Ուրբաթ 27 Հոկտեմբեր 2017ի առաւօտուն, Աթէնք ժամանումէն ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր շքախումբով այցելեց Աթէնքի Հ.Հ. դեսպանատունը։
Դեսպանատան մուտքին դիմաւորուեցաւ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ֆաթէյ Չարչօղլեանի, ինչպէս նաեւ դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմին ու պաշտօնէութեան կողմէ։ Հանդիպման ներկայ եղան Յունահայոց Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ կրօնական դասը, Ազգային վարչութեան եւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ։
Դեսպան Չարչօղլեան բարի գալստեան խօսքերով ողջունեց Վեհափառ Հայրապետի այցելութիւնը դեսպանատան մէջ։ Անդրադառնալով հայ եւ յունական յարաբերութիւններուն մասին, ան ներկայացուց այն կարեւոր բաժինները, որոնց վրայ կը զարգանան երկու երկիրներու կապերը, եւ կարեւորութեամբ ընդգծեց յունահայ կազմակերպ գաղութի դերակատարութիւնը։ Նաեւ, դեսպանը յատուկ շեշտով վեր առաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի արժանիքներն ու ունեցած դերակատարութիւնը հայ եկեղեցւոյ եւ համաշխարհային եկեղեցական շարժումին միջեւ։
Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց իր ներկայութեան համար դեսպանատան կառոյցէն ներս՝ որ հայրենի հող է, եւ իր գոհունակութիւնը արտայայտեց հայ եւ յունական յարաբերութեանց զարգացման համար եւ դեսպանութեան աշխոյժ գործունէութեան համար։ Նաեւ, Վեհափառը գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ յունահայ համայնքի եւ դեսպանութեան միջեւ սերտ գործակցութեան մասին՝  երկու երկիրներու կարեւոր յարաբերութեանց ոլորտին մէջ։
Յաջորդաբար, եղաւ զրոյց հայութիւնը յուզող հարցերու շուրջ եւ Վեհափառ Հայրապետը իր պատկերացումները եւ մտածումները արտայայտեց զանազան հարցերու մասին։
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ եւ մտերմիկ զրոյցներով՝ ջերմ մթնոլորտի մէջ։