­Կի­րա­կի, 13 ­Սեպ­տեմ­բեր 2026-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, հո­գե­ւոր ու­րա­խու­թեամբ եւ հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ նշո­ւե­ցաւ ­Սուրբ ­Խաչ­վե­րա­ցի տօ­նը։
Ա­ռա­ւօ­տեան մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ­Սուրբ եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ՝ նո­ւի­րո­ւած Ս. ­Խա­չի փա­ռա­ւոր տօ­նին։ ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց եւ օ­րո­ւան խոր­հուր­դին մա­սին քա­րո­զեց շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Ե­ղիա վրդ. ­Մալ­խա­սեան: ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան մեր հա­մայն­քի հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դի ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք հա­մախմ­բո­ւե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ սրբա­զան կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ՝ միաս­նա­կան ա­ղօթ­քով եւ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի վկա­յու­թեամբ նշե­լու Ս. ­Խա­չի վե­րաց­ման եւ փա­ռա­ւոր­ման խոր­հուր­դը։
­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ մեր ե­կե­ղե­ցա­կան ա­ւան­դու­թեան մաս կազ­մող ռե­հա­նի օրհ­նու­թիւ­նը, ա­պա՝ ան­դաս­տան, ո­րուն ըն­թաց­քին ա­ղօթք­ներ բարձ­րա­ցան առ Աս­տո­ւած՝ հայ­ցե­լով ա­նոր օրհ­նու­թիւ­նը, խա­ղա­ղու­թիւ­նը եւ պահ­պա­նու­թիւ­նը մեր ժո­ղո­վուր­դին, հայ­րե­նի­քին ու հա­մայն աշ­խար­հին։
­Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, ­Սուրբ ­Խա­չի խոր­հուր­դով վե­րա­նո­րո­գո­ւած, ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին այս գե­ղե­ցիկ հո­գե­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան՝ ապ­րե­լով տօ­նա­կան օ­րո­ւան օրհ­նա­բեր մթնո­լոր­տը եւ հա­ղոր­դա­կից դառ­նա­լով մեր սրբա­զան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն։
­Թող ­Սուրբ ­Խա­չը միշտ ըլ­լայ մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­ւատ­քի, յոյ­սի եւ փրկու­թեան նշա­նը եւ իր օրհ­նու­թեամբ պա­հէ ու ա­ռաջ­նոր­դէ մեր հա­մայն­քը։
Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին ե­կե­ղեց­ւոյս թա­ղա­յին խոր­հուր­դին եւ տիկ­նանց մար­մի­նին կող­մէ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մեստ հիւ­րա­սի­րու­թիւն:

ԹՂԹԱԿԻՑ