ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Ափսո՜ս, Սերգօ Ճանիկեանն ալ գնա՜ց, անվերադարձ:
Անցնող Երեքշաբթիի առաւօտեան ժամերուն, Աթէնքի առաջին գերեզմանատան հողին յանձնուեցաւ անշունչ մարմինը Սերգօ Ճանիկեանին:
Անկէ երեք օր առաջ, տարածուած մահուան գոյժը որքան անսպասելի, նոյնքան եւ ափսոսալի եղաւ այնպէս, որ մարդ ակամայ կը մտածէ, թէ այլեւս ոչ ոք մտքէն անցընէ, որ հողին կանչը շատ հեռու է, իրեն չի հասնիր:
Ո՞վ էր սակայն հողին յանձուած Սերգօ Ճանիկեանը, որու կորուստին համար կ՚ափսոսային իրեն ծանօթ թէ անծանօթ գաղութահայեր, ինչպէս նաեւ ու մանաւանդ զինք ճանչցող յոյն մարդոց լայն շրջանակ մը:
Պարզ հարցում մը, որուն պատասխանելու համար դժուար է բանաձեւ գտնել:
Զինք անձնապէս չճանչցողներու համար «Սերգօ»ն անուն մըն էր աւելի, քան՝ ներկայութիւն մը:
Հակառակ որ իր երիտասարդութեան մաս կազմած էր ան երիտասարդական շարքերուն, ապա նաեւ անկէ անդամագրուած՝ Հ.Յ.Դ.-ին, բայց եւ այնպէս գաղութի ազգային ու հանրային կեանքին մէջ մնայուն բացակայ մըն էր ան, բայց եւ միշտ՝ ներկայ:
Հակասական այս բանաձեւումը անոր համար, որ հանդէսներէն, ձեռնարկներէն ու հաւաքոյթներէն կամ ժողովներէն մնայուն բացական էր ան, բայց միշտ ներկայ՝ երբ իրեն կը դիմուէր իր բարոյական թէ նիւթական օգնութեան կամ բարենպաստ միջամտութիւններու համար՝ պետական կամ յունական գործարարական աւագանիի շրջանակին մօտ, որուն, կարելի է ըսել, թէ մաս կը կազմէր նաեւ ի՛նք:
Անձնապէս ոչ բարեկամ եղած եմ իրեն, ոչ ալ յաճախակի յարաբերութիւններ ունեցած եմ հետը: Հազուադէպ ու պատահական կարճ հանդիպումներ միայն:
Շատ տարիներ առաջ զինք ճանչցած եմ իր հօրը՝ Ժիրայր Ճանիկեանի միջոցով, որ հաւատաւոր դաշնակցական մըն էր եւ նուիրեալ կուսակցական ու ազգային գործերու՝ համբաւեալ անկեղծութեամբ եւ ուղղամտութեամբ:
Այդ տարիներուն, պարթեւահասակ, աշխոյժ, գեղադէմ ու իր ժպտուն դէմքով գրաւիչ եւ համակրելի երիտասարդ մըն էր Սերգոն: Գրաւիչ ու համակրելի մնաց հետագայ տարիներուն ալ: Անձնական փոքր աշխատանոցի մը մէջ սկսնակ մը՝ ոսկերչական ասպարէզի մէջ: Յարաբերաբար կարճ ժամանակի ընթացքին լման հասակով մուտք գործեց ան ոսկերչական գործարարներու բարձր մակարդակներէ ներս եւ «Սերգօ» իր անունով պատուաբեր ու փնտռուած հաստատութիւն մը հիմնեց:
Թէ ինչպէս իր ասպարէզի կարծր մրցակցութեան պայմաններու տակ, Աթէնքի ոսկերչական շուկային մէջ յաջողեցաւ ու բարձր տեղերու հասաւ, ինք միայն գիտէ: Կ՚ենթադրեմ, թէ իր հրապուրիչ կերպարը եւ ազնիւ նկարագիրը նպաստած ըլլան իր վերելքին, բայց կը կարծեմ, թէ յաջողութեան բուն բանալին անոր սրտի հարստութիւնը եղած պիտի ըլլայ:
Արհեստակիցները մրցակից չնկատելու, այլ զանոնք գործակից համարելու, անոնց հետ անկեղծ գործակցութեան ճամբու մէջ մտնելու, իրարու օգտակար դառնալու ազնիւ վարքուբարքն է , որ վստահելի անձ ու բարեկամ դարձուցած ըլլայ զինք:
Մէջբերում մը. մեր գաղութին մէջ հինէն ու մինչեւ հիմա շարունակուող սովորութիւն է Ծնունդի նախորդ գիշեր երգեցիկ խումբերով հայկական տուներ շրջիլ, «Խորհուրդ մեծ»ով Յիսուսի ծնունդը աւետել եւ… կոկիկ գումար ապահովել միութիւններուն համար: Երգեցիկ խումբի մը վկայութիւնը տարիներ առաջ, «երբ Սերգօ Ճանիկեանի տունը մտանք, տեսանք, որ սեղանի մը շուրջ Սերգոյին հետ թղթախաղի մէջ են յունական հասարակական կեանքի մէջ ծանր կշիռ ունեցղ անձնաւորութիւններ…:» Յայտնօրէն Սերգոյին դասաւորածն էր, որպէսզի այդ գիշեր իրենց այցելող երգեցիկ խումբին գանձանակը դրամով յորդի…:
Հանգուցեալը իր ունեցած ծանօթութիւնները չէր խնայեր՝ օգնելու համար ծանօթ թէ անծանօթ հայերու: Ինծի պէս բազմաթիւ են վկայողները, որ Լիբանանէն ու Սուրիայէն եկած երիտասարդներուն որքան օգնած է՝ անոնց կեցութեան արտօնագիր հայթայթելով ու գործ ապահովելով…: Անձիս ալ հասած է իր օգնութիւնը:
Այն հին տարիներուն, երբ կեցութեան ու աշխատանքի յատուկ արտօնագրով գործելու վիճակի մէջ կը գտնուէի, պատահեցաւ, որ վերջին դիմումիս մերժուեցայ եւ կարմիր մելանով ընդգծուած երկիրը լքելու վճիռի մը առջեւ գտնուեցայ:
Առաջնորդարանի եւ կրթական հաստատութեան թէ այլ պաշտօնական նամակներով դիմումներ կամ քաղաքական մարդոցմէ միջամտութեան խնդրանքներ ապարդիւն անցան: Յուսահատութիւն եւ անճրկում: Առարկութիւնը այն էր, որ երբ վճիռը կարմիր մելանով է, զայն բեկանելը շա՜տ-շա՜տ դժուար է, գրեթէ անկարելի: Հանգուցեալը իմացաւ, լո՜յս հոգւոյն, թելադրեց, որ վաղն իսկ նահանգապետարան երթամ եւ քաղաքացիութեան դիմումնագիր ներկայացնեմ ու զիս հանդարտեցնելու եւ տատամսումս փարատելու համար աւելցուց զարմացնող ինքնավստահութեամբ. «Հոգ մի ըներ, համարէ, որ կարգադրուած է արդէն»: Եւ իրապէս. պատկան նախարարութենէն չուշացաւ պաշտօնագիրը, որ քաղաքացի դառնալու դիմումս ընդունուած ըլլալով կը հրաւիրուէի նահանգապետարան երդումս տալու…:
Չգիտցող չկայ, եւ հո՛ս ապրողները լաւ գիտեն, որ նման ծառայութիւններ իրենց փոխհատուցումը ունին ընդհանրապէս՝ զանազան տեսքով: Ոսկերի՞չ ես, ուրեմն ոսկեղէնի տեսքով եւ այլն: Եւ վստահաբար, որ սիրեցեալ Սերգոն ալ զերծ չէր մնար փոխհատուցումէ: Ան մատուցուած ծառայութիւնը կը փոխադարձէր անաղմուկ ու յօժարակամ, առանց որ իմանան անոնք, որոնց համար կատարուած է այս կամ այն ծառայութիւնը:
Կեանքը ունի նաեւ իր սեւ խաղերը: Որքան ալ ազնիւ, անկեղծ ու ընկերասէր ըլլաս ու բուխ սիրտ ունենաս, միշտ պիտի գտնուին մարդիկ, որ յատկապէս իրենց նեղ օրերուն փորձութիւնը պիտի ունենան չարաշահել ազնիւ հոգիդ ու քեզ զոհ դարձնել քու իսկ ընկերասիրութեանդ, անկեղծութեանդ: Լսողաց եմ, որ Սերգօ Ճանիկեանն ալ անգամի մը համար զոհը դարձած է իր մէկ գործընկերոջ, որուն հանդէպ ունէր աներկբայ հաւատք ու վստահութիւն: Ծանր հարուած մը՝ նիւթական տեսակէտով, այնքան ծանր, որ շատեր թերահաւատ էին, թէ ան պիտի կարենայ վերականգնիլ:
Հարուածին ծանրութիւնը կարճ տեւած է: Կ՚ըսուէր, թէ բարձր մակարդակներու վրայ գտնուող իր բարեկամներէն այնքան սիրուած էր, որ չէին անտեսած իր դիմագրաւած դժուարութիւնը, չէին լքած զինք, մանաւանդ որ հաստատուած էր իր անմեղութիւնը:
Ստուգուած էր, որ զոհ մըն էր ինք, զոհը ընկերասիրութեան ու բուխ սրտին:
Իր փայլուն ասպարէզին մէջ աննշան այս փոքր փակագիծը ոչինչով խանգարած է, որ Սերգօ Ճանիկեանը հպարտ ու ճակատաբաց վերադառնայ իր հաստատուն ու պատուաւոր տեղը՝ Աթէնքի ոսկերչական շուկային մէջ:
Յուղարկաւորութեան՝ յունական հասարակութեան մէջ հանրածանօթ մարդոց բազմութիւնը վկայութիւնն էր հանգուցեալին հանդէպ յարգանքին, մտերմութեան ու սիրոյ: Այդ մարդիկ փութացած էին դամբանը ողողել ծաղկեպսակներով, հակառակ որ ընտանիքին կողմէ յունարէնով տրուած մահազդին մէջ կը խնդրուէր փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւն կատարել Հայ դատի յանձնախումբի՝ դրամատան հաշուհամարի միջոցով:
Կ՚իմանամ, որ արդէն առաջին երկու-երեք օրերու մէջ դրամական նուէրներու գումարը գերազանցած է այն, ինչ որ կարելի պիտի ըլլար պատկերացնել…:
Իր ամբողջ կեանքի մէջ Սերգոն վճիտ հոգիով յատկանշուեցաւ, Ճակատաբաց գործեց եւ սիրուեցաւ բոլորէն:
Նաեւ ճակատաբաց մեկնեցաւ յաւերժին:
Հողը թեթեւ, յիշատակն անթառամ…:










