Հա­յաս­տա­նի մօտ Ֆ­րան­սա­յի դես­պան ­Ժան Ֆ­րան­սուա ­Շար­փան­թիէի հա­մա­ձայն՝ Ֆ­րան­սա­յի մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող նոր օ­րի­նա­գի­ծին բնա­գի­րը գրե­թէ պատ­րաստ է, «եւ յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի լսենք այդ մա­սին»:

 

21 ­Յու­նի­սին լրագ­րող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին, դես­պա­նը յայտ­նած է այս մա­սին` ա­ւելց­նե­լով, որ օ­րի­նա­գի­ծը միայն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մին չի վե­րա­բե­րիր, այլ նաեւ Ֆ­րան­սա­յի կող­մէ ճանչ­ցո­ւած բո­լոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն: «Այս ­Յու­նո­ւա­րին, Ֆ­րան­սա­յի հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու հա­մա­կար­գող ժո­ղո­վին Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա ­Հոլ­լանտ ե­լոյթ ու­նե­ցաւ եւ յստա­կօ­րէն ը­սաւ, թէ պէտք է կրկին սկսիլ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող օ­րի­նա­գի­ծի ըն­դուն­ման հո­լո­վոյ­թին: Յս­տա­կօ­րէն յանձ­նա­րա­րու­թիւն տո­ւաւ ­Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ ­Ժան ­Փոլ ­Քոս­թա­յին` ձեռ­նա­մուխ ըլ­լա­լու նոր օ­րի­նա­գի­ծի մշակ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Կ­՛են­թադ­րեմ, որ նոր օ­րի­նա­գի­ծին բնա­գի­րը գրե­թէ պատ­րաստ է: ­Յա­ռա­ջի­կա­յին մենք պի­տի լսենք այս մա­սին»,- ը­սած է դես­պա­նը:
Անդ­րա­դառ­նա­լով ­Հա­յաս­տա­նի, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Ռու­սիոյ նա­խա­գահ­նե­րու փե­թերս­պուր­կեան հան­դիպ­ման` դես­պա­նը «լաւ նշան» նկա­տած է այն, որ ­Սարգ­սեան ու Ա­լիեւ սկսած են յա­ճա­խա­կիօ­րէն հան­դի­պե­լու, նաեւ՝ պար­տա­ւոր են կա­նո­նա­ւոր դարձ­նե­լու այդ հան­դի­պում­նե­րը եւ խօ­սե­լու խա­ղա­ղու­թեան մա­սին: ­Դես­պա­նը ա­ւել­ցու­ցած է, որ Ե.Ա.Հ.Կ.ի ծի­րին մէջ աշ­խա­տանք­ներ կը տա­րո­ւին վստա­հու­թեան մե­քե­նա­կա­նու­թիւն­նե­րու ստեղծ­ման ու ներդրման հա­մար:

«Ինչ կը վե­րա­բե­րի վստա­հու­թեան մե­քե­նա­կա­նու­թիւն­նե­րուն, ա­տի­կա նախ եւ ա­ռաջ կ­՚են­թադ­րէ Ե.Ա.Հ.Կ. գոր­ծող նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ ­Քաս­փըր­չի­քի ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րու ընդ­լայ­նում եւ շփման գի­ծի եր­կայն­քով հե­տաքն­նու­թեան, հսկո­ղա­կան մե­քե­նա­կա­նու­թիւն­նե­րու տե­ղադ­րում: Այ­սինքն` մար­դոց տե­ղա­կա­յում: ­Խօս­քը խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րու տե­ղա­կայ­ման մա­սին չէ, խօս­քը դի­տորդ­նե­րու թի­ւի յա­ւել­ման մա­սին է»,- յայտ­նած է Ֆ­րան­սա­յի դես­պա­նը: