«Խոստումը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը

Յունաստանի տարածքին կը սկսի «Խոստումը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը

0
22216

The Promise 

­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին կը սկսի «­Խոս­տու­մը» ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թիւ­նը 

­Յա­ռա­ջի­կայ ­Հինգ­շաբ­թի՝ 12 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, ­Յու­նաս­տա­նի բազ­մա­թիւ շար­ժա­պատ­կե­րի սրահ­նե­րու մէջ, կը սկսի The Promise «­Խոս­տու­մը» ժա­պա­ւէ­նին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը։
Ա­մե­րի­կա­յի, ­Գա­նա­տա­յի, ­Լոն­տո­նի, ­Վա­տի­կա­նի եւ տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ ար­դէն ցու­ցադ­րո­ւած ժա­պա­ւէ­նը իր յա­ջող ըն­թաց­քը ա­պա­հո­ված է՝ յաղ­թա­հա­րե­լով թրքա­կան լո­պիի հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը, նոյ­նիսկ ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թիւ­նը խա­փա­նե­լու բազ­մա­թիւ փոր­ձե­րը։

­Ժա­պա­ւէ­նը պի­տի ցու­ցադ­րո­ւի հե­տե­ւեալ սրահ­նե­րուն մէջ։
­Թե­լադ­րե­լի է շու­տով այ­ցե­լել, մեր յոյն բա­րե­կամ­նե­րուն հետ

12 Οκτωβρίου

ΑΠΟΛΛΩΝ ΚΑΒΑΛΑ
ΑΠΟΛΛΩΝ ΚΟΡΙΝΘΟΣ
ΑΝΕΣΙΣ ΜΑΛΕΣΙΝΑ
ΕΥΚΑΡΠΙΔΗΣ ΚΑΤΕΡΙΝΗ
ΣΤΑΡ ΒΕΡΟΙΑ
MEGAPLACE XANIA
ΒΙΚΤΩΡΙΑ ΛΑΡΙΣΑ
CINEMA AMALIADA
Β.ΚΟΡΝΑΡΟΣ ΗΡΑΚΛΕΙΟ
ΤΕΧΝΟΠΟΛΙΣ ΗΡΑΚΛΕΙΟ
ΕΛΛΗΝΙΣ ΧΑΝΙΑ
ΟΛΥΜΠΙΟΝ ΚΟΖΑΝΗ
ΟΡΦΕΥΣ ΠΥΡΓΟΣ
ΤΗΛΕΜΑΧΟΣ ΤΡΙΚΑΛΑ
CINEPLEXX ΘΕΣΣ/ΚΗ
ΒΑΚΟΥΡΑ ΘΕΣΣ/ΚΗ
ΚΟΛΟΣΣΑΙΟΝ ΘΕΣΣ/ΚΗ
CINEVILLE ΤΡΙΠΟΛΗ
ΜΙΝΩΑ ΣΗΤΕΙΑ
PREMIERE XIOS
ΟΛΥΜΠΙΑ ΔΡΑΜΑ
ΚΡΟΝΙΟΝ ΣΕΡΡΕΣ
ΠΑΝΘΕΟΝ ΠΑΤΡΑ
ΠΑΝΤΕΛΗΣ ΡΕΘΥΜΝΟ
ODEON TALOS
ODEON PARALIMNIO
ODEON XANTHI
ODEON KOMOTHNH
ODEON MAKEDONIA
ODEON STARCITY
ODEON VESOMARE
VILLAGE RENTI
VILLAGE FALIRO
VILLAGE MALL
VILLAGE COSMOS
ΟΝΕΙΡΟ ΡΕΝΤΗ
ΣΤΟΥΝΤΙΟ ή AΛΚΥΟΝΙΣ
ΑΝΟΙΞΙΣ ΧΑΙΔΑΡΙ
ΟΝΑΡ
ΑΛΕΞΑΝΔΡΑ ΧΑΛΑΝΔΡΙ
ΤΑΙΝΙΟΘΗΚΗ
ΛΑΜΠΡΟΣ ΚΩΝΤΑΝΤΑΡΑΣ
ΟΣΚΑΡ
3 ΑΣΤΕΡΙΑ
ΑΙΓΛΗ ΧΑΛΑΝΔΡΙ
ΑΘΗΝΑΙΟΝ
CINEPOLIS
NANA
ΣΠΟΡΤΙΓΚ
ΑΕΛΛΩ
ΚΗΦΙΣΙΑ

19 Οκτωβρίου

ΗΛΥΣΙΑ ΑΛΕΞ/ΠΟΛΗ
ΦΕΣΤΙΒΑΛ ΝΑΟΥΣΑΣ
CINEMACENTER SPARTI
ΓΑΛΑΞΙΑΣ ΛΑΜΙΑ
CINECENTER KALAMATA
ΟΡΦΕΥΣ ΚΩΣ
ΦΩΣΚΟΛΟΣ ΖΑΚΥΝΘΟΣ

26 — 29 Οκτωβρίου

CINELUX ΦΙΛΙΑΤΡΑ
VILLAGGIO SANTORINI

Ա­հա թէ ինչ կ­’ը­սեն ­Հո­լի­վու­տի ա­նո­ւա­նի աստ­ղե­րը ժա­պա­ւէ­նի մա­սին.-

­Շէր (­­Շե­րի­լին ­­Սար­գի­սեան) ծա­գու­մով հայ է: ­­Ժա­պա­ւէ­նը դի­տե­լէն ետք, ան իր թո­ւի­թը­րեան է­ջին մէջ գրած էր.- «Այս ժա­պա­ւէ­նը կոտ­րեց սիրտս, եւ ոչ միայն հա­յե­րու հա­մար, այլ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք տա­ռա­պած են, կորսն­ցու­ցած են ի­րենց սի­րե­լի­նե­րը: ­­Մենք բո­լորս ծա­ղիկ­ներ ենք, ո­րոնք գե­ղե­ցիկ են փուն­ջի մէջ»:

­Հո­լի­վու­տեան դե­րա­սան ­­Ճորճ Ք­լու­նի եւ ա­նոր կի­նը` մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան Ա­մալ Ք­լու­նի, ներ­կայ գտնո­ւած են ժա­պա­ւէ­նի լոն­տո­նեան ցու­ցադ­րու­թեան: Ա­մալ Ք­լու­նի յայտ­նի է թրքա­կան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան դէմ փաս­տա­բա­նա­կան իր նշա­նա­կա­լի ներդր­մու­մով:

­Լէո­նար­տօ տի ­­Քափ­րիօ իր ֆէյս­պու­քեան է­ջին մէջ գրած էր.- «Օս­քար Այ­զեք, Ք­րիս­թիան ­­Պէյլ եւ ­­Շար­լոթ լէ ­­Պոն, ­­Թե­րի ­­Ճոր­ճի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, անկրկ­նե­լի ներ­կա­յա­ցում բե­մադ­րած են «­­Խոս­տու­մը» ժա­պա­ւէ­նին մէջ: Կ­­՛ող­ջու­նեմ ամ­բողջ խում­բը` ա­ռաս­պե­լա­կան ար­տադ­րող ­­Մայք ­­Մե­տա­ւո­յի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ո­րուն տա­ղանդն ու նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւ­նը կեան­քի կո­չե­ցին այս կա­րե­ւոր ծրա­գի­րը»:

«Ես կը միա­նամ «­­Խոս­տու­մը» ժա­պա­ւէ­նին ու կը խոս­տա­նամ եր­բեք չմոռ­նալ»,- իր թո­ւի­թը­րեան է­ջին մէջ գրած էր երգ­չու­հի ­­Պարպ­րա Սթ­րէյ­զընտ:

Էլ­թըն ­­Ճոն թո­ւի­թը­րի իր է­ջին մէջ գրած էր.- «Ու­րախ եմ յայ­տա­րա­րե­լով «­­Խոս­տու­մը» ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադր­ման մեկ­նար­կին մա­սին: ­­Ժա­պա­ւէ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մու­թիւ­նը: ­­Կը միա­նամ «­­Խոս­տու­մը» պա­հե­լու շարժ­ման եւ կը խոս­տա­նամ պաշտ­պա­նել մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը, ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը եւ հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը: ­­Շատ ու­րախ եմ, որ ժա­պա­ւէ­նի ամ­բողջ հա­սոյ­թը պի­տի օգ­տա­գոր­ծո­ւի բա­րե­գոր­ծա­կան նպա­տա­կով, քա­նի որ կը կար­ծեմ, թէ ոչ ոք պէտք է լքո­ւի»:

­Սիլ­վես­թըր Ս­թա­լո­նէ, անդ­րա­դառ­նա­լով ժա­պա­ւէ­նին, գրած էր.- «Ար­տա­կարգ ժա­պա­ւէն պի­տի ցու­ցադ­րո­ւի: ­­Սա այն­պի­սի նիւթ է, որ­մով հիա­ցած եմ տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր, եւ շատ տա­րի­ներ պէտք էին՝ զայն ժա­պա­ւէ­նի վե­րա­ծե­լու հա­մար: ­­Սա ճշմա­րիտ եւ ան­հա­ւա­տա­լի կա­րե­ւոր պատ­մա­կան ող­բեր­գու­թիւն է, որ ու­նի բո­լոր իւ­րօ­րի­նակ բա­ղադ­րիչ­նե­րը, ո­րոնք կրնան ժա­պա­ւէ­նը բարձ­րաց­նել «Օս­քար»ի մա­կար­դա­կին: Ք­րիս­թիան ­­Պէյլ եւ Օս­քար Այ­զեք ի­րենց դե­րե­րը կա­տա­րեալ կը խա­ղան: Ա­ռանձ­նա­կի պէտք է նշել նաեւ ա­ռաս­պե­լա­կան ար­տադ­րող ­­Մայք ­Մե­տա­ւո­յի դե­րը, որ կրցաւ այս ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չել»:

Ա­նո­ւա­նի թե­նի­սիստ Անտ­րէ Ա­ղա­սի նոյն­պէս իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նած է ժա­պա­ւէ­նին: «Ու­րախ եմ, որ ­­Քըրք ­­Քըր­քո­րեա­նի մտադ­րու­թիւ­նը կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ: Օգ­նե­ցէք ին­ծի պա­հե­լու ա­նոր «­­Խոս­տու­մը»,- թո­ւի­թը­րի մէջ գրած էր թե­նի­սիս­տը: ­Ժա­պա­ւէ­նին իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նած է նաեւ դե­րա­սան ­­Թո­նի ­­Կոլ­տո­ւին: Ան թո­ւի­թը­րի մէջ գրած է.- «­­Կը կա­տա­րենք «­­Խոս­տու­մը»` ա­մէն օր հոգ տա­նե­լով մեր մտե­րիմ­նե­րուն: ­­Ժա­պա­ւէ­նին ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը` Ապ­րիլ 21ին, իսկ ամ­բողջ հա­սոյ­թը պի­տի ուղ­ղո­ւի բա­րե­գոր­ծու­թեան»:

­Յայտ­նի հո­լի­վու­տեան դե­րա­սան ­­Ռա­յեան ­­Կոս­լինկ միա­ցած է ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին «­­Խոս­տու­մը» ժա­պա­ւէ­նին նո­ւի­րո­ւած քա­րո­զար­շա­ւին: Ան «կա­տա­րէ խոս­տումդ» գրած է` ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նե­լով մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ­­Քոն­կո­յի մէջ: ­­Կոս­լինկ տե­սա­հո­լո­վակ հրա­պա­րա­կած է Twitterի մէջ այդ մա­սին: «­­Պա­տե­րազ­մը ­­Քոն­կո­յի մէջ ա­մե­նա­մա­հա­բե­րը դար­ձաւ Երկ­րորդ ­­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­­Պա­տե­րազ­մէն ետք: ­­Կը խոս­տա­նամ կա­տա­րել խոս­տումս` սա­տա­րել մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ­­Քոն­կո­յի մէջ»,- ը­սած է ­Կոս­լինկ: