­Կի­րա­կի՝ 1 Ապ­րիլ 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, Ս. ­Զատ­կո­ւան տօ­նին ա­ռի­թով, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մօ­տա­ւո­րա­պէս 1450 հո­գի­նոց «Μέγαρο Μουσικής» սրա­հէն ներս, ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ Mozartի «Requiem» գոր­ծը՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի պե­տա­կան նո­ւա­գա­խում­բին կող­մէ, ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ ­Մի­խա­լիս Ի­քո­նո­մու­յի։ 4 եր­գիչ մե­նա­կա­տար­ներ (Solist), պե­տա­կան նո­ւա­գա­խում­բը եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ռա­ձայն երգ­չա­խում­բը հիա­նա­լի կա­տա­րու­մով մեկ­նա­բա­նե­ցին Mozartի «Requiem»ը՝ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան վա­յել­քի պա­հեր նո­ւի­րե­լով օ­րո­ւան ներ­կայ գտնո­ւող­նե­րուն։
­Չորս մե­նա­կա­տար­նե­րէն մէ­կը, որ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­յու­թեան ծխա­կան­նե­րէն է, սոփ­րա­նօ ձայ­նով երգ­չու­հի տիկ. ­Սի­րա­նոյշ ­Չա­լը­քեան, իր բուն՝ Mozartի յար­մար ձայ­նով, բարձ­րո­րակ կա­տա­րում մը ու­նե­ցաւ, ներ­կա­յու­թեամբ յոյն եւ հայ հոծ բազ­մու­թեան։ ­Պէտք է ը­սել, որ սրա­հը ամ­բող­ջու­թեամբ լե­ցուն էր։
Ն­շենք, որ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Μέγαρο Μουσικής»ի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան տնօ­րէ­նը՝ պրն. Եոր­ղոս ­Լա­զա­րի­տի­սը, որ Եւ­րո­պա­յի լա­ւա­գոյն դաշ­նա­կա­հար­նե­րէն մէկն է, անձ­նա­պէս շնոր­հա­ւո­րեց տիկ. ­Չա­լը­քեա­նին՝ իր կա­տա­րած ան­մո­ռա­նա­լի կա­տա­րու­մին ու ե­լոյ­թին հա­մար։ Կ­’ար­ժէ շեշ­տել, թէ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի պե­տա­կան նո­ւա­գա­խում­բը ա­մե­նա­լաւ ու բարձ­րո­րակ մա­կար­դակ ու­նե­ցող նո­ւա­գա­խումբ­նե­րէն է թէ՛ ­Յու­նաս­տա­նի եւ թէ ­Մի­ջերկ­րա­կա­նեան եր­կիր­նե­րուն մէջ. նո­ւա­գա­խում­բին մնա­յուն ան­դամ է նաեւ ­Ռո­զա ­Թեր­զեան, որ ալ­տի (Βιόλα) լա­ւա­գոյն նո­ւա­գող­նե­րէն մէկն է։
­Հա­մեր­գին նաեւ ներ­կայ գտնո­ւե­ցան «­Հա­մազ­գա­յին» կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Տի­րու­հի ­Ղա­լի­լէա-­Գալ­ֆա­յեան եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ան­դամ եւ Կ.Կ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեան, ո­րոնք ջեր­մօ­րէն շնոր­հա­ւո­րե­ցին հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րը։
­Նոյն ե­լոյ­թը մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ կրկնո­ւե­ցաւ նաեւ Ա­ւագ ­Չո­րեք­շաբ­թի օր՝ 4 Ապ­րիլ 2018ին, Κέρκυρα կղզիի պե­տա­կան թատ­րո­նին մէջ։