Երկուշաբթի, 28 Հոկետմբեր 2024-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30-ին, ­­Նէա Զ­միռ­նիի շրջա­նէն ներս, ­յու­նաց ազ­գա­յին տօ­նին ա­ռի­թով, յու­նաց Այ. ­­Ֆո­թի­նի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք, ա­պա դափ­նեպսակ­նե­րու զե­տե­ղում եւ տո­ղանցք, ­­Նէա Զ­միռ­նիի կեդրո­նա­կան ճամ­բուն վրայ:
­­Նէա Զ­միռ­նիի «Էս­թիա» հրա­պա­րա­կին վրայ յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղու­մը, ուր յա­նուն շրջա­նի յու­նա­հայ հա­մայն­քին՝ դափ­նեպ­սա­կ ­զե­տե­ղեց Յակոբ Կարապետեան։
Ա­պա տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­շա­կեր­տա­կան ու սկաու­տա­կան տո­ղանց­ք, ո­րուն մաս կազ­մեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­­Ֆիք­սի մաս­նա­ճիւ­ղի սկաու­տա­կան խում­բը։