Մ.Ա.Կ.-ի Ընդհանուր վեհաժողովի 81-րդ նստաշրջանի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հանդիպումը։
Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման ուղղուած հարցեր։ Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են սերտօրէն համագործակցելու՝ Հայաստան-Յունաստան յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու ուղղութեամբ։ Կարեւորուած է նաեւ երկկողմ բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու կազմակերպումը։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Քիրիաքոս Միցոթաքիս անդրադարձած են երկկողմանի տնտեսական կապերու ընդլայնման, ինչպէս նաեւ երկկողմանի օրակարգին վերաբերող այլ հարցերու։
Հանդիպման ընթացքին մտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան վերաբերող ծրագիրներուն շուրջ։