(­Մա­յիս 28-ի 107-րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով)

Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան

Ա) ­Շատ բան գրո­ւած է ու շատ բան խօ­սո­ւած՝ ­Մա­յիս 28-ի պատ­մակ­շիռ ու դա­րա­դար­ձիկ նշա­նա­կու­թեան մա­սին ու ան­կաս­կած , որ սե­րուն­դէ սե­րունդ տա­կա­ւին շատ բան պի­տի ը­սո­ւի, թէ ին­չու հռչա­կո­ւած է ան իբ­րեւ մե­ծա­գոյ­նը մեր բո­լոր տօ­նե­րուն մէջ:
­Մա­յիս 28-ը մեր մեծ յաղ­թա­նա­կին տօնն է:
Ու­րեմն, հնա­րա­ւոր է յաղ­թել, նոյ­նիսկ ան­հա­ւա­սար ու­ժի, երբ ազ­գա­յին հա­մընդ­հա­նուր հա­մե­րաշ­խու­թիւն կայ եւ յաղ­թե­լու կամ­քով ո­գեշն­չող ղե­կա­վա­րու­թիւն կայ : Վ­կայ՝ ­Սար­դա­րա­պա­տը:
­Մա­յիս 28-ի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեամբ վճռո­ւե­ցաւ մեր պատ­մա­կան եր­թը, եւ տեն­չը՝ միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի, որ իբ­րեւ նպա­տակ ու ազ­գա­յին տես­լա­կան ներշն­չեց մեզ՝ նոյ­նիսկ ան­կա­խու­թեան կո­րուս­տէն ետք :
Ին­չո՞ւ սե­րունդ­ներ կը դաս­տիա­րա­կուին ա­մէն գնով կառ­չած մնա­լու ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րին: ­Պարզ ա­նոր հա­մար, որ ազ­գի կազ­մա­կեր­պո­ւա­ծու­թեան գե­րա­գոյն մա­կար­դակն է ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րուն յա­րա­ցոյ­ցը կը գծէ այն ճամ­բան, որ պի­տի ա­պա­հո­վէ իր ժո­ղո­վուր­դին անվ­տան­գու­թիւ­նը՝ ար­տա­քին թշնա­միին դէմ, հարս­տա­հա­րող ներ­քին ցե­ցե­րուն դէմ , պի­տի ա­պա­հո­վէ ար­դա­րու­թեան, ի­րա­ւուն­քի եւ օ­րէն­քի գե­րա­կա­յու­թիւ­նը, պի­տի ա­պա­հո­վէ տնտե­սու­թեան, գի­տու­թեան ու մշա­կոյ­թի զար­գա­ցու­մը, կարճ՝ պի­տի ա­պա­հո­վէ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ա­մէն տե­սակ չա­րի­քի դէմ եւ պի­տի ձգտի ա­նոնց պար­գե­ւել:
Բար­գա­ւաճ ու բա­րօր կեանք:
­Վեր­ջին հա­շո­ւով, ազ­գե­րը հայ­րե­նիք կը կեր­տեն պե­տա­կա­նու­թիւն ու­նե­նա­լու հա­մար, այ­լա­պէս ա­նոնք նոյ­նիսկ ի­րենց հայ­րե­նի­քին մէջ զրկո­ւած կը մնան հայ­րե­նի­քէ: Այդ­պէս էինք մենք ­Մա­յիս 28-էն ա­ռաջ: Կ’ապ­րէինք մեր երկ­րին մէջ , բայց այդ եր­կի­րը մե­զի չէր պատ­կա­ներ…: ­Հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ ազ­գի հան­գա­մանք կը ստա­նան, երբ պե­տա­կա­նու­թիւն ու­նին կամ կը ձգտին պե­տա­կա­նու­թիւն ու­նե­նա­լու…: ­Մա­յիս 28-ին լիի­րաւ ազգ նկա­տո­ւե­լու հան­գա­ման­քին տի­րա­ցանք, հայ­րե­նի­քի փոքր շեր­տի մը վրայ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւն հիմ­նե­ցինք, ո­րով եւ հա­յոց բո­վան­դակ պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով կեր­տո­ւե­ցաւ ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ: Աս­կէ ան­դին, պարզ բար­բան­ջանք­ներ են բո­լոր այն գրա­ռում­նե­րը, ո­րոնք այդ օ­րե­րու պե­տա­կան ստի­պո­ղու­թիւն­նե­րու ճնշու­մին տակ կարգ մը դէպ­քեր ու քա­ղա­քա­կան շար­ժու­ձե­ւեր ա­ռանձ­նաց­նե­լով ի զուր կը փոր­ձեն նսե­մաց­նել ­Մա­յիս 28-ի հրա­շա­փառ մե­ծու­թիւ­նը:
Բ) ­Ղա­րա­բա­ղեան ա­ռա­ջին ու յաղ­թա­կան պա­տե­րազ­մի խո­րա­պատ­կե­րին վրայ ՝ ­Մա­յիս 28-ով գծո­ւած մեր եր­թին պատ­մա­կան ուղ­ղու­թիւ­նը ան­գամ մը եւս վե­րա­հաս­տա­տո­ւե­ցաւ 1991-ին, հայ­րե­նի­քի վե­րան­կա­խա­ցու­մով: Կ’եզ­րա­կա­ցո­ւի ու­րեմն, որ՝
Ա­յո’, հնա­րա­ւոր է յաղ­թել, երբ ազ­գա­յին հա­մընդ­հա­նուր հա­մե­րաշ­խու­թիւն կայ եւ յաղ­թե­լու կամ­քով ո­գեշն­չող ղե­կա­վա­րու­թիւն: Վ­կայ՝ Ար­ցա­խի ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մին յաղ­թա­նա­կը:
Վ­կա­յենք նաեւ, որ Ա­նիի ­Բագ­րա­տու­նեաց թա­գա­ւո­րու­թեան կոր­ծա­նու­մէն (1045) ու ա­նոր յա­ջոր­դող ին­նը հա­րիւր տա­րո­ւան անն­կա­րագ­րե­լի ստրկու­թեան շրջա­նին իսկ, հայ­րե­նի կո­րու­սեալ պե­տա­կա­նու­թեան յու­շը սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցո­ւե­ցաւ, ո­րով, այդ յու­շը ձեւ ու մար­մին ա­ռաւ 1918-ին, դար­ձաւ ի­րա­կա­նու­թիւն եւ մի­ջազ­գա­յին ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան նո­րա­նոր զար­գա­ցում­նե­րու բո­վին մէջ կրկին վե­րա­յայտ­նո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան դրօ­շը:
­Յու­շը հզօր է, ան­ձեռնմ­խե­լի: Չ­կայ ուժ, որ կա­րե­նայ ոտնձ­գու­թիւն կա­տա­րել հոն կամ զայն խլել մեզ­մէ, այն­քան ա­տեն, որ ա­նոր փա­րած կը մնանք հո­գիով ու մտքով:
­Մարդ կը զար­մա­նայ, ա­պա նաեւ պժգանք կը զգայ, երբ կը լսէ, թէ ­Հա­յաս­տա­նի այ­սօ­րո­ւան վար­չա­պետն ու պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին կը թե­լադ­րեն հայ հան­րու­թեան, որ մո­ռա­ցու­թեան տրո­ւի մեր ան­ցեալն ու ան­ցեա­լէն ժա­ռան­գո­ւած մեր ի­րա­ւուն­քը, կը թե­լադ­րեն ընդ­միշտ թա­ղել թշնա­միին կող­մէ մեզ­մէ խլո­ւած պա­պե­նա­կան հո­ղե­րուն յու­շը եւ ա­նոնց տէ­րը ե­ղած ըլ­լա­լու ի­րա­ւուն­քով ա­պա­գա­յի հա­մար ­Մա­յիս 28-ի հիմ­նա­դիր­նե­րուն բա­նա­ձե­ւած միա­ցեա­լի տես­լա­կա­նը…:
Ա­նոնք Կ’ան­գի­տա­նա՞ն ար­դեօք, որ ազ­գե­րը չեն կրնար վե­րապ­րիլ ա­ռանց յու­շի ու տես­լա­կա­նի եւ պե­տու­թիւն­ներն ալ կը դառ­նան ան­զօր ու դիւ­րա­բեկ…:
Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է մո­ռա­ցու­թեան տալ յու­շը, երբ Ե­րե­ւա­նի սրտին վրայ կանգ­նած է ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շար­ձա­նը եւ քիչ ան­դին՝ ­Սար­դա­րա­պա­տի յաղ­թա­կո­թո­ղը…: ­Բայց ե­կէ’ք չ­տա­րա­ծո­ւինք եւ ան­տե­ղի մտո­րում­նե­րով չպղտո­րենք ­Մա­յիս 28-ի տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւ­նը: ­Կառ­չինք գրու­թեանս վեր­նագ­րով յայտ­նո­ւած մտքին, թէ ինչ­պէս ան­ցեա­լին, նաեւ վա­ղը հնա­րա­ւոր է յաղ­թել, երբ պի­տի ու­նե­նանք ղե­կա­վար­ներ, ո­րոնք ազ­գա­յին հա­մընդ­հա­նուր հա­մե­րաշ­խու­թեամբ պի­տի ո­գեշն­չեն հայ զան­գո­ւած­նե­րը:
Ա­հա թէ ին­չու այ­սօ­րո­ւան հպար­տու­թեան տօ­նին՝ միաս­նա­կան յոյ­սով, լա­ւա­տե­սու­թեամբ ու միա­ցեա­լի տես­լա­կա­նով կրկնենք միա­բե­րան՝
­Փա՜ռք ու պար­ծանք ­Մա­յիս 28 կեր­տող զէն­քի, մտքի ու քրտին­քի հե­րոս­նե­րուն,
Ընդ­միշտ կեց­ցէ’ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ ու ինք­նիշ­խան հան­րա­պե­տու­թիւ­նը: