­Յա­րութ ­Սա­սու­նեան
«­Քա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիըր»

Ա­մէն տա­րի հա­յերն ու թուր­քե­րը շուն­չեր­նին բռնած կը սպա­սեն, որ տես­նեն՝ ար­դեօք ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հը իր ա­մե­նա­մեայ ապ­րիլ-քսան­չոր­սեայ ու­ղեր­ձին մէջ պի­տի օգ­տա­գոր­ծէ՞ «ցե­ղա­սա­պա­նու­թիւն» բա­ռը, հա­յե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին ջար­դե­րը նկա­րագ­րե­լու հա­մար:
­Սա­կայն ա­նոնք կար­ծես թէ կը մոռ­նան, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ ոչ միայն ճանչ­ցած են ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, այ­լեւ այդ­պէս ը­րած են բազ­միցս, ա­մէ­նէն բարձր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ. ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու պա­լա­տը եր­կու ան­գամ ճանչ­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, 1975 եւ 1984 թո­ւա­կան­նե­րուն: ­Նոյն բա­նը ը­րած է նա­խա­գահ ­Ռե­կըն՝ 1981ի Ապ­րիլ 22ին, իր նա­խա­գա­հա­կան թիւ 4838 հռչա­կագ­րով: Իսկ ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը՝ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան ­Մի­ջազ­գա­յին ­Դա­տա­րան (­Մի­ջազ­գա­յին ­Դա­տա­րան) ներ­կա­յա­ցու­ցած իր զե­կույ­ցին մէջ, 1951ին:
­Հե­տե­ւա­բար, այս բո­լոր ճա­նա­չում­նե­րէն ետք, ինչ­պէս որ ես բազ­միցս նշած եմ իմ խմբագ­րա­կան­նե­րուս մէջ, հա­յե­րը այ­լեւս ճա­նաչ­ման լրա­ցու­ցիչ կա­րի­քը չու­նին ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հի կամ ­Քոնկ­րէ­սի կող­մէ:
Այս տա­րի շա­տե­րը հե­տաքր­քո­ւած էին, թէ ար­դեօք Թ­րամփ ընդ­հան­րա­պէս հան­դէս կու գա՞յ ու­ղեր­ձով Ապ­րիլ 24ի կա­պակ­ցու­թեամբ եւ ար­դեօք կ­՛օգ­տա­գոր­ծէ՞ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րը: Այն բա­նէն ետք, երբ 84 քոնկ­րէ­սա­կան­ներ հա­մա­տեղ նա­մա­կով դի­մե­ցին Թ­րամ­փի, եւ ­Քա­լի­ֆոր­նիա­յէն ­Մայք ­Սա­րեա­նի նման ան­հատ­ներ, ո­րոնք կա­պո­ւե­ցան Թ­րամ­փի վար­չա­կազ­մի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­նե­րու հետ՝ յոր­դո­րե­լով նա­խա­գա­հին ճանչ­նալ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, Ս­պի­տակ ­Տու­նը Ապ­րիլ 24ին հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թեամբ, հրա­ժա­րե­լով զայն ա­նո­ւա­նել «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն»:
­Լաւ լու­րը այն է, որ հա­շո­ւի առ­նե­լով Թ­րամ­փի հայ­կա­կան հար­ցե­րուն ծա­նօթ չըլ­լա­լու եւ ո­րե­ւէ քա­րոզ­չա­կան խոս­տում չտա­լու հան­գա­ման­քը, Թ­րամ­փի վար­չա­կազ­մը ամ­բող­ջու­թեամբ չան­տե­սեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լի­ցը եւ այս յա­տուկ օ­րը նշեց յայ­տա­րա­րու­թեամբ, ինչ­պէս ը­րած են նա­խորդ քա­նի մը նա­խա­գահ­նե­րը: Թ­րամ­փի յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նշո­ւած են ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հիմ­նա­կան փաս­տե­րը՝ հա­յե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին ջար­դե­րը ներ­կա­յաց­նե­լով որ­պէս «20րդ ­դա­րու զան­գո­ւա­ծա­յին վատ­թա­րա­գոյն վայ­րա­գու­թիւն­նե­րէն մէ­կը: Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան գո­յու­թեան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն՝ 1915 թո­ւա­կա­նէն սկսեալ, մէ­կու­կէս մի­լիոն հա­յեր զոհ գա­ցած են տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րուն, կո­տո­րած­նե­րուն կամ մա­հո­ւան եր­թե­րուն»:
­Մինչ հա­յե­րը հիաս­թա­փո­ւած են, որ Թ­րամփ խու­սա­փե­ցաւ օգ­տա­գոր­ծե­լէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րը, թուր­քե­րը ցնծա­լու ոչ մէկ պատ­ճառ ու­նին: Ընդ­հա­կա­ռակն, ա­նոնք պէտք է ամչնան, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հը ի­րենց նախ­նի­նե­րը կը մե­ղադ­րէ «20րդ ­դա­րու զան­գո­ւա­ծա­յին վատ­թա­րա­գոյն վայ­րա­գու­թիւն­նե­րէն մէ­կը» ի­րա­գոր­ծած ըլ­լա­լու յան­ցան­քով եւ կը յի­շա­տա­կէ մէ­կու­կէս մի­լիոն հա­յե­րու ջար­դը, զոր թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը ժխտէ մին­չեւ օրս…
Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, վատ լու­րը այն է, որ Թ­րամփ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը, ըստ ո­րուն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը չի ճանչ­նար որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն: Թ­րամ­փի օգ­նա­կան­նե­րը պար­զա­պէս ըն­դօ­րի­նա­կած էին այն գրու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց­մով հան­դէս ե­կած էր Օ­պա­ման՝ ութ տա­րի շա­րու­նակ, եւ ան­կէ ա­ռաջ նա­խա­գահ­ներ ­Պուշ եւ Ք­լին­թըն՝ ա­տոնց շար­քին յի­շա­տա­կե­լով «­Մեծ Ե­ղեռն» եզ­րը, որ հա­յե­րէն բա­ցի ոչ ոք կը հասկ­նայ, եւ ըստ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի՝ ի­րա­ւա­կան նշա­նա­կու­թիւն չու­նի ինչ­պէս genocide եզ­րը կամ հա­յե­րէ­նով նոյն՝ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռը: «­Մեծ Ե­ղեռն»ի կի­րա­ռու­մը սոսկ խո­րա­մանկ հնարք է խու­սա­փե­լու հա­մար «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռէն:
­Նա­խա­պէս ես այն դիր­քո­րո­շու­մը ու­նէի, որ ե­թէ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հը չի կրնար ճանչ­նալ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ա­պա ան պէտք չէ վի­րա­ւո­րէ հայ զո­հե­րու յի­շա­տա­կը եւ ա­մե­րի­կա­հա­յե­րու բա­նա­կա­նու­թիւ­նը (intellect), զայն յի­շա­տա­կե­լով որ­պէս «ող­բեր­գու­թիւն» եւ «վայ­րա­գու­թիւն­ներ»: Երբ Թ­րամ­փի մա­մու­լի խօս­նակ ­Շան Ս­փայ­սը­րի հար­ցու­ցին Ս­պի­տակ ­Տան ապ­րիլ-քսան­չոր­սեայ ու­ղեր­ձին մէջ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րի բա­ցա­կա­յու­թեան մա­սին, ան շնա­կա­նօ­րէն պա­տաս­խա­նեց, որ «այդ հա­մա­հունչ է այն լե­զո­ւին, որ կրկին ու կրկին կի­րա­ռո­ւած է [նախ­կին նա­խա­գահ­նե­րու կող­մէ]»: Ապ­շե­ցու­ցիչ է, որ Թ­րամփ, որ միշտ կը հպար­տա­նայ իր ան­կախ միտ­քե­րը բարձ­րա­ձայ­նե­լով եւ խստօ­րէն կը քննա­դա­տէ նա­խորդ նա­խա­գահ­նե­րու թե­րու­թիւն­նե­րը, յան­կարծ ինք­զինք հպարտ կը զգայ՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին ա­նոնց ա­նըն­դու­նե­լի գրաքն­նու­թեան հե­տե­ւե­լուն հա­մար…: Թ­րամփ զայ­րա­ցու­ցած է բազ­մա­թիւ մար­դոց՝ ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին, երբ այս ամ­սո­ւան սկիզ­բը ­Թուր­քիոյ մէջ կա­յա­ցած հան­րա­քո­ւէէն ետք զան­գա­հա­րած եւ շնոր­հա­ւո­րած է Էր­տո­ղա­նը` կեղ­ծո­ւած ընտ­րու­թեան ա­ռի­թով, ինչ որ ընդ­լայ­նած է Էր­տո­ղա­նի բռնա­տի­րա­կան լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը…: Թ­րամփ կը նա­խա­տե­սէ ըն­դու­նիլ Էր­տո­ղա­նը Ս­պի­տակ ­Տան մէջ, այս տա­րո­ւան ­Մա­յի­սին…
Ես լիո­վին հա­մա­ձայն եմ Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի եւ Ա­մե­րի­կա­յի Հայ­կա­կան Հա­մա­գու­մա­րի ար­ձա­գանգ­նե­րուն հետ Թ­րամ­փի յայ­տա­րա­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ: ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը յայ­տա­րա­րած է. «­Նա­խա­գահ Թ­րամփ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը դա­տա­պար­տե­լու եւ յի­շա­տա­կե­լու ա­մե­րի­կեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան փո­խա­րէն ընտ­րած է Ան­գա­րա­յի «բե­րա­նը փա­կե­լու» քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը:
Չ­կա­րո­ղա­նա­լով Ապ­րիլ 24ին պատ­շաճ կեր­պով յար­գել զո­հե­րու յի­շա­տա­կը՝ Թ­րամփ փաս­տօ­րէն ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խու­մին ուղ­ղո­ւած ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը յանձ­նեց ­Ռե­ճեփ Էր­տո­ղա­նի ձեռ­քը՝ մե­ծա­միտ ու ինք­նիշ­խան բռնա­պե­տին, որ հրա­պա­րա­կաւ կ­՛ո­լո­րէ Ա­մե­րի­կա­յի նա­խա­գահ­նե­րու ձեռ­քե­րը` ստի­պե­լով լռել մի­լիո­նա­ւոր հա­յե­րու, յոյ­նե­րու, ա­սո­րի­նե­րու եւ ­Թուր­քիոյ միւս քրիս­տո­նեա­նե­րու զան­գուա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րու մա­սին»: Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ­կա­կան ­Հա­մա­գու­մա­րը յայ­տա­րա­րած է. «­Նա­խա­գա­հին ու­ղեր­ձը չկրցաւ կանգ­նիլ յա­նուն մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան, այդ կը հա­կա­սէ ա­մե­րի­կեան ար­ժէք­նե­րուն եւ կը ներ­կա­յաց­նէ միեւ­նոյն անձ­նա­տո­ւու­թիւ­նը թրքա­կան բռնա­պե­տու­թեան առ­ջեւ, որ շատ ա­ւե­լի մարդ­կա­յին կեան­քեր կ­՛ար­ժէ»:
Ա­մե­րի­կա­յի հայ հա­մայն­քի վա­ղե­մի ա­ջա­կից, քոնկ­րէ­սա­կան Է­տըմ ­Շիֆ եւս հան­դէս ե­կած է յայ­տա­րա­րու­թեամբ՝ դա­տա­պար­տե­լով Թ­րամ­փի ու­ղեր­ձին մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րի բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը. «Այ­սօր մենք հեր­թա­կան հիաս­թա­փու­թիւ­նը ու­նե­ցանք եւս մէկ նա­խա­գա­հէ, որ հրա­ժա­րե­ցաւ 1915-1923 թո­ւա­կան­նե­րուն մէ­կու­կէս մի­լիոն հա­յե­րու սպա­նու­թիւ­նը ճանչ­նալէ որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, այն­պէս, ինչ­պէս որ ե­ղած է: ­Նա­խա­գահ Թ­րամփ միա­ցաւ եր­կար ցան­կին հան­րա­պե­տա­կան եւ դե­մոկ­րա­տա­կան այն նա­խա­գահ­նե­րու, ո­րոնք չէին ցան­կար առ­ճա­կատ­ման եր­թալ ­Թուր­քիոյ հետ, եւ հրա­ժա­րե­լով այդ ա­րար­քէն, ան ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը կրկին մաս դար­ձուց ժխտո­ղա­կան ար­շա­ւի: Ի՞նչ բա­րո­յա­կան ի­րա­ւուն­քով կրնանք խօ­սիլ ԻԼԻՀի ցե­ղաս­պա­նա­կան ար­շա­ւի մա­սին, ընդ­դէմ կրօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու՝ ­Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ, ե­թէ չենք ցան­կար դա­տա­պար­տել ան­ցեալ դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Ե­թե նա­խա­գա­հը չի բարձ­րա­ձայ­ներ այդ մա­սին, ա­պա այդ պէտք է ը­նէ ­Քոնկ­րէ­սը, եւ ես կը միա­նամ իմ գոր­ծըն­կեր­նե­րուս՝ հան­րա­պե­տա­կան­նե­րուն եւ դե­մոկ­րա­տա­կան­նե­րուն՝ կոչ ը­նե­լով Քոնկ­րէ­սին ըն­դու­նիլ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մա­սին բա­նա­ձե­ւը»:
­Քոնկ­րէ­սա­կան ­Շի­ֆի նկատ­մամբ ու­նե­ցած ամ­բողջ յար­գան­քո­վը հան­դերձ, ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քը կա­րիք չու­նի ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Պա­լա­տի եւս մէկ բա­նա­ձե­ւի՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մա­սին, 1975 եւ 1984 թո­ւա­կան­նե­րուն ար­դէն իսկ ըն­դու­նո­ւած եր­կու բա­նա­ձե­ւե­րու կող­քին: ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի միակ պա­հան­ջը ար­դա­րու­թիւնն է՝ իր վիթ­խա­րի կո­րուստ­նե­րուն հա­տու­ցու­մը, ան­հա­տա­կան եւ հա­մայն­քա­յին բռնագ­րա­ւո­ւած ու­նե­ցո­ւած­քի վե­րա­դար­ձը եւ բռնի խլո­ւած հայ­կա­կան տա­րածք­նե­րու ա­զա­տագ­րու­մը: Ա­հա թէ ինչ պէտք է պա­հան­ջէ ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Պա­լա­տի յա­ջորդ բա­նա­ձե­ւը, այլ ոչ թէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը:
­Վեր­ջա­պէս, ես շատ ու­րախ եմ, որ «Ո­ւի­քի­լիքս»ը Ապ­րիլ 24ին իր թո­ւի­թը­րեան է­ջի 4,6 մի­լիոն հե­տե­ւորդ­նե­րու ու­շադ­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած էր իմ նա­խորդ յօ­դո­ւած­նե­րէս մէ­կը՝ ան­ցեալ տա­րո­ւան նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ա­ռաջ ­Հի­լը­րի Ք­լին­թը­նի կող­մէ իր քա­րոզ­չու­թեան գլխա­ւոր օգ­նա­կան­նե­րուն՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին յայ­տա­րա­րու­թեամբ հան­դէս գա­լու ա­ռա­ջար­կը մեր­ժե­լու մա­սին: