Հրապարակի վրայ է լրագրող Ալեքսանտրոս Փիղատասի «ΕΘΝΟΣ ΚΑΙ ΕΘΝΙΚΕΣ ΜΕΙΟΝΟΤΗΤΕΣ. Η ΜΕΛΕΤΗ ΤΗΣ ΓΕΝΟΚΤΟΝΙΑΣ ΤΩΝ ΑΡΜΕΝΙΩΝ» (Ազգ եւ ազգային փոքրամասնութիւններ. Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը) գիրքը, որ հրատարակուեցաւ 2021-ի վերջաւորութեան եւ կ՚ընդգրկէ 20-րդ դարու ամենամեծ եղելութիւններէն՝ Հայոց ցեղասպանութեան ներկայացումը, հիմնուած յունական եւ օտար աղբիւրներու վրայ։ Իւրայատուկ այս ուսումնասիրութիւնը հրատարակուած է Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի աջակցութեամբ եւ յենուած է նաեւ յունահայ համայնքի վկայութիւններուն վրայ։
Արժէքաւոր հրատարակութիւն մը, որ պէտք չէ պակսի որեւէ գրադարանէ եւ կարդացուի բոլոր անոնց կողմէ, որոնք հետաքրքրուած են պատմական ճշմարտութեան ուսումնասիրութեամբ։
Ստանալու համար կարելի է դիմել Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը, հեռաձայնելով 2109574973 թիւին։ Գին՝ 16 եւրօ։