­Մարտ 1ի օ­րը, 83 տա­րի ա­ռաջ, Ե­րե­ւա­նի մէջ վախ­ճա­նե­ցաւ հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն ­Թո­րոս ­Թո­րա­մա­նեան։ Շ­նոր­հա­լի ու նշա­նա­ւոր ճար­տա­րա­պե­տը ի­րա­ւամբ կը նկա­տո­ւի հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան հիմ­նա­դի­րը։
Ան ծնած է 1864 թո­ւի ­Մարտ 18ին, ­Փոքր ­Հայ­քի ­Շա­պին-­Գա­րա­հի­սար քա­ղա­քը՝ հո­ղա­գոր­ծի ըն­տա­նի­քի մէջ։ 1878ին, 14 տա­րե­կա­նին, ան զրկուած է ծնող­նե­րէն։ Սկզբ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցած է իր ծննդա­վայ­րի «­Մու­շե­ղեան» վար­ժա­րա­նին մէջ։ 1883ին մեկ­նած է Կ. ­Պո­լիս, ուր աշ­խա­տած է իբ­րեւ հիւս­նի աշ­կերտ եւ միա­ժա­մա­նակ, 1888էն 1893, ու­սա­նած է Կ. ­Պոլ­սոյ ­Կայ­սե­րա­կան ­Գե­ղա­րո­ւես­տից ­Ճե­մա­րա­նի ճար­տա­րա­պե­տա­կան բաժ­նին մէջ։
1896էն 1900, ­Թո­րա­մա­նեան ապ­րած է ­Պուլ­կա­րիա, ուր զբա­ղո­ւած է շի­նա­րա­րու­թեամբ։ ­Կա­ռու­ցած է քա­նի մը շէն­քեր, գլխա­ւո­րա­պէս հա­րուստ հա­յե­րու (­Մա­նու­կեան­ներ, ­Սար­գիս ­Ֆա­դեան, ­Դա­նիէլ ­Պուլ­կա­րա­ցի եւ այլն) հա­մար։ ­Սա­կայն ճար­տա­րա­պե­տա­կան կա­ռու­ցում­նե­րէն ա­ւե­լի, ­Թո­րա­մա­նեա­նին կը հե­տաքրք­րէր ճար­տա­րա­պե­տու­թեան տե­սու­թիւ­նը։
1900ին տե­ղա­փո­խո­ւած է ­Ռու­մա­նիա, ա­պա՝ շրջա­գա­յած է ­Պարս­կաս­տան, ­Սու­րիա, Ե­գիպ­տոս, ­Յու­նաս­տան, Ի­տա­լիա: 1902ին մեկ­նած է ­Փա­րիզ՝ կա­տա­րե­լա­գոր­ծո­ւե­լու:
1903ին, ա­պա՝ 1905էն 1909, յայտ­նի հնա­գէտ ­Նի­կո­ղա­յոս ­Մա­ռի հետ միա­սին, ­Թո­րա­մա­նեան մաս­նակ­ցած է Ա­նիի մէջ տա­րո­ւած պե­ղում­նե­րուն՝ կա­տա­րե­լով ա­նոր ա­ւե­րակ­նե­րու ողջ ճար­տա­րա­պե­տա­կան նիւ­թին յա­տա­կա­գիծ­նե­րը, նկար­նե­րը, կտրո­ւածք­նե­րը, վե­րա­կազ­մու­թիւն­նե­րը։
Իր աշ­խա­տանք­նե­րով եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով՝ Թ. ­Թո­րա­մա­նեան յե­ղաշր­ջում կա­տա­րեց հա­մաշ­խար­հա­յին ճար­տա­րա­պե­տու­թեան պատ­մու­թեան մէջ՝ ներ­կա­յաց­նե­լով հա­յե­րու ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ծագ­ման ու զար­գաց­ման շրջան­նե­րը։ Ն­շա­նա­ւոր ճար­տա­րա­պե­տը մեր սե­րունդ­նե­րուն կտա­կեց պաշ­տա­մուն­քը հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան՝ պատ­գա­մե­լով, որ «ու­րիշ ազ­գե­րի ա­րո­ւեստ­նե­րի գե­ղեց­կու­թիւ­նը յու­զիչ է, յա­ճախ գրգռող եւ խռո­վիչ, իսկ մեր ա­րո­ւես­տի գե­ղեց­կու­թիւ­նը ան­դոր­րող է, հանգս­տաց­նող, հա­յե­ցո­ղու­թեան տա­նող։ ­Հա­յե­րը նա­խա­հայ­րե­րից ժա­ռան­գել են շի­նա­րա­րու­թեան ա­րո­ւես­տը։ ­Քա­րա­շատ ­Հա­յաս­տա­նը մեր ճար­տար­նե­րին ու վար­պետ­նե­րին տո­ւել է անս­պառ նիւթ… ­Մեր ժո­ղո­վուր­դը այդ հլու, հնա­զանդ նիւ­թի մէջ մարմ­նաց­րել է իր հո­գին, բաղ­ձանք­նե­րը, ե­րազ­նե­րը, ճա­շա­կը»։
1904ի գար­նան ­Թո­րա­մա­նեան սկսաւ ­Զո­ւարթ­նոց տա­ճա­րի հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը. ղե­կա­վա­րեց ­Խա­չիկ ­Վար­դա­պե­տի նա­խա­ձեռ­նած պե­ղում­նե­րը, կա­տա­րեց չա­փագր­ման աշ­խա­տանք­ներ: 1905ին ա­ւար­տեց տա­ճա­րի վե­րա­կազ­մու­թեան նա­խա­գի­ծը, որ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ 1906ին՝ Ա­նիի մէջ ­Նի­կո­ղա­յոս ­Մա­ռի ար­շա­ւա­խում­բի պե­ղում­նե­րուն ժա­մա­նակ յայտ­նա­բե­րո­ւած Սբ. Գ­րի­գոր (­Գա­գի­կա­շէն) տա­ճա­րի ման­րա­կեր­տին նոյ­նան­ման յօ­րի­նո­ւած­քով:
­Մաս­նա­գէտ­նե­րու վկա­յու­թեամբ՝ 1905ին լոյս տե­սած Թ. ­Թո­րա­մա­նեա­նի «­Զո­ւարթ­նո­ցի ե­կե­ղե­ցին» յօ­դո­ւա­ծով, սկզբնա­ւո­րո­ւե­ցաւ հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան գի­տա­կան գրա­կա­նու­թիւ­նը: ­Թո­րա­մա­նեան ու­սում­նա­սի­րեց ու չա­փագ­րեց նաեւ ­Հո­ռո­մո­սի հա­մա­լի­րը, Ար­գի­նա­յի ե­կե­ղե­ցին, ­Տե­կո­րի տա­ճա­րը, ­Շի­րակ եւ Ա­րա­գա­ծոտն գա­ւառ­նե­րու յատ­կա­պէս Ե-Է. դա­րե­րու յու­շար­ձան­նե­րը:
1904էն 1912, ­Թո­րա­մա­նեան պար­բե­րա­բար իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ Ա­նիի մէջ ­Նի­կո­ղա­յոս ­Մա­ռի գի­տար­շա­ւա­խում­բի պե­ղում­նե­րուն, ու­սում­նա­սի­րեց ու չա­փագ­րեց բազ­մա­թիւ ե­կե­ղե­ցի­ներ, պա­լատ­ներ, հիւ­րա­տու­ներ, բնա­կե­լի տու­ներ, պա­րիսպ­ներ, կա­մուրջ­ներ, ստեղ­ծեց վե­րա­կազ­մու­թեան նա­խա­գի­ծեր: ­Թո­րա­մա­նեա­նի «Էջ­միած­նի տա­ճա­րը» (ռու­սե­րէն` 1909 թ., հա­յե­րէն` 1910 թ.), «­Տե­կո­րի տա­ճա­րը» (ա­ռան­ձին գիր­քով` 1911 թ.), «­Գա­ւիթ եւ ժա­մա­տուն հա­յոց հնա­գոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րի մէջ» (1911 թ.), «­Նո­րա­գոյն կար­ծիք­ներ հայ ճար­տա­րա­պե­տու­թեան մա­սին» (1911 թ.), «Ա­նի քա­ղա՞ք, թէ՞ ամ­րոց» (1912 թ.) եւ այլ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը կը վկա­յեն հայ­կա­կան ինք­նու­րոյն ճար­տա­րա­պե­տու­թեան զար­գաց­ման բարձր մա­կար­դա­կին մա­սին: Շ­նոր­հիւ այդ ու­սում­նա­սի­րու­թեանց` բազ­մա­թիւ օ­տար գիտ­նա­կան­ներ վե­րա­նա­յած են ի­րենց թիւր տե­սա­կէտ­նե­րը հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ:
1913ին ­Թո­րա­մա­նեան ­Վիեն­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նին կից Ա­րո­ւես­տի պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի գի­տա­կան նստաշր­ջա­նին, ար­ժա­նա­ցաւ գլխա­ւոր մրցա­նա­կի՝ լա­ւա­գոյն աշ­խա­տան­քի հա­մար: Ա­նոր 1000է ա­ւե­լի գծա­գիր­նե­րուն, ու­սում­նա­սի­րու­թեանց եւ այլ նիւ­թե­րու հի­ման վրայ, ­Վիեն­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նի պրո­ֆե­սոր Եո­զէֆ Ստր­ժի­գովս­կին 1918ին հրա­տա­րա­կեց «­Հա­յե­րի ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը եւ Եւ­րո­պան» գեր­մա­նե­րէն երկ­հա­տո­րեա­կը, ո­րուն շնոր­հիւ հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը՝ որ­պէս ինք­նու­րոյն ճար­տա­րա­պե­տա­կան դպրոց, ար­ժա­նա­ցաւ հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նաչ­ման: Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մին (1914-1918) եւ ա­նոր յա­ջոր­դած գաղ­թի տա­րի­նե­րուն կոր­սո­ւե­ցան ­Թո­րա­մա­նեա­նի հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաստ 10է ա­ւե­լի աշ­խա­տու­թիւն­ներն ու մեծ քա­նա­կու­թեամբ այլ նիւ­թեր:
1921ին ­Թո­րա­մա­նեան դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ կար­դաց Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, հին ­Հա­յաս­տա­նի ճար­տա­րա­պե­տու­թեան պատ­մու­թեան մա­սին։
­Թո­րա­մա­նեա­նի աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու հիմ­նա­կան մա­սը 2 հա­տո­րով լոյս տե­սան գիտ­նա­կա­նի մա­հէն յե­տոյ՝ «­Նիւ­թեր հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան պատ­մու­թեան» խո­րա­գի­րով (1942-48):
1923ին ­Թո­րա­մա­նեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ ստեղ­ծո­ւե­ցաւ ­Յու­շար­ձան­նե­րու ­Պահ­պա­նու­թեան ­Կո­մի­տէն: Ան շուրջ 30 տա­րի չա­փագ­րեց, լու­սան­կա­րեց ու նկա­րագ­րեց ­Հա­յաս­տա­նի հա­րիւ­րա­ւոր յու­շար­ձան­ներ, ո­րոնց­մէ շա­տե­րը պահ­պա­նո­ւած եւ վե­րա­կազ­մո­ւած են ա­նոր նիւ­թե­րուն շնոր­հիւ:
­Թո­րա­մա­նեան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան սերտ կա­պեր ու­նե­ցած է ճար­տա­րա­պետ Ա­լեք­սանդր ­Թա­մա­նեա­նի հետ, ո­րու ա­րո­ւես­տա­նո­ցին մէջ 1928էն աշ­խա­տած է որ­պէս խորհր­դա­կան, կա­տա­րած է նաեւ յա­տա­կագծ­ման ու նա­խագծ­ման աշ­խա­տանք­ներ: ­Թո­րա­մա­նեան ե­ղաւ ա­ռա­ջին գիտ­նա­կա­նը, որ դա­սա­կար­գեց ու բնու­թագ­րեց հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան զար­գաց­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րը, բա­ցա­յայ­տեց ա­նոր ինք­նա­տի­պու­թիւ­նը, ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը եւ ո­ճա­կան ինք­նու­րոյ­նու­թիւ­նը: Ա­նոր աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը սկզբնաղ­բիւր են ու­սում­նա­սի­րող­նե­րու հա­մար:
­Հա­յաս­տա­նի ­Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միան 1969ին սահ­մա­նեց ­Թո­րա­մա­նեա­նի ա­նուան մրցա­նակ: Ա­նոր ա­նու­նով Ե­րե­ւա­նի մէջ կայ փո­ղոց։ ­Նաեւ այն տան առ­ջեւ, ուր ապ­րե­ցաւ ­Թո­րա­մա­նեան՝ դրո­ւած է յու­շա­քար:
­Հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան մե­ծար­ժէք ե­րախ­տա­ւո­րին նո­ւի­րո­ւած այս հա­կիրճ անդ­րա­դար­ձը կ­՚ար­ժէ պսա­կել մեր ­Մե­ծե­րու վկա­յու­թիւն­նե­րէ քա­ղո­ւած փուն­ջով.
­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեան՝ «Ա­հա վեր է կա­ցել հայ ճար­տա­րա­պետ պ. ­Թո­րա­մա­նեա­նը, ցոյց է տա­լիս Եւ­րո­պա­յին ու ամ­բողջ աշ­խար­հին, թէ գո­յու­թիւն է ու­նե­ցել հայ­կա­կան ինք­նու­րոյն ճար­տա­րա­պե­տու­թիւն եւ հայ­կա­կան ինք­նու­րոյն ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը ազ­դել է թէ՛ հա­րե­ւան եւ թէ՛ հե­ռա­ւոր ազ­գե­րի ճար­տա­րա­պե­տու­թիւն­նե­րի վրայ, ստի­պում է ազ­գե­րի ա­րո­ւեստ­նե­րի պատ­մու­թեան մէջ նոր գլուխ բաց ա­նել «հա­յոց ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը» վեր­նագ­րով։
Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան՝ «Ե­թէ ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը քա­րա­ցած ե­րաժշ­տու­թիւն է, ա­պա ­Թո­րոս ­Ճար­տա­րա­պե­տը այդ քա­րա­ցա­ծը վե­րա­ծել է կեն­դա­նի եր­գի: ­Նա մեր հո­յա­կապ ա­ւե­րակ­նե­րի ու յու­շար­ձան­նե­րի, նոյն­քան հո­յա­կապ եր­գիչն է»։
­Մար­տի­րոս ­Սա­րեան՝ «­Տի­տա­նա­կան ջան­քե­րի, մտքի ու զգաց­մունք­նե­րի լար­ման գնով, հա­մաշ­խար­հա­յին եւ հայ կուլ­տու­րա­յի ի­մա­ցու­թեան հո­ղից ել­նե­լով, նա թա­փան­ցել էր ժա­մա­նա­կի խոր­քե­րը եւ բիւ­րե­ղեայ մաք­րու­թեամբ դուրս հա­նել այն մար­գա­րիտ­նե­րը, ո­րոնք զուտ ազ­գա­յին են: Ողջ աշ­խար­հին ա­պա­ցու­ցեց հայ­կա­կա­նը»…
­Նի­կո­ղա­յոս ­Մառ՝ «Ես ա­ռա­ւել ա­ռողջ լոյս եմ սպա­սում ճար­տա­րա­պե­տա­կան յու­շար­ձան­նե­րի լե­զո­ւից, երբ մենք սո­վո­րենք այն հաս­կա­նալ: ­Թո­րա­մա­նեա­նի մէջ ես տես­նում եմ այդ լե­զո­ւի ա­ռա­ջին ու­սուց­չին»: