Անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջին, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու եւ Իս­րա­յէ­լի հա­մա­կար­գո­ւած յար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով, Ի­րան հաս­տա­տեց երկ­րի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Ա­լի ­Խա­մե­նէիի մա­հը։ Ա­ւե­լի ա­ռաջ, ա­մե­րի­կա­ցի նա­խա­գա­հը եւ Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տը յայտ­նած էին Ի­րա­նի ղե­կա­վա­րի մա­հո­ւան մա­սին։
­Պե­տա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը հաս­տա­տած են, որ գե­րա­գոյն ա­ռաջ­նորդ ­Խա­մե­նէի մա­հա­ցած է իր գրա­սե­նեա­կին մէջ` Ի­րա­նի դէմ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած իս­րա­յէ­լա-ա­մե­րի­կեան յար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով: Ի­րա­նի եր­կա­րա­մեայ ա­ռաջ­նոր­դի յի­շա­տա­կին, երկ­րէն ներս յայ­տա­րա­րո­ւած է 40-օ­րեայ սուգ: Ան Ի­րա­նը կը ղե­կա­վա­րէր 37 տա­րի` 1989-ին Իս­լա­մա­կան ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դիր Ի­մամ ­Խո­մեյ­նիի մա­հէն յե­տոյ:
Ա­ւե­լի ուշ, ի­րա­նեան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը յայտ­նե­ցին, թէ երկ­րի նախ­կին նա­խա­գահ ­Մահ­մուտ Ահ­մա­նի­տե­ճատ եւս զոհ գա­ցած է յար­ձա­կում­նե­րուն։ Ան կը գտնո­ւէր ­Թեհ­րա­նի ­Նար­մաք շրջա­նին մէջ իր բնա­կա­րա­նէն ներս, երբ ստա­ցաւ օ­դա­յին հա­րո­ւած­ներ, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով մա­հա­ցաւ, ինչ­պէս նաեւ իր շուր­ջը գտնո­ւող բազ­մա­թիւ պա­հակ­ներ։ Ահ­մա­նի­տե­ճատ Ի­րա­նի նա­խա­գահն էր 2005-2013 տա­րի­նե­րուն։
Իս­րա­յէ­լի ու ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու հա­րո­ւած­նե­րուն հե­տե­ւան­քով սպան­նո­ւած են Ի­րա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար, զօ­րա­վար Ա­զիզ ­Նա­սիր­զա­տէ ու երկ­րի զի­նեալ ու­ժե­րու ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար, զօ­րա­վար Աբ­տոլ­ռա­հիմ ­Մու­սա­ւի: ­Մա­հա­ցած են նաեւ Ի­րա­նի գե­րա­գոյն ա­ռաջ­նոր­դի խորհր­դա­կան Ա­լի ­Շամ­խա­նի, Իս­լա­մա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան պա­հա­պան­նե­րու գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տար ­Մո­համ­մետ ­Փաք­փուր: Այս մա­սին հա­ղոր­դած է ԻՐՆԱ գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը։ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ ­Տո­նալտ Թ­րամփ յայ­տա­րա­րեց, թէ յար­ձա­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին կա­րո­ղա­ցած են չե­զո­քաց­նել ի­րան­ցի 48 բարձ­րաս­տի­ճան ղե­կա­վար­ներ։
Իս­լա­մա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան ա­ռաջ­նորդ Ա­յա­թոլ­լահ Ա­լի ­Խա­մե­նէիի մա­հէն յե­տոյ Ի­րա­նի մէջ ան­ցու­մա­յին շրջա­նի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ստանձ­նած են երկ­րի նա­խա­գահ ­Մա­սուդ ­Փե­զեշ­քեան, դա­տա­կան իշ­խա­նու­թեան ղե­կա­վար ­Կո­լամ­խո­սէ­յին ­Մոխ­սե­նի-Է­ջէին ու ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան պա­հա­պան­նե­րու խոր­հուր­դի ի­րա­ւա­բան Ա­լի­րե­զա Ա­րա­ֆի, որ պի­տի կա­տա­րէ հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դի ժա­մա­նա­կա­ւոր պաշ­տօ­նը: Այս մա­սին պաշ­տօ­նա­պէս հա­ղոր­դած է Ի­րա­նի ա­ռա­ջին փոխ­նա­խա­գահ ­Մո­համ­մետ ­Մոխ­պեր:
Ի­րան կը սպառ­նայ
Ի­րա­նի Ա­յա­թոլ­լահ ­Մա­կա­րեմ ­Շի­րա­զի «­Ճի­հատ» (կրօ­նա­կան վրէժխնդ­րու­թիւն) յայ­տա­րա­րած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու եւ Իս­րա­յէ­լի դէմ:
«Ի­րա­նի ժո­ղո­վուր­դը եւ իս­լա­մա­կան աշ­խար­հը ծա­րաւ են վրէժ լու­ծե­լու յե­ղա­փո­խու­թեան ան­մեղ, սպան­նո­ւած ա­ռաջ­նոր­դի ա­րեան հա­մար… Աշ­խար­հի բո­լոր մահ­մե­տա­կան­նե­րու կրօ­նա­կան պար­տա­կա­նու­թիւնն է ար­մա­տա­խիլ ը­նել այս յան­ցա­գործ­նե­րու չա­րի­քը աշ­խար­հէն», ա­նոր խօս­քե­րը մէջ­բե­րած է ­Թաս­նիմ լրա­տո­ւա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը:
­Շի­րա­զին Ի­րա­նի ժո­ղո­վուր­դի ներ­կայ ող­բեր­գու­թեան հիմ­նա­կան մե­ղա­ւոր­նե­րը ա­նո­ւա­նած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու «ամ­բար­տա­ւան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը» եւ «չար» Իս­րա­յէ­լը:
­Բազ­մա­թիւ զո­հեր եւ վի­րա­ւոր­ներ
­Կի­րա­կի օր շա­րու­նա­կո­ւե­ցան ա­մե­րի­կեան եւ իս­րա­յէ­լեան յար­ձա­կում­նե­րը ­Թեհ­րա­նի եւ այլ քա­ղաք­նե­րու վրայ, մինչ Ի­րան հա­կա­դար­ձեց մեծ թի­ւով հրթիր­նե­րու ար­ձա­կու­մով Իս­րա­յէ­լի եւ ­Ծո­ցի եր­կիր­նե­րուն դէմ։ Ի­րան բուռն կեր­պով կը ռմբա­կո­ծէ ա­մե­րի­կեան ռազ­մա­կան կեդ­րոն­ներ տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս։ ­Մին­չեւ հի­մա, զո­հե­րու եւ վի­րա­ւոր­նե­րու թի­ւը բարձր է։ Ի­րա­նի մէջ, հրթիր­նե­րու յար­ձա­կու­մին հե­տե­ւան­քով աղջ­կանց վար­ժա­րա­նի մը վրայ, զո­հո­ւած են տաս­նեակ ա­շա­կեր­տու­հի­ներ։ ­Զո­հեր եւս ար­ձա­նագ­րո­ւած են Իս­րա­յէ­լի մէջ։ ­Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րեց, թէ աշ­խա­տանք կը տա­րո­ւի, հնա­րա­ւո­րու­թեան պա­րա­գա­յին, օ­դա­յին ճա­նա­պար­հով Ա­րա­բա­կան ­Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րուն մէջ գտնո­ւող Հ.Հ. քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ­Հա­յաս­տան փո­խադ­րու­մը ի­րա­կա­նաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ «Թ­ռիչ­քի կազ­մա­կերպ­ման պա­րա­գա­յում ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը կը տրո­ւի կա­նանց, ե­րե­խա­նե­րին եւ տա­րեց ան­ձանց», ը­սուած է ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գե­րա­տես­չու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։
Երկ­խօ­սու­թեան ճամ­բու ո­րո­նում
­Կի­րա­կի ե­րե­կո­յեան, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Թ­րամփ յայտ­նեց, թէ Ի­րա­նի նոր ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հա­մա­ձայ­նած է երկ­խօ­սու­թիւն կա­տա­րել։ ­Միա­ժա­մա­նակ, Ի­րա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­րաղ­չի, Օ­մա­նի իր պաշ­տօ­նա­կի­ցին յայտ­նած կ­՚ըլ­լայ, թէ ­Թեհ­րան պատ­րաստ է սա­տա­րե­լու ի­րա­վի­ճա­կի մեղ­մաց­ման։ Ան նաեւ յայտ­նեց, թէ Ի­րան եւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ հա­սած էին հա­մա­ձայ­նու­թեան, սա­կայն վեր­ջին­նե­րը խա­փա­նե­ցին խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը։
­Միւս կող­մէն, Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ա­ռաջ­նորդ­նե­րը կը փոր­ձեն միա­ցեալ գիծ որ­դեգ­րել Ի­րա­նի դէմ յար­ձա­կում­նե­րուն առն­չու­թեամբ։ ­Կի­րա­կի ե­րե­կո­յեան, ­Քա­յա ­Քալ­լա­սի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, 27 ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը առ­ցանց հան­դի­պում ու­նե­ցան, լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով ստեղ­ծո­ւած քա­ղա­քա­կան եւ ու­ժա­նիւ­թի տագ­նա­պի հե­տե­ւանք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի յար­գու­մը։ ­Ժո­ղո­վի կի­զա­կէ­տին գտնո­ւե­ցան Ի­րա­նի եւ շրջա­կայ եր­կիր­նե­րուն մէջ եւ­րո­պա­ցի քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ա­պա­հո­վու­թիւնն ու ա­նոնց տար­հան­ման հա­մա­կար­գո­ւած մի­ջոց­նե­րը։