Միջազգային անիշխանութեան իրականութիւնը եւ անոր վտանգները տարածաշրջանին մէջ
ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ
Աշխարհը օր ըստ օրէ սկսած է նմանիլ 19-րդ դարու վայրի Արեւմուտքի գինետան մը կամ ափրիկեան անտառի վայրենի միջավայրին. իրավիճակը նոյնն է։ Ան որ կը զգայ, թէ ունի ուժ, կը գործէ սանձարձակ, անտեսելով միջազգային օրէնքով հաստատուած կանոնները։ Արդէն, Թուրքիան այդ ձեւով շարժեցաւ Սուրիոյ մէջ, առանց որեւէ երկիրի լուրջ հակազդեցութեան. նոյնը կը կատարէ Իսրայէլ Միջին Արեւելքին մէջ, նախ Կազայի ողբերգութեամբ, ապա լայնատարած յարձակումով Իրանի վրայ։ Հսկող ոստիկան չկայ այլեւս։ Միացեալ Նահանգներ վերացուցին միջազգային խաղադրոյթի բոլոր կանոնները, ու այսօր ոեւէ մէկը վստահ չէ, թէ ո՞վ է լաւը, ո՞վ՝ վատը, ո՞րն է ճիշդը եւ ի՞նչը՝ սխալ։
Միացեալ նահանգներ, որ աւանդաբար ստանձնած էին կայունացնողի դերը աշխարհի մեծ տագնապներուն դիմաց, այսօր այլեւս վստահութիւն չեն ներշնչեր միջազգային բեմին վրայ։ Անկումը նոր երեւոյթ մը չէ. սկսած էր արդէն Օպամայի տարիներուն եւ Թրամփի օրով աւելի խորացաւ։ Ամերիկացի ներկայ նախագահը երազեց կախարդական լուծումներով վերջ տալ Ուքրանիոյ պատերազմին եւ վերաձեւել Միջին Արեւելքը։ Սակայն, քաոսը աւելի կը տարածուի, տագնապները կը խորանան եւ ելքի լոյս մը տեսանելի չի դառնար։
Մէկ կողմէն Ամերիկայի նախագահը կը մեղադրէ Զելենսկին «անիմաստ պատերազմ մը շարունակելու» համար, միւս կողմէ կը հակադրուի Փութինին։ Նոյն պատկերը կը կրկնուի Միջին Արեւելքին մէջ՝ ուր ան կը բախի Իսրայէլի հետ, զայն մեղադրելով, որ կը խանգարէ ամերիկեան քաղաքականութիւնը, բայց ի վերջոյ կը քաշուի անոր ընտրանքներուն ետեւէն։ Իսրայէլի յարձակումը Իրանի վրայ գլխաւոր ապացոյցն է այս այլանդակ քաղաքականութեան, իսկ Թրամփի յայտարարութիւնները ցոյց կու տան անորոշ ու հակասական կեցուածք մը, առանց յստակ ռազմավարութեան կամ որոշումներու համակարգուած գործընթացի։ Ամերիկայի ընկերային ներքին խլրտումներն ու բախումները եւս կարեւոր մէկ մասնիկն են Թրամփի արտառոց վարքագիծին։
Ստեղծուած անիշխանական նոր աշխարհակարգին մէջ, Չինաստան տակաւին պատրաստ չէ հսկողի պատասխանատուութիւնը ստանձնելու։ Եւրոպան վաղուց ցոյց տուած է իր անկարողութիւնը, որովհետեւ անոր հաշուի առնող ուժ չկայ։ Ռուսիան՝ համեմատաբար փոքր գերպետութիւն մը, կլանուած է Ուքրանիոյ պատերազմին եւ իր դիմագրաւած տագնապներուն մէջ։
Իրան-Իսրայէլ վերջին բախումը Միջին Արեւելքը կը մղէ աւելի խոր տագնապի մէջ եւ անոր ալիքները կը հասնին Հարաւային Կովկաս։ Հայաստանի համար այս զարգացումները նոր ու վտանգաւոր մարտահրաւէրներ կը ստեղծեն։
Անցնող ժամանակաշրջանին Երեւան արդէն դիմագրաւեց անվտանգային ճնշումներ՝ սահմանային լարուածութիւն, տնտեսական եւ քաղաքական խոցելիութիւն։ Հայաստան, որ արդէն թուլացած է Լեռնային Ղարաբաղի կորուստով եւ սահմանային մշտական սպառնալիքներով, այժմ կանգնած է վտանգի առջեւ՝ ներքաշուելու աւելի լայն գօտիի անկայունութեան մէջ։ Այժմ, Իրան-Իսրայէլ հակամարտութիւնը կը սպառնայ սրել Իրանի ու Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները՝ վտանգելով տարածաշրջանի կայունութիւնը եւ աւելի հրատապ դարձնելով Սիւնիքի միջանցքի հարցը։
Հայաստան կը գտնուի բարդ իրադրութեան մէջ։ Արեւմուտք, Ռուսիա, Եւրոպա եւ Միջին Արեւելք կեդրոնացած են այլ ճակատներու վրայ, իսկ մեր երկիրը ստիպուած է կշիռ գտնել՝ խուսափելով մեծ ուժերու հակամարտութեան գօտի դառնալէ։
Այս պայմաններուն մէջ Հայաստանի համար առաջնահերթ կը դառնայ վարել ճկուն, բազմաբեւեռ եւ կանխող արտաքին քաղաքականութիւն՝ զուգահեռ ամրացնելով երկրի անվտանգութեան համակարգերն ու դիւանագիտական կապերը։ Իրան-Իսրայէլ սրացումը միայն մէկ նախազգուշացումն է աւելի լայն վտանգներու մասին։