Կազմակերպութեամբ Փենտելիի քաղաքապետութեան եւ յունական հասարակական միութիւններու, քաղաքին մէջ ընթացող 27-րդ միջազգային բազմամշակութային փառատօնին ծիրէն ներս, Յունաստանի Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ Փենտելիի մէջ գտնուող Փլաքենտիասի դքսուհիի պատմական ապարանքին մէջ։ Շէնքը, իր իւրայատուկ գեղեկցութեամբ, պատմական եւ մշակութային արժէք ներկայացնող համալիր մըն է, ուր տեղի կ՚ունենան ուշագրաւ մշակութային ելոյթներ։
Փառատօնի յայտագիրին մէջ ընդգրկուած էին պարախումբեր եւ երգչախումբեր, որոնք կը ներկայացնէին Յունաստանը, Հայաստանը, Մոլտավիան, Վրաստանը եւ Ուքրանիան։ Այս շրջագիծէն ներս, Համազգայինի պարախումբի ելոյթը յատուկ փայլ մը տուաւ երեկոյին, երանգաւորելով փառատօնի մթնոլորտը։
Յատկանշական եղաւ Ճափոնի դեսպանութեան հաւատարմարի ներկայութիւնը, որուն անձին մէջ պարգեւատրում կատարուեցաւ եւ գնահատանք արտայայտուեցաւ Ճափոնի ժողովուրդին հանդէպ, յարգելով 1922-ի Փոքր Ասիոյ աղէտին ժամանակ ճափոնական «Թոքէյ Մարու» նաւուն կողմէ մօտ 800 հայ եւ յոյն գաղթականներու փրկութիւնը։ Ելոյթի խօսքերուն ընթացքին քանիցս նշում եղաւ հայ եւ յոյն տարագրեալներուն, որոնք Զմիւռնիոյ աղէտի պահերուն կարողացան փրկուիլ եւ Յունաստան ապաստանիլ, շնորհիւ ճափոնական նաւի ղեկավարի ու անձնակազմի հերոսական փրկարար գործին։ Այս առիթով, ճափոնցի դիւանագէտը ստացաւ շարք մը յուշանուէրներ եւ երախտագիտութիւն յայտնեց յոյն ժողովուրդին՝ կատարուած պատիւին համար։
Այնուհետեւ, յայտագիրը բաւական ճոխ ու ընդգրկուն եղաւ, ներկայացնելով երկիրներու ժողովրդագրական արուեստը պարով ու երգով։ Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Էտկար Էկեանի, գեղեցիկ տարազներով ներկայացուց հայկական աւանդական երեք պարեր, որոնք մեծապէս տպաւորեցին ներկաները։ Ծափահարութիւնները իրար յաջորդեցին, արտայայտելով ներկայ բազմութեան խանդավառութիւնն ու գնահատանքը։
Նշենք, թէ ամառուան ընթացքին Յունաստանի մէջ իրագործուող մշակութային փառատօներու ծիրէն ներս, Համազգայինի ներկայութիւնը միշտ տպաւորութիւն կը թողէ, հիացնելով օտար հանդիսատեսները՝ հայկական պարերու ճոխութեամբ եւ պարախումբի անդամներու արհեստավարժ ներկայացումներուն շնորհիւ։










