14 Ապ­րի­լի ա­ռա­ւօ­տեան, Ա­թէն­քի մէջ 79 տա­րե­կա­նին մա­հա­ցաւ ­Ռազ­միկ ­Մու­րա­տեան: ­Ծա­գու­մով Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի ­Շա­տախ շրջա­նէն՝ ­Ռազ­մի­կը Ար­ցա­խեան ա­զա­տա­մար­տի ա­մէ­նէն դժո­ւար տա­րի­նե­րուն, 1988ի եւ 1993ի մի­ջեւ եր­կա­րող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ա­զա­տագ­րա­կան նո­րա­կազմ ջո­կատ­նե­րուն ու այ­նու­հե­տեւ ­Հա­յաս­տա­նի բա­նա­կի թի­կուն­քը ա­պա­հո­վե­լու գոր­ծին: Ա­նոր երկ­րորդ ա­պա­հով տու­նը Աշ­տա­րա­կի մէջ ռազ­մա­կան կեդ­րո­նի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ, ձեռ­նա­շէն զէն­քեր նա­խագ­ծե­լու վայր մը, ուր ­Վազ­գէն ­Սարգ­սեան եւ այլ կազ­մա­կեր­պիչ­ներ հան­դի­պում­ներ կ­՚ու­նե­նա­յին:
1990էն ետք զբա­ղե­ցաւ գե­ղան­կար­չու­թեամբ՝ իր նուրբ նե­րաշ­խար­հը եւ հայ­րե­նի­քի հան­դէպ սէ­րը վե­րա­ծե­լով գոյ­նի եւ պատ­կե­րի։ Ան յա­ճախ ­Յու­նաս­տան կ­՚այ­ցե­լէր իր ըն­տա­նի­քին մօտ գտնո­ւե­լու հա­մար։ Այս ան­գամ, «­Քո­րո­նա» ժահ­րի ար­գի­լում­նե­րուն պատ­ճա­ռով ստի­պո­ւե­ցաւ մնալ Ա­թէնք, սա­կայն իր սիր­տը միշտ հայ­րե­նի­քին հա­մար կը տրո­փէր։
­Մեր ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք հան­գու­ցեա­լի այ­րիին՝ ընկ. ­Ման­նի­կին, իր զա­ւակ­նե­րուն՝ ընկ. Ա­րա­մին եւ Ար­մէ­նին, ինչ­պէս նաեւ ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն։