­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 110-րդ ­տա­րե­լի­ցին, ­Յու­նաս­տա­նի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը եւ քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հը հան­դէս ե­կան զօ­րակ­ցա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։ ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Քոնս­տան­տի­նոս ­Թա­սու­լաս հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կա­տա­րեց. «­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան այ­սօ­րո­ւան տխուր 110-րդ ­տա­րե­լի­ցին, կը յի­շենք եւ կը յար­գենք մէ­կու­կէս մի­լիոն ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կը: Ոչ միայն մար­դոց յի­շո­ղու­թեան, այլ նաեւ մարդ­կա­յին խիղ­ճին առ­ջեւ ազ­գա­յին գե­րա­գոյն պար­տա­ւո­րու­թիւն է վե­րա­կանգ­նել պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը եւ մշտա­պէս զգօն ըլ­լալ՝ կան­խե­լու հա­մար նման ա­հա­ւոր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ ա­պա­գա­յին, որ հա­յե­րուն պէս տու­ժած են նաեւ յոյ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ո­րե­ւէ ա­րարք, որ գոր­ծով կամ խօս­քով կը դրդէ խտրա­կա­նու­թիւն, ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւն եւ բռնու­թիւն: ­Մարդ­կու­թեան միակ ճա­նա­պար­հը ու­րիշ չէ, քան խա­ղա­ղու­թեան, հա­մա­գո­յակ­ցու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան ճամ­բան»:
­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քիս ու­ղեր­ձով մը յար­գեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը. «Այ­սօր յար­գան­քի տուրք կը մա­տու­ցենք 110 տա­րի ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 1,5 մի­լիոն զո­հե­րու յի­շա­տա­կին` մնա­լով զգօն՝ բռնու­թեան եւ ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան բո­լոր տե­սակ­նե­րուն դէմ: ­Յոյ­նե­րը եւ հա­յե­րը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ու­նե­ցած են հա­սա­րա­կաց փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ: Ի վեր­ջոյ, այս­տեղ ա­պաս­տան գտան հա­լա­ծանք­նե­րու բազ­մա­թիւ զո­հե­րը: Ա­նոնք դար­ձան մեր ազ­գա­յին հիւ­սո­ւած­քի մաս եւ մեր հա­սա­րա­կու­թեան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան թեւ: Այս­պէս, ան­քակ­տե­լի կը մնայ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու յա­ւեր­ժա­կան ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը յա­նուն Ճշ­մար­տու­թեան, ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան»։
­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ ­Նի­քի­թաս ­Քաք­լա­մա­նիս իր ու­ղեր­ձին մէջ ի մի­ջի այ­լոց յայտ­նեց. «110 տա­րի ան­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մեկ­նար­կէն։
Այդ օ­րը Օս­մա­նեան ­Պոլ­սոյ մէջ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան, չար­չա­րանք­նե­րու են­թար­կո­ւե­ցան եւ սպա­նո­ւե­ցան հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու եւ ա­ռաջ­նորդ­նե­րու մեծ մա­սը: Ա­նոնց հետ միա­սին կա­խա­ղան բարձ­րա­ցան հա­րիւ­րա­ւոր հա­յեր: «­Հա­յե­րու ող­ջա­կի­զու­մը» կը հա­շո­ւէ 1,5 մի­լիոն հա­յե­րու կեան­քը, դառ­նա­լով ա­ւե­լի շա­տե­րու տա­րագ­րու­թեան ու տա­ռա­պան­քի պատ­ճառ: Այ­սու­հան­դերձ, 110 տա­րի յե­տոյ այս սար­սա­փե­լի պատ­մա­կան դէպ­քե­րէն, ­Թուր­քիան կը շա­րու­նա­կէ յա­մա­ռօ­րէն մեր­ժել պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը»:
­Նա­խա­րար­նե­րու կար­գին, ու­շագ­րաւ էին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սի եւ Ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րու նա­խա­րար ­Տոմ­նա ­Մի­խա­յի­լի­տո­ւի։ Եր­կու հա­յա­սէր քա­ղա­քա­կան ան­ձե­րը ի­րենց ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին։ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­տա­պար­տան­քի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կան «­Փա­սօք» կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­Նի­քոս Անտ­րու­լա­քիս, «­Սի­րի­զա» կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­Սոք­րա­թիս ­Ֆա­մե­լոս, «­Յու­նա­կան լու­ծում» կու­սակ­ցու­թեան պետ ­Քի­րիա­քոս ­Վե­լո­փու­լոս, ինչ­պէս նաեւ բազ­մա­թիւ ե­րես­փո­խան­ներ, նախ­կին նա­խա­րար­ներ եւ քա­ղա­քա­պե­տեր։
Ն­շենք նաեւ, թէ Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի ­Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի (Ե.Խ.Խ.Վ.) նա­խա­գահ ­Թէո­տո­րոս ­Ռու­սո­փու­լոս, որ վեր­ջերս ան­բաղ­ձա­լի նկա­տո­ւե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի բռնա­տէր Ա­լիե­ւի կող­մէ, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան օ­րը այ­ցե­լեց ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցեց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին։