Վար­դա­նանց ­Հե­րո­սա­մար­տի, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօ­նե­րը հան­դի­սա­ւոր կեր­պով նշուե­ցան ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, նա­խա­գա­հու­թեամբ՝ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի։
­Յատ­կանշա­կան էր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Հ. Կ. ­Խա­չի ազ­գա­յին «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թեան, ինչ­պէս նաեւ՝ ու­սու­ցիչ­նե­րու, ծնող­նե­րու եւ մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը։

­Վար­դա­նանց տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն

Ուր­բաթ՝ 9 ­Փետ­րո­ւար 2018ին, «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ՝ ­Վար­դա­նանց դիւ­ցազ­նա­մար­տի առ­թիւ Ս. ­Պա­տա­րա­գին, զոր մա­տու­ցեց ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան։ ­Վար­ժա­րա­նի բարձր կար­գե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ Հ­րայր Ա. Քհնյ. ­Նի­կո­լեա­նի, ներ­դաշ­նակ կեր­պով կա­տա­րե­ցին պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը, իսկ խո­րա­նին վրայ պա­տա­րա­գի­չին սպա­սար­կե­ցին սար­կա­ւագ­ներ եւ փոք­րիկ դպիր­ներ։ ­Պա­տա­րա­գին նա­խա­գա­հեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը, որ իր քա­րո­զին ընդ­մէ­ջէն հայ­րա­կան պատ­գամ ուղ­ղեց փոք­րիկ­նե­րուն՝ ­Վար­դա­նանց խոր­հուր­դով բարձր պա­հե­լու մայ­րե­նի լե­զուն եւ մեր ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծը։ ­Ներ­կայ էր նաեւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան։
Ա­պա՝ «­Զա­ւա­րեան» ­Կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» զոյգ սրահ­նե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Վար­դա­նան­ցի նո­ւի­րո­ւած հան­դի­սու­թիւն, ներ­կա­յու­թեամբ՝ Սր­բա­զան ­Հօր եւ կրօ­նա­կան դա­սուն։ ­Յատ­կաշ­նա­կան էր մեծ թի­ւով ծնող­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ քա­ջա­լե­րան­քը ա­շա­կեր­տու­թեան։ Դպ­րո­ցի բո­լոր կար­գե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը հա­մար­ձակ ո­ճով ներ­կա­յա­ցու­ցին տօ­նին նո­ւի­րո­ւած եր­գեր եւ ար­տա­սա­նու­թիւն­ներ, կեն­դա­նի պատ­կեր­ներ եւ խօս­քեր։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը, ան­գամ մը եւս իր խօս­քը ուղ­ղե­լով ներ­կա­նե­րուն, շնոր­հա­ւո­րեց ա­շա­կերտ­նե­րը եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ո­րոնք գե­ղե­ցիկ պատ­րաս­տու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին յայ­տա­գի­րը։
Ան նշեց, թէ ­Վար­դա­նանց ­Ճա­կա­տա­մար­տը այն միակ մար­տե­րէն է, որ մին­չեւ այ­սօր կը նշո­ւի մեր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ, ո­րով­հե­տեւ կե­նաց-մա­հու՝ այ­լեւ «ի­մա­ցեալ մա­հը ան­մա­հու­թիւն է» բա­րո­յա­կան յաղ­թա­նա­կը սրբա­գոր­ծող պայ­քար մըն էր հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։

­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօ­նը

­Հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ՝ յու­նա­հա­յոց ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի, եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ շրջան­նե­րու ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վիւ­նե­րուն, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 14 ­Փետ­րո­ւար 2018ին, ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղե­ցին ըն­դու­նեց հոծ թիւ մը զա­նա­զան շրջան­նե­րէ ե­կած հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու, ո­րոնք միաս­նա­բար նշե­ցին ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօ­նը՝ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թամբ։ ­Ներ­կայ ե­ղաւ նաեւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նադ­պիր պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան։ ­Հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը կուռ քա­րո­զով մը բա­ցատ­րեց օ­րո­ւան խոր­հուր­դը եւ մաս­նա­ւո­րա­բար շեշ­տը դրաւ հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը եւ, ա­նոնց կող­քին, ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը պա­հե­լու հրա­մա­յա­կա­նին վրայ։ ­Կոչ ուղ­ղեց բո­լո­րին՝ ա­մուր պա­հե­լու ի­րենց կա­պո­ւա­ծու­թիւ­նը ե­կե­ղեց­ւոյ եւ մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն, ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դը մղե­լու դէ­պի հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րը՝ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թեան զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու։
Ա­պա՝ մեծ թի­ւով ծնո­ղեր ի­րենց մա­նուկ զա­ւակ­նե­րը յանձ­նե­ցին ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վիւ­նե­րուն, ո­րոնք խո­րա­նին վրայ կա­տա­րե­ցին փոք­րիկ­նե­րու ըն­ծա­յու­մը՝ շա­րա­կան­նե­րու եր­գա­սա­ցու­թեամբ։
Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, ժո­ղո­վուր­դը մո­մե­րով ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կը, ուր Սր­բա­զան ­Հօր կող­մէ վա­ռո­ւե­ցաւ ա­ւան­դա­կան խա­րոյ­կը։ «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, ու­սուց­մամբ ­Հայր ­Վահ­րի­ճին, եր­գե­ցին հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան եր­գեր, ա­պա՝ շուրջ-պա­րե­րով եւ եր­գե­րով ցատ­կե­ցին խա­րոյ­կին վրա­յէն։ Ե­կե­ղե­ցա­սէր ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նոյ կող­մէ յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն, ուր տե­ղի ու­նե­ցան սրտա­բուխ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ։ ­Ներ­կա­նե­րուն բաժ­նո­ւե­ցաւ «­Լու­սա­տու» կրօ­նա­դաս­տիա­րակ­չա­կան թեր­թի­կը՝ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի մա­սին վեր­լու­ծա­կան յօ­դո­ւած­նե­րով։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր խօս­քով եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րով վերջ գտաւ խան­դա­վառ ե­րե­կոն։

ԹՂԹԱԿԻՑ