Արցախի դէմ՝ ատրպէյճանական վտանգաւոր նոր ճակատ
27 Սեպտեմբեր 2020-ը Արցախի դէմ 44-օրեայ պատերազմի շղթայազերծման տխրահռչակ թուականն է, որ երեք տարի յետոյ, նոյն օրերուն, առաջնորդեց մեր արծուաբոյնի հայաթափման, բնիկ հայութեան զանգուածային տեղահանութեան եւ Արցախի հայկական պետութեան փլուզման։
Սակայն, Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը չէ աւարտած իր ռազմական յաղթանակով։ Պաքուի համար այսօր բացուած է նոր ճակատ մը՝ հայկական դարաւոր ինքնութեան վերացումը պատմութեան էջերէն։ Զէնքի ուժով Արցախի բռնի գրաւումէն ետք, այսօր այլեւս հայկական պատմական ներկայութիւնը ջնջելու փորձը կը կատարուի քարոզչութեամբ, պետականօրէն մշակուած պատմական կեղծիքներով եւ միջազգային հանրութեան ուղղուած հետեւողական արշաւով։
Գանձասարի եւ Դադիվանքի հայկական ինքնութիւնը կասկածի տակ առնելու, զանոնք Կովկասեան Աղուանքի ժառանգութիւն ներկայացնելու եւ հայկական կողմը նոյնիսկ մշակութային արժէքներ «գողնալու» մէջ մեղադրելու ատրպէյճանական վերջին յայտարարութիւնները այս քաղաքականութեան նոր հանգրուանն են։ Պաքու այլեւս չի փորձեր վերահսկել միայն Արցախի ներկան, այլ նենգաբար կը միտի վերաշարադրել Արցախի անցեալը։
Աւելի մտահոգիչ է, որ այդ արշաւը աստիճանաբար կը տեղափոխուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին վերաբերող պատմական կեղծ պնդումներու դաշտ։ «Արեւմտեան Ատրպէյճան համայնք»-ին կողմէ Հայաստանի տարածքին գտնուող եկեղեցիներու, վանքերու եւ խաչքարերու «աղուանական ժառանգութիւնը» ուսումնասիրելու աշխատանքային խումբի ստեղծումը եւ անոր հրապարակած ուսումնասիրութիւնը՝ տեղահանուած ատրպէյճանցիներու «վերադարձին» մասին պատմական եւ մշակութային հիմքերուն, կարելի չէ դիտել որպէս պատմագիտական անմեղ նախաձեռնութիւն։ Յատակ է, որ Ատրպէյճան ամէն ճիգ ի գործ դրած է որպէսզի պատմական կեղծիքը վերածուի քաղաքական օրակարգի։
Այստեղ է, որ հայկական կողմին պատասխանատուութիւնը կը դառնայ առանձնապէս ծանր։ Պետութիւնը չի կրնար այլեւս բաւարարուիլ հերթական յայտարարութիւններով կամ Պաքուի պնդումներուն ուշացած հակադարձումով։ Ատրպէյճանի փորձերուն դիմաց՝ միջազգային հանրութեան առջեւ կազմելու նոր պատմական իրականութիւն մը, Հայաստանի պարտաւորութիւնն է նոյն միջազգային հարթակներուն վրայ հետեւողականօրէն փաստագրել ու պաշտպանել Արցախի հայկական ժառանգութիւնը։
Մինչ Հայաստանի քաղաքական կեանքը կը մնայ ներքին սուր հակադրութիւններու մէջ, Պաքու կը գործէ մէկ ռազմավարական ուղղութեամբ։
Արցախի պատմական իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը պէտք է դառնայ համահայկական քաղաքական առաջնահերթութիւն։ Խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումը ինքնին չի կրնար նկատուիլ որպէս վերջնական նպատակ, եթէ անոր ճանապարհին հայկական կողմը աստիճանաբար կը հրաժարի իր պատմական եւ քաղաքական օրակարգէն։ Կարելի չէ խաղաղութիւնը շփոթել լռութեան հետ, իսկ բանակցային գործընթացը՝ միակողմանի զիջումներու հետ։ Այն պահուն, որ ատրպէյճանական կողմը կը ձգտի միջազգային ասպարէզէն հեռացնել Արցախի հայկականութեան փաստը, հայկական կողմը այլեւս պէտք չէ իր լռութիւնը ներկայացնել որպէս խաղաղութեան գին։
Պաքու կը փորձէ ջնջել հայկական հետքը նախ փաստաթուղթերէն, ապա միջազգային յիշողութենէն եւ ի վերջոյ՝ պատմութենէն։ Այս գործընթացին դիմաց հայկական պատասխանը պէտք է ըլլայ միասնական, հետեւողական եւ պետականօրէն կազմակերպուած։
Արցախը հայափաթումը ծանրագոյն կորուստ մը եղաւ հայութեան համար։ Սակայն, Արցախի պատմութիւնը ուրիշներու ձեռքով վերաշարադրել տալը պիտի ըլլայ այդ կորուստի երկրորդ ու աւելի խոր հետեւանքը։ Այդ մէկը կանխելը միայն Արցախի հարցը չէ։ Այսօր, աւելի քան երբեք՝ համազգային պատասխանատուութիւն է։










