Կիրակի՝ 1 Ապրիլ 2018ի երեկոյեան ժամը 7ին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով, Թեսաղոնիկէի մօտաւորապէս 1450 հոգինոց «Μέγαρο Μουσικής» սրահէն ներս, ներկայացուեցաւ Mozartի «Requiem» գործը՝ Թեսաղոնիկէի պետական նուագախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ՝ Միխալիս Իքոնոմույի։ 4 երգիչ մենակատարներ (Solist), պետական նուագախումբը եւ Թեսաղոնիկէի քառաձայն երգչախումբը հիանալի կատարումով մեկնաբանեցին Mozartի «Requiem»ը՝ գեղարուեստական վայելքի պահեր նուիրելով օրուան ներկայ գտնուողներուն։
Չորս մենակատարներէն մէկը, որ Թեսաղոնիկէի հայութեան ծխականներէն է, սոփրանօ ձայնով երգչուհի տիկ. Սիրանոյշ Չալըքեան, իր բուն՝ Mozartի յարմար ձայնով, բարձրորակ կատարում մը ունեցաւ, ներկայութեամբ յոյն եւ հայ հոծ բազմութեան։ Պէտք է ըսել, որ սրահը ամբողջութեամբ լեցուն էր։
Նշենք, որ Թեսաղոնիկէի «Μέγαρο Μουσικής»ի գեղարուեստական տնօրէնը՝ պրն. Եորղոս Լազարիտիսը, որ Եւրոպայի լաւագոյն դաշնակահարներէն մէկն է, անձնապէս շնորհաւորեց տիկ. Չալըքեանին՝ իր կատարած անմոռանալի կատարումին ու ելոյթին համար։ Կ’արժէ շեշտել, թէ Թեսաղոնիկէի պետական նուագախումբը ամենալաւ ու բարձրորակ մակարդակ ունեցող նուագախումբներէն է թէ՛ Յունաստանի եւ թէ Միջերկրականեան երկիրներուն մէջ. նուագախումբին մնայուն անդամ է նաեւ Ռոզա Թերզեան, որ ալտի (Βιόλα) լաւագոյն նուագողներէն մէկն է։
Համերգին նաեւ ներկայ գտնուեցան «Համազգային» կրթական եւ մշակութային միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Տիրուհի Ղալիլէա-Գալֆայեան եւ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի անդամ եւ Կ.Կ.ի ներկայացուցիչ Պետրոս Հալաճեան, որոնք ջերմօրէն շնորհաւորեցին հայ երաժիշտները։
Նոյն ելոյթը մեծ յաջողութեամբ կրկնուեցաւ նաեւ Աւագ Չորեքշաբթի օր՝ 4 Ապրիլ 2018ին, Κέρκυρα կղզիի պետական թատրոնին մէջ։
Սիրանոյշ Չալըքեան
Սոփրանօ մենակատար երգչուհի տիկ. Սիրանոյշ Չալըքեանի անմոռանալի կատարումը՝ Թեսաղոնիկէի մէջ (Mozart - Requiem)