Ար­ցա­խեան 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի հրա­դա­դա­րի ա­մօ­թա­լի տա­րե­լի­ցը ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը կը գտնէ ծան­րօ­րէն վի­րա­ւոր ու շո­ւա­րած վի­ճա­կի մէջ։ ­Տա­րիէ մը ի վեր, բայց մա­նա­ւանդ վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն ըն­թաց­քին, ա­կա­նա­տես կը դառ­նանք քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րու, հան­դի­պում­նե­րու եւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու։ Ա­նոնց մէջ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը՝ ­Հա­յաս­տա­նէն ու Ատր­պէյ­ճա­նէն սկսեալ, կ­՚ընդգր­կէ հա­մաշ­խար­հա­յին եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ու­ժե­րը, ո­րոնք բազ­մա­կող­մա­նի ու­ղերձ­ներ կը ղրկեն՝ ա՛լ ա­ւե­լի մշու­շոտ եւ ա­նո­րոշ դարձնե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի հաշ­ւոյն կա­տա­րո­ւող զար­գա­ցում­նե­րը։
Ա­նո­րո­շու­թիւ­նը մէկ ա­ւե­լի կը շրջի հա­յու­թեան մէջ, նկա­տի ու­նե­նա­լով հայ­րե­նի իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն կե­ցո­ւած­քը, ա­նոնց եր­բեմն լուռ, ի­րար հա­կա­սող կամ բազ­մա­կող­մա­նի մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու դուռ բա­ցող յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք փո­խա­նակ մեր վճռա­կա­մու­թիւ­նը յստա­կօ­րէն բնո­րո­շե­լու, հայ­կա­կան շա­հե­րուն տէր կանգ­նե­լու փո­խա­րէն, ա­նո­րո­շու­թեան ա­լե­կոծ ծո­վին մէջ փրկու­թեան լաստ մը փնտռե­լու ան­յոյս վի­ճա­կը կը ներ­կա­յաց­նեն։
Ար­դա­րօ­րէն, ճա­կա­տագ­րա­կան այս օ­րե­րուն, հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քի ժո­ղո­վուր­դը ոտ­քի կանգ­նած է եւ իր ընդվ­զու­մի ձայ­նը կը բարձ­րաց­նէ ընդ­դէմ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք՝ ներ­սէն կամ դուր­սէն, ճատ­րա­կի խա­ղեր կը փոր­ձեն սար­քել տա­րա­ծաշրջա­նէն ներս ։
Ս­փիւռ­քը ոտ­քի կանգ­նած է ա­մե­նու­րէք, դի­մադ­րե­լով այն բո­լոր ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք հա­յու­թեան վրայ կը փոր­ձո­ւին, այս ան­գամ բա­րի դրաց­նու­թեան, խա­ղաղ հա­մա­կե­ցու­թեան, սահ­մա­նա­զա­տու­մի, սահ­մա­նագ­ծու­մի, զա­նա­զան հար­թակ­նե­րու ստեղծ­ման քա­ղա­քա­կան հա­շիւ­նե­րու պար­տադ­րու­թեան տակ։
Ա­նոնց­մէ ա­մէ­նէն մտա­հո­գիչն ու ծան­րօ­րէն վտան­գա­ւո­րը կը դառ­նայ «­Զան­գե­զու­րի մի­ջանց­քի» վար­կա­ծը, որ շա­րու­նա­կա­բար յա­ռաջ կը քշո­ւի ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ, մինչ հայ­կա­կան կող­մի ա­ղոտ հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լի մտա­հո­գու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծէ, քան թէ յստա­կօ­րէն կա­սեց­նէ եր­կու եր­կիր­նե­րու ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան ա­խոր­ժակ­նե­րը։
ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ՝ որ հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կը փու­թան ի­րենց պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը յայտ­նե­լու՝ բա­նակ­ցե­լու հա­մար սահ­մա­նագ­ծու­մի եւ սահ­մա­նա­զա­տու­մի գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ, յե­նո­ւե­լով խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն պատ­րաս­տո­ւած եւ ­Ռու­սիոյ սե­փա­կա­նու­թեան տակ մնա­ցած քար­տէս­նե­րուն վրայ։ ­Միւս կող­մէն, զար­մանք կը պատ­ճա­ռէ, երբ հա­զիւ եր­կու օր ա­ռաջ Ք­րեմ­լի­նի կող­մէ յայ­տա­րա­րո­ւած ղե­կա­վար­նե­րու՝ շաբ­թո­ւան մէջ կա­յա­նա­լիք ե­ռա­կողմ հան­դի­պու­մին մա­սին, ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը կը հեր­քէ 9 ­Նո­յեմ­բե­րին տե­սակ­ցու­թիւ­նը կա­յաց­նե­լու լու­րը, ո­րուն կը յա­ջոր­դէ նաեւ Ք­րեմ­լի­նի կող­մէ նմա­նօ­րի­նակ հեր­քում մը։
ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ՝ երբ ­Հա­յաս­տա­նի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի քար­տու­ղար Ար­մէն Գ­րի­գո­րեան կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տէն ետք կը յայ­տա­րա­րէ, թէ ­Հա­յաս­տան պատ­րաստ է սահ­մա­նագ­ծու­մի եւ սահ­մա­նա­զա­տու­մի գոր­ծին՝ յե­նո­ւած ըլ­լա­լով ար­դէն իսկ քննար­կո­ւած խորհր­դա­յին քար­տէս­նե­րուն վրայ, ան­դին­՝ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ­նա­խա­րար ­Վա­հէ ­Գէոր­գեան խորհր­դա­րա­նին մէջ կը յայտ­նէ, որ տա­կա­ւին կա­նուխ է խօ­սե­լու այն քար­տէս­նե­րուն մա­սին, ո­րոնց հի­ման վրայ պի­տի ի­րա­կա­նա­ցո­ւի սահ­մա­նա­զա­տում:
ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ՝ որ սահ­ման­նե­րու ճշդու­մի օ­րա­կար­գը յա­ռաջ կը քշո­ւի երբ ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նեալ ու­ժե­րը տեղ գրա­ւած են հայ­կա­կան տա­րածք­նե­րուն վրայ, խախ­տե­լով ա­մէն տե­սա­կի մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք եւ ի­րա­կան վտանգ դառ­նա­լով մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։
ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ՝ որ ­Հա­յաս­տա­նի վրայ կը պար­տադ­րո­ւի «3+3» հար­թա­կի ստեղ­ծու­մը, ո­րուն գլխա­ւոր ջա­տա­գով­նե­րը կը դառ­նան ­Թուր­քիան, Ատր­պէյ­ճա­նը եւ ­Ռու­սիան։ Ա­նոնք ա­ռիթ չեն փախց­ներ շա­րու­նա­կա­բար ար­տա­յայ­տո­ւե­լու այս հար­թա­կի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին, մինչ հայ­կա­կան կող­մը այս ու­ղերձ­նե­րը կը ստա­նայ ա­ռանց ո­րե­ւէ մեկ­նա­բա­նու­թեան։
ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ՝ որ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղան ա­մե­նայն հանգս­տու­թեամբ իր Ֆ­րան­սա­ցի գոր­ծըն­կե­րոջ՝ ­Մաք­րո­նին, կը ներ­կա­յաց­նէ «3+3» հար­թա­կի ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը, հա­ւաս­տիա­ցում տա­լով նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան եւ լիա­կա­տար հա­մա­ձայ­նու­թեան մա­սին։
ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ՝ որ այս ամ­բողջ զար­գա­ցում­նե­րուն ըն­թաց­քին ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու՝ Եւ­րա­սիոյ հար­ցե­րով զբա­ղող փոխ­նա­խա­րա­րը տա­րա­ծաշր­ջան կ­՚այ­ցե­լէ եւ նոյն պա­հուն ­Հա­յաս­տա­նի, Վ­րաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ծա­ռա­յող դես­պան­նե­րուն հետ եր­կար խորհր­դակ­ցու­թիւն մը կ­՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։
ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ՝ որ ներ­կայ պա­հուն Ե.Ա.Հ.Կ.-ի ­Մինս­քի խում­բի միջ­նոր­դու­թիւ­նը խնդրոյ ա­ռար­կայ կը դառ­նայ, մաս­նա­ւո­րա­պէս երբ ա­նոր դե­րը յստա­կօ­րէն ար­ժեզր­կո­ւած տես­նե­լու մի­տու­մով՝ ­Թուր­քիան եւ Ատր­պէյ­ճա­նը զայն կը փոր­ձեն փո­խա­րի­նել «3+3» հար­թա­կի ստեղ­ծու­մով։
ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ՝ որ Ե.Ա.Հ.Կ.-ի ­Մինս­քի խում­բի ֆրան­սա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ս­թե­ֆան ­Վիս­քոն­թին փո­խա­րի­նո­ւած է, սա­կայն այս բո­լոր զար­գա­ցում­նե­րուն դի­մաց, Ֆ­րան­սան լուռ դիր­քե­րէ կը հե­տե­ւի վեր­ջին շրջա­նին։
ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ՝ որ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղան բա­ցա­յայ­տօ­րէն կը խօ­սի ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի մի­ջեւ՝ «3+3» հար­թա­կի ստեղ­ծու­մին ուղ­ղու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած հե­ռա­ձայ­նա­յին խօ­սակ­ցու­թեան մա­սին, սա­կայն հայ­կա­կան կող­մը ու­շա­ցու­մով կը հեր­քէ զայն, իսկ հար­ցա­կան­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն գո­յու­թիւն ու­նե­նալ։
ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ՝ որ ­Թուր­քիոյ պաշ­տօ­նա­կան բե­րան­նե­րէն կը լսո­ւի հայ­կա­կան կող­մէն դրա­կան նշան­նե­րու ե­րե­ւու­մին մա­սին, մինչ Ե­րե­ւա­նի մէջ նստած իշ­խա­նա­ւոր­ներն ալ դրա­կա­նօ­րէն գլուխ կը շար­ժեն։
ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ՝ որ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցը կը շա­րու­նա­կէ դուրս մնալ քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գէն, վտանգ սպառ­նա­լով ա­նոր գո­յու­թե­նա­կան ի­մաս­տին վրայ, միան­գա­մընդ­միշտ զայն կուլ տա­լով թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան ա­խոր­ժակ­նե­րուն։
ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ՝ մէ՛կ ա­ւե­լի մտա­հոգ ենք, որ քա­ղա­քա­կան ծան­րակ­շիռ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն դի­մաց ու ­Հա­յաս­տա­նին վրայ պար­տադ­րո­ւած վերջ­նա­կան լու­ծում­նե­րու են­թա­պատ­կե­րին մէջ, հա­յու­թեան կարգ մը հա­տո­ւած­նե­րու մօտ ընդվզու­մի ու հա­կազ­դե­ցու­թեան ա­լիք­նե­րը այն­քան մեղ­մա­ցած են, որ ա­կա­մայ «լուռ հա­մա­ձայ­նու­թեան» մը պատ­կե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն։
Մ­տա­հոգ ըլ­լա­լով հան­դերձ, պի­տի շա­րու­նա­կենք ԴԷՄ ըլ­լալ այն բո­լոր լու­ծում­նե­րուն, ո­րոնք պար­տադ­րա­բար կը կի­րար­կո­ւին ի հե­ճուկս հայ ժո­ղո­վուր­դին։
Ի զուր չեն ­Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռ­քի տա­րած­քին ծա­ւա­լուող ժո­ղովր­դա­յին ընդվ­զում­նե­րը։ Ա­նոնք կու գան հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թեան յի­շեց­նե­լու, թէ կա­րե­լի չէ հայ ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տա­գի­րին վրայ կի­րար­կե­լու ո­րե­ւէ մէկ քայլ, ո­րե­ւէ մէկ ո­րո­շում, որ պի­տի վտան­գէ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի գո­յու­թիւ­նը։
9 ­Նո­յեմ­բե­րի «պար­տու­թեան» տա­րե­լի­ցին, հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան միտ­քը պար­տա­կա­նու­թիւն ստանձ­նած է ոտ­քի հա­նե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դը ընդ­դէմ այն բո­լոր ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն՝ մեր հայ­րե­նի­քի ա­պա­գան ետ պա­հե­լու հա­մար վնա­սե­լու ըն­թաց­քէն ։
­Պէտք է մնալ զգօն ու ա­չա­լուրջ, մեր­ժել ա­մէն տե­սա­կի լու­ծում, որ հայ­րե­նի­քը կոր­ծա­նու­մի կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէ. պէտք է դէմ կանգ­նիլ պար­տադ­րո­ւած լու­ծում­նե­րուն։
­Վե­րա­կանգ­նու­մի ճամ­բան եր­կար ու դժո­ւար է։
­Հա­յու­թեան միա­հա­մուռ ու միաս­նա­կան կե­ցո­ւած­քը՝ հրա­մա­յա­կան ու ան­յե­տաձ­գե­լի։