Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Τελλόγλειο Ίδρυμα Τεχνών Α.Π.Θ.»ի ա­րո­ւես­տի հաս­տա­տու­թեան, ­Շա­բաթ՝ 27 ­Հոկ­տեմ­բեր 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։00ին, «Τελλόγλειο Ίδρυμα Τεχνών Α.Π.Θ.»ի թան­գա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ա­րե­ւել­քի բա­նա­կը կը նկա­րէ ­Թե­սա­ղո­նի­կէն» խո­րագ­րով ա­րո­ւես­տի ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման հան­դի­սու­թիւ­նը, ներ­կա­յու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Նա­խա­գահ պրն. Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լո­սի, պե­տա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ կրօ­նա­կան բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ հա­րիւ­րա­ւոր յոյն եւ հայ մշա­կու­թա­սէր­նե­րու։
­Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման հան­դի­սու­թեան հրա­ւի­րո­ւած էր նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, ո­րուն կ’ըն­կե­րա­նա­յին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Ար­թին Աբ­րա­հա­մեան, փոխ-ա­տե­նա­պետ պրն. ­Մար­տիկ ­Մար­տի­կեան, ինչ­պէս նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ազգ. ­Կա­ռոյց­նե­րու եւ ­Միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
­Պաշ­տօ­նա­կան ե­լոյթ­նե­րէն ետք, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահն ու իր պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայրն ու ա­նոր ըն­կե­րա­ցող ներ­կա­նե­րը, շրջե­ցան եւ ծա­նօ­թա­ցան ա­րո­ւես­տի զա­նա­զան գոր­ծե­րուն, ուր իր ու­րոյն տե­ղը գտած էր ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ծխա­յին­նե­րէն՝ Ար­սէն եւ ­Ռու­բէն ­Գալ­ֆա­յեան­նե­րու ան­զու­գա­կան հա­ւա­քա­ծոն, նո­ւի­րո­ւած ­Թե­սա­ղո­նի­կէին։
Ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը իր բարձր գնա­հա­տանքն ու բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը յայտ­նեց պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րուն՝ տա­րո­ւած բարձ­րո­րակ գոր­ծու­նէու­թեանց եւ իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց՝ ցան­կա­նա­լով յա­ռա­ջի­կա­յին եւս ջա­նա­սի­րա­բար շա­րու­նա­կել եւ աշ­խա­տիլ, նմա­նա­տիպ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հաս­նե­լու ա­պա­գա­յա­տե­սիլ հե­ռան­կա­րով։