազ­նիւ մարդ­կա­յին կեր­պար մը, խո­հուն ու սրա­միտ մօ­տե­ցու­մով, իր շուրջ ջերմ ըն­կե­րա­յին մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու բնա­տուր կա­րո­ղու­թեամբ։
­Թաղ­ման պաշ­տա­մուն­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ուր­բաթ, 3 ­Յու­լի­սին, ­Գո­քի­նիոյ ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Իր կող­քին էին Ֆ­րան­սա­յէն վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Ռը­նէ ­Լե­ւո­նեան եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն հո­գե­ւոր քա­րո­զիչ ­Սամուէլ ­Մա­յի­լեան։ ­Նաեւ, յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցեց ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան։ Եր­կու վե­րա­պա­տո­ւե­լի­նե­րը ար­տա­սա­նե­ցին դամ­բա­նա­կան խօս­քեր, նաեւ կար­դա­ցո­ւե­ցաւ ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ­Հայ ա­ւետ. ե­կե­ղե­ցի­նե­րու վար­չու­թեան նա­խա­գահ վեր. ­Փոլ ­Հայ­տոս­թեա­նի ցա­ւակ­ցա­կան գի­րը։
­Հուսկ, հան­գու­ցեա­լի մար­մի­նը ամ­փո­փո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի Ա. գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։
Այս քա­նի մը կեն­սագ­րա­կան գի­ծե­րը ան­թա­ռամ պա­հեն հան­գու­ցեալ ­Յո­վիկ ­Տէ­միր­ճեա­նի յի­շա­տա­կը։

Ք.Է.