Եր­կու օր ա­ռաջ հա­ղոր­դած էինք, թէ յու­նա­հա­յու­թեան ան­մի­ջա­կան հա­կազ­դե­ցու­թեան շնոր­հիւ, կա­սե­ցո­ւած էր Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հա­կա­հայ քա­րոզ­չա­կան սադ­րանք­նե­րու ար­շա­ւը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հան­րա­կառ­քե­րուն վրայ, ո­րոնք ցոյց կու տա­յին բռնագ­րո­ւած ­Շու­շին որ­պէս ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­ղաք։
Դժ­բախ­տա­բար, հա­կա­ռակ մեր ան­մի­ջա­կան մի­ջամ­տու­թեան եւ նոյ­նիսկ յոյն ժո­ղո­վուր­դին ու պաշ­տօ­նա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ յա­ռա­ջա­ցած ընդվ­զու­մին, այս ան­գամ քա­րոզ­չա­կան նոր սադ­րանք մը ե­րե­ւան ե­լաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս­թաւ­րու­փո­լի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հան­րա­կառ­քե­րու կան­գա­ռի մը վրայ, ուր տե­ղադ­րո­ւած էր նոր նկար մը, ո­րուն մէջ կ­՚ե­րե­ւի ­Լա­չի­նի ճամ­բան եւ յու­նա­րէն ու ատր­պէյ­ճա­նե­րէն լե­զու­նե­րով ար­ձա­նագ­րո­ւած է «­Լա­չին, դէ­պի ­Շու­շի-Ատր­պէյ­ճան տա­նող ճամ­բան»։
Այս ան­գամ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բի ան­դամ­նե­րը գտնո­ւե­ցան կան­գա­ռի վայ­րը եւ նկա­րը պա­տե­ցին Ար­ցա­խի «­Պա­պի­կին ու ­Մա­մի­կին» յու­շար­ձա­նի նկար­նե­րով ու Ե­րիտ. ­Միու­թեան զի­նան­շա­նով։
­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. դես­պա­նու­թիւ­նը, Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը եւ Ե­րիտ. ­Միու­թիւ­նը ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու է­ջե­րէն դա­տա­պար­տե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­կա­հայ քա­րոզ­չա­կան սադ­րանք­նե­րը։ Ա­նոնք կը նշեն, թէ թոյլ պի­տի չտան՝ յոյն-ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան ա­նու­նին տակ, մրո­տել հա­յե­րու պա­տի­ւը։
­Մաս­նա­ւո­րա­բար, Ե­րիտ. ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը կը վստա­հեց­նեն, թէ նմա­նօ­րի­նակ ա­նըն­դու­նե­լի ա­րարք­նե­րու կրկնու­մին առ­ջեւ, ա­նոնք պի­տի հա­կազ­դեն ա­մէն մի­ջոց­նե­րով։