ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Կ­’են­թադ­րեմ, թէ ա­ռար­կող պի­տի չգտնո­ւի, ե­թէ ը­սեմ,  որ  ­Խորհրդա­յին ­Միու­թեան  ար­տա­քին գոր­ծոց  նա­խա­րար­նե­րը ի­րենց պաշ­տօ­նին իսկ բե­րու­մով  ճանչ­ցած, լաւ կշռած ու ճիշդ գնա­հա­տած էին հա­մաշ­խար­հա­յին ի­րադ­րու­թեանց մէջ  ծան­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող  «ուժ»ե­րու հա­մե­մա­տա­կան ար­ժէ­քը: Այդ նա­խա­րար­նե­րէն վեր­ջի­նը՝ վրա­ցի  ­Սե­ւար­նան­ծէ  սո­վե­տի փլու­զու­մէն ետք դար­ձաւ Վ­րաս­տա­նի  նա­խա­գահ: Ա­սու­լի­սի մը ըն­թաց­քին,  դժո­ւա­րու­թեանց մէջ գտնո­ւող  իր երկ­րի կա­ցու­թեան ակ­նար­կե­լով եւ ­Կով­կա­սեան միւս եր­կու  եր­կիր­նե­րու  հետ բաղ­դա­տա­կան մը կա­տա­րե­լով  դի­տել տո­ւաւ ան, որ  Ատր­պէյ­ճան նաւթ ու­նի, իսկ ­Հա­յաս­տան՝ սփիւռք: Վ­րաս­տան զրկո­ւած է այդ եր­կու բա­րիք­նե­րէն…:
­Նաւթ եւ սփիւռք՝ զու­գա­հեռ…:
Ա­ւե­լորդ է շեշ­տել, թէ ո­րե­ւէ սփիւռք իր էու­թեամբն իսկ են­թա­կայ է օ­տա­րու­մի: Օ­տա­րում՝ հայ­րե­նի­քէն, ազ­գէն ու ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րէն:
Ա­հա թէ ին­չու սփիւռք ու­նե­ցող հայ­րե­նիք­ներ պե­տա­կան ծրա­գիր կը մշա­կեն, յա­տուկ պիւտ­ճէ կը տրա­մադ­րեն, կրթա­կան ու քա­րոզ­չա­կան հսկայ աշ­խա­տանք կը ծա­ւա­լեն, որ­պէս զի ազ­գին սփիւռ­քեան հա­տո­ւա­ծը հո­գե­պէս ու քա­ղա­քա­կա­նա­պէս չխզո­ւի հայ­րե­նի­քէն:
­Մեր պա­րա­գա­յին, ա­նուղ­ղայ (փա­րա­տոք­սալ) կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծուե­ցաւ վե­րան­կա­խաց­ման ա­ռա­ջին օ­րէն ու կը շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ հի­մա: Ս­փիւռ­քը ինքն է, որ տէր կանգ­նե­ցաւ ու կը շա­րու­նա­կէ  կանգ­նիլ ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին անխ­զե­լի մա­սը կազ­մե­լու իր ի­րա­ւուն­քին, ի հե­ճուկս ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան-իշ­խա­նա­կան հին թէ նոր ղե­կա­վա­րու­թեան, որ միշտ փոր­ձեց ու կը շա­րու­նա­կէ փոր­ձել բա­ժան­ման սահ­մա­նա­գիծ մը քա­շել ­Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռ­քի հա­յու­թեան մի­ջեւ եւ կամ՝ սփիւռ­քը  ու­նե­նալ… գրպա­նի մէջ…:
Ազ­գա­յին ու բա­րո­յա­կան պար­տադ­րանք­նե­րը պահ մը նոյ­նիսկ ան­տե­սե­լով եւ միայն ի­րա­պաշտ, իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու սի­րած բա­ռով՝ «բրակ­մա­թիք»  հա­շո­ւարկ­ներ կա­տա­րե­լով  մեր ղե­կա­վար­նե­րը չգիտ­ցան կամ չես գի­տեր ին­չու չու­զե­ցին գիտ­նալ   այն պար­զա­գոյ­նը, զոր ի լուր աշ­խար­հին  բարձ­րա­ձայ­նած էր օ­տար դի­ւա­նա­գէտ-քա­ղա­քա­կան  գոր­ծի­չը.
Ատր­պէյ­ճան նաւթ ու­նի, իսկ ­Հա­յաս­տան՝ սփիւռք…
Ե­րե­սուն  տա­րի ա­ռաջ սփիւռ­քա­հա­յը պի­տա­կա­ւո­րո­ւե­ցաւ «ՕՏԱ-ՐԵՐԿՐԱՑԻ», զոր չէր լսած ան իր ապ­րած օ­տար երկ­րի օ­տար իշ­խա­նա­ւո­րէ մը, նոյ­նիսկ՝ տե­ղա­ցի պարզ քա­ղա­քա­ցի­նե­րէ:
Իսկ ե­րե­սուն տա­րի վերջ, այ­սօր, ­Հա­յաս­տա­նէն հարց տո­ւող կայ սփիւռ­քա­հա­յուն՝ « ­Մու­րատ, ո՞րն է քու հայ­րե­նիքդ…:
Ափ­սո՜ս…
­Տա­րի­ներ ա­ռաջ, հան­րա­յին հան­դի­պու­մի մը ըն­թաց­քին, այս գրու­թեան ո­գիով երբ սփիւռ­քի  նախ­կին նա­խա­րա­րու­հի՝ Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեա­նին յայտ­նե­ցի  վրա­ցի նա­խա­գա­հի վե­րո­յի­շեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ան դի­պուկ յա­ւե­լում մը ը­րաւ. «մա­նա­ւանդ որ նաւ­թը կը  սպա­ռի, մինչ մար­դու­ժը կ’ա­ւել­նայ…»:
­Բայց…­նոյն մտայ­նու­թիւ­նը կը յա­մե­նայ տա­կա­ւին:
­Կը թո­ւի, թէ ­Հա­յաս­տան-սփիւռք խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րը մնա­ցած են ի­րենց ձե­ւա­կան պա­րու­նա­կին մէջ եւ մտայ­նու­թեանց բե­կում չեն յա­ռա­ջա­ցու­ցած:
Այ­լա­պէս, ինչ­պէ՞ս պի­տի բա­ցատրո­ւի ­Հա­յաս­տան մուտ­քի այն ար­գել­քը,  որ նո­րերս զա­ւեշ­տա­լի պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րով դրո­ւե­ցաւ ե­րեք սփիւռ­քա­հա­յու դի­մաց, ո­րոնց­մէ մին հայ­րե­նի­քի հա­մար պայ­քա­րող-մարտն­չող ֆրան­սա­հայ հան­րա­ծա­նօթ ու հան­գա­մա­նա­ւոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն, միւ­սը հայ դա­տի նո­ւի­րեալ մը, իսկ եր­րոր­դը… ճիշդ է կար­դա­ցած­նիդ՝ 22-23 տա­րե­կան ե­րի­տա­սար­դու­հի, որ ­Հո­լան­տա­յէն իր հայ­րե­նի­քը գա­ցած էր բա­նա­կու­մի մաս­նակ­ցե­լու խան­դա­վա­ռու­թեամբ:
­Թէ տա­կա­ւին ար­գի­լո­ւած­նե­րու ցան­կը որ­քան եր­կար է, ցանկ կա՞յ թէ չկայ, մարդ չի գի­տեր…­ Հիչ­քո­քեան suspense: Կ­’եր­թաս ­Հա­յաս­տան, ուր օ­դա­կա­յա­նին մէջ կը պար­զո­ւի, թէ  ցան­կին մէ՞ջ ես կամ չես:
­Գի­տենք, որ աշ­խար­հի սկիզ­բէն ի վեր ուժ  ու­նե­ցո­ղը կը գոր­ծա­ծէ իր ու­ժը, բայց ոչ ան­հե­թեթ հա­մե­մա­տու­թեամբ: Այ­սինքն, պար­զա­պէս ուժդ ցու­ցադ­րե­լու նպա­տա­կով բաց դու­ռը չես խոր­տա­կեր ներս մտնե­լու հա­մար:
Են­թադ­րե­լի է, բայց ոչ զար­մա­նա­լի, որ ­Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան  վար­չա­պե­տը հրա­հան­գո­ղը ե­ղած ըլ­լայ հայ­րե­նա­կա­րօտ սփիւռ­քա­հա­յե­րու հայ­րե­նիք մուտ­քի ար­գել­քին: Այ­լա­պէս, ըստ իր  յո­խորդ նկա­րագ­րին ու բնա­ւո­րու­թեան, մի­ջամ­տած պի­տի ըլ­լար ան, Ազ­գա­յին Անվ­տան­գու­թեան ­Ծա­ռա­յու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը պի­տի յան­դի­մա­նէր, որ ի­րենց այս ա­րար­քով ոչ թէ կ’ա­պա­հո­վեն պե­տու­թեան անվ­տան­գու­թիւ­նը, այլ ընդ­հա­կա­ռակն.  վտանգ կը դառ­նան հայ­րե­նի պե­տու­թեան վար­կին ու հե­ղի­նա­կու­թեան:
­Զար­մա­նա­լին եւ ընդվ­զե­ցու­ցի­չը վար­չա­պե­տի  ո­րո­շու­մէն ետք, պա­րա­գան է բազ­մա­թիւ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու, ո­րոնց կար­գին նաեւ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու,ո­րոնք ոչ միայն կ’ար­դա­րաց­նեն  ըստ ա­մե­նայ­նի դա­տա­պար­տե­լի ան­հա­մա­չափ ու­ժի այս ան­հե­թեթ կի­րար­կու­մը, այ­սինքն ­Հա­յաս­տան մուտ­քի ան­հասկ­նա­լի ար­գել­քը, այլ նաեւ  կողմ­նա­կից են ա­նոր:
­Պայ­ման չէ, որ հա­մա­ձայն ըլ­լաս կամ նե­րո­ղա­միտ՝ տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ  ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ներ­կա­յայ­ցու­ցիչ­նե­րու դէմ բո­ղո­քի ա­մէն շար­ժու­ձե­ւի ու ո­ճի: ­Նոյ­նիսկ բնա­կան ի­րա­ւունք է դա­տա­պար­տել զա­նոնք: Վս­տա­հա­բար կան նաեւ այն­պի­սի­ներ, ո­րոնք գոր­ծող կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ բո­ղո­քող ըլ­լա­լով հան­դերձ, ի­րենց քա­ղա­քա­կան ճա­շա­կին կամ ըմբռ­նում­նե­րուն յա­րիր չնկա­տեն բո­ղո­քի ար­տա­յայ­տու­թեան   այս կամ այն ձե­ւը ու մաս­նա­կից չդառ­նան ա­նոր…: ­Հար­ցա­կան է հի­մա, թէ իշ­խա­նու­թեան դրած մուտ­քի ար­գել­քը այդ ե­րեք սփիւռ­քա­հա­յուն բո­ղո­քող ըլ­լալ­նո՞ւն , թէ ա­նոնց դրսե­ւո­րած բո­ղո­քի ձե­ւին, այ­սինքն՝ ­ճա­շա­կին  հա­մար է …:
­Յա­մե­նայն­դէպս, ո­րե­ւէ պա­րա­գա­յի Հա­յաս­տա­նով տագ­նա­պող, բայց սփիւռ­քի մէջ ապ­րող պան­դուխտ հա­յուն աք­սո­րել իր սե­փա­կան հայ­րե­նի­քէն, պար­զա­պէս ու­ժի ան­հե­թեթ կի­րար­կում է,  որ ար­դա­րա­ցում չու­նի եւ որ պէտք չէ կրկնո­ւի, մա­նա­ւանդ պէտք չէ «օ­րէն­քի» ուժ ստա­նայ ան այն­պէս, ինչ­պէս  որ կ’ա­ռա­ջար­կեն կարգ մը մտա­ւո­րա­կան­ներ պարզ ա­նոր հա­մար, որ չքա­նայ տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ եր­կի­րը անձ­նա­կան քմայ­քով կը կա­ռա­վա­րո­ւի…:
Այս խնդի­րը լրագ­րա­կան պարզ լուր մը  չէ, որ իր այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը կորսնց­նէ ու մո­ռա­ցու­թեան մատ­նո­ւի՝ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան նո­րո­վի ու ող­բեր­գա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն պատ­ճա­ռով: Լր­ջա­գոյնս մտա­հո­գիչ է ու յղի, ո­րուն հա­մար անհ­րա­ժեշտ է հնա­րա­ւոր ա­մէն մի­ջո­ցի դի­մել ու մի­ջամ­տու­թիւն­ներ կա­տա­րել՝ վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար  աք­սո­րեալ ե­րեք սփիւռ­քա­հա­յու հայ­րե­նիք մուտ­քի անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւուն­քը:
Ափ­սո՜ս, որ նո­րա­նոր տագ­նապ­ներ կը ստեղ­ծենք, երբ այն­քան տագ­նա­պա­լի է հայ­րե­նի­քի ճգնա­ժա­մը, ո­րուն մէջ կը գա­լա­րո­ւի ան ա­նո­րոշ  ներ­կա­յի մը մէջ եւ նոյն­քան ա­նո­րոշ ա­պա­գա­յի մղձա­ւան­ջով…: