Չորեքշաբթի՝ 13 Փետրուար 2019ի երեկոյեան ժամը 7ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի եկեղեցական հանդիսաւոր արարողութիւնը, նախագահութեամբ՝ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի, մասնակցութեամբ՝ եկեղեցւոյ սարկաւագներուն, կիսասարկաւագներուն, ուրարակիրներուն եւ դպիրներուն, եւ ներկայութեամբ՝ Թեսաղոնիկէի հայերու հոծ բազմութեան։
Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման տօնին առիթով, նախատօնակի աւարտին՝ շրջանի Հոգեւոր Հովիւը կատարեց նաեւ մանուկներու ընծայումը Ս. Խորանին՝ «Քրիստոս Փառաց Թագաւոր…» տաղին ընկերակցութեամբ։ Առանձնապէս ոգեւորիչ էր տեսնել, որ հետեւելով Հոգեւոր Հովիւի կոչին՝ բազմաթիւ ծնողներ իրենց զաւակները բերած էին. նաեւ՝ մեծաթիւ Թեսաղոնիկէի հայ հաւատացեալներ, թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ շրջափակին մէջ, իրենց ներկայութեամբ քաջալեր հանդիսացան մեր ժողովուրդի այս գեղեցիկ աւանդութեանց ու սովորութեանց պահպանման։
Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ աւետարանական հատուածին՝ Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայումին եւ ըսաւ.- «Որպէս ծնողներ, պարտաւորութիւն ու պարտականութիւն ունիք ձեր զաւակները ուղարկելու եկեղեցի, որպէսզի անոնք կամաց-կամաց գիտնան մեր եկեղեցւոյ սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, սորվի՛ն, մտածե՛ն, խօսի՛ն, վկայե՛ն ու մանաւանդ իրենք ալ իրենց կարգին, իրենց յաջորդներուն փոխանցեն։ Այս տօնը մեզի պատգամ մը կու տայ, եւ այդ պատգամը կը թելադրէ մեր զաւակները նուիրել ազգին, ընծայել եկեղեցւոյ, որպէսզի անոնք մեծնան բարոյական արժէքներով ու ազգային վառ ապրումներով»։
Ապա՝ Հայր Սուրբը Ս. Խորանին վրայ զետեղուած Քրիստոսի մոմէն վառեց եկեղեցւոյ ատեանը դրուած երեք մոմերը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներուն մոմերը, որպէս խորհրդանիշ Ս. Երրորդութեան եւ որպէս Քրիստոսի լոյս՝ զայն տարածելու համայն աշխարհին։ Նախատօնակի ընթացքին, տեղի ունեցաւ տարուան առաջին Անդաստանի գեղեցիկ ու զմայլիչ եկեղեցական արարողութիւնը՝ օրհնելով աշխարհի չորս կողմերը։
Ապա՝ Հայր Սուրբը, եկեղեցւոյ սապասաւորներուն ընկերակցութեամբ եւ «Ուրախ Լեր…» շարականով թափօր կազմած՝ եկեղեցւոյ բակին մէջ վառեց աւանդական կրակը։ Հաւատացեալներ, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ որպէս զուարճանք ցատկեցին կրակին վրայէն եւ, իրենց հետ առնելով Քրիստոսի լոյսը, տարին իրենց տուները՝ որպէս օրհնութիւն։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ երգուեցան Հ.Հ. քայլերգն ու «Կիլիկիա» մաղթերգը։
Հայկական աւանդութեան համաձայն, հոծ բազմութեան ներկայութեան, «Համազգային»ի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի հովանաւորութեան տակ գտնուող «Մասիս» պարախումբը ճոխացուց օրուան յայտագիրն ու ներկաներուն առաւել եւս եռանդ տուաւ՝ շուրջպար բռնելով կրակին շուրջ՝ պարելով եւ մեծ ուրախութիւն պատճառելով բոլորին անխտիր։
Եկեղեցական արարողութենէն եւ կրակի հրավառութենէն ետք, կազմակերպութեամբ «Համազգային»ի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ փոքր հիւրասիրութիւն, ինչպէս նաեւ՝ կամաւոր տիկինի մը կողմէ իր ծննդեան տօնին առիթով հիւրասիրութիւն։
Աւարտին, Հայր Սուրբը անգամ մը եւս իր սրտի գոհունակութիւնը յայտնեց վարչութեան անդամ-անդամուհիներուն, օրուան հիւրասիրողին, Թաղական Խորհուրդին, որոնք անձնուիրաբար եւ կամաւոր կերպով իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն գաղութի վերելքին, թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս՝ առաւել վառ պահելով հայ մշակոյթն ու հայ ազգի գոյատեւման բոլոր կռուանները։
Պէտք է ըսել, որ Տեառնընդառաջի տօնը մեծ հանդիսաւորութեամբ ու ժողովուրդի հոծ բազմութեան գնահատանքի բարձր արժանացումով նշուեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ։
Տեառնընդառաջի տօնը նշուեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ
Տեառնընդառաջի տօնը մեծ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ