2026-ի ­­Մա­յիս ա­մի­սը յատ­կան­շո­ւե­ցաւ աշ­խուժ գոր­ծու­նէու­թեամբ ­­­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ին հա­մար։ ­Մար­զիկ­նե­րն­ ու ս­կաուտ­նե­րը շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց ծրա­գիր­նե­րը նա­խորդ ա­միս­նե­րու թա­փով ու աժ­խու­ժու­թեամբ։

ԱԹԷՆՔԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

­ Լող — ­­Թե­նիս
­Լու­ղոր­դա­կան ­խո­ւմբը կազ­մա­կեր­պեց իր տա­րե­կան մրցա­շար­քը։ 100-է ա­ւե­լի փոք­րիկ­ներ, ո­րոնք կը մար­զո­ւին Հ.Մ.Ը.Մ-ի խում­բին մէջ, ­Կի­րա­կի, 24 ­Մա­յի­սին, մաս­նակ­ցե­ցան մրցա­նա­կին եւ ցոյց տո­ւին ի­րենց յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը լո­ղի մէջ։ ­Նաեւ 30 եւ 31 ­Մա­յի­սին, Ա­թէն­քի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի լու­ղոր­դա­կան խում­բը մաս­նակ­ցե­ցաւ «Τζελάτεια» մրցում­նե­րուն, ուր մեր փոք­րիկ լու­ղորդ­նե­րը յա­ջո­ղե­ցան 9 մե­տալ նո­ւա­ճել, բարձր պա­հե­լով մեր միու­թեան ա­նու­նը։

***

­­Թե­նի­սի ­փոք­րե­րու եւ ­մե­ծե­րու մ­­ար­զում­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւի­ն Ա­թէն­քի «­Ար­ամ ­­Մա­նու­կե­ան» ­ա­կում­բի ­«­­Կի­ւտէն­եան­» մար­զա­դաշ­տի­ն ­մէ­ջ։

­ Կո­ղո­վա­գնդա­կ
Ա­թէ­նքի­ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի այ­րե­րո­ւ ­խում­բը ամ­բո­ջա­ցուց մրցում­նե­րը­ Բ. դա­սա­կա­րգի­ ա­խո­յե­ա­նու­թե­ան մէջ։ ­Փոք­րե­րո­ւ «մի­նի» եւ «ճու­նիըր» խում­բե­րը­ կը շա­րունա­կե­ն ­կա­տա­րե­լ­ ի­րե­նց ­փոր­ձե­րը­ ու մաս­նա­կցի­լ ­բա­րե­կա­մա­կան մր­­ցում­նե­րո­ւ, ցոյց տա­լո­վ ­մեծ խան­դա­վա­ռութի­ւն։

­Ճատ­րակ
­Չա­փա­հաս­նե­րու եւ փո­քրի­կնե­րըու խում­բե­րը կը շա­րո­ւնա­կե­ն ­փոր­ձե­րը­ կա­նո­նա­ւո­ր ­հեր­թա­կա­նու­թեամբ։

ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հե­ծե­լար­շա­ւը
Ուր­բաթ, 29-էն մին­չեւ ­Կի­րա­կի, 30 ­Մա­յիս 2026-ին, տեղ­ւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մաս­նա­ճիւ­ղը կազ­մա­կեր­պեց «­Αρμενική με 1000» հե­ծե­լար­շա­ւը։
­­Մօտ 25 մար­զիկ­ներ, ­ճամ­բայ ել­լե­լով ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Մեծն Ա­ղեք­սանդ­րի ար­ձա­նին առ­ջե­ւէն, կտրե­ցին 1000 քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թիւն մը՝ հաս­նե­լով մին­չեւ ­Գո­մո­թի­նի, ուր տե­ղոյն հայ­կա­կան հա­մայն­քը հիւ­րըն­կա­լեց ա­նոնց։ ­­Շատ դժո­ւար հե­ծե­լար­շաւ մը էր, որ կը պատ­կա­նի «brevet» մրցում­նե­րու շար­քին, զոր ­Թէ­սա­ղո­նի­կէի Հ.Մ.Ը.Մ-ը կազ­մա­կեր­պեց մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ։
­­Մաս­նա­ճիւ­ղի­ կո­ղո­վագն­դա­կի խո­ւմ­­բը­ ամ­բող­ջա­ցուց իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը 3­-րդ ­դա­սա­կարգ­ի մ­ր­ցա­շար­քին­։

ԳՈՔԻՆԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Վ­ոլ­էյպ­ոլ
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գ­ոք­ին­իոյ պա­տա­նի­նե­րու K17 խումբ­ը գրաւ­եց յուն­ակ­ան ΕΣΠΕΔΑ մրցաշ­արք­ի 4-րդ դ­իրք­ը «Final Four» (վերջնակ­ան չորս) փուլ­էն ներս։
­­Փոքր­ե­րու աղջ­կանց K16 եւ տղոց խումբ­եր­ը յա­ջո­ղու­թեամբ ամ­բող­ջա­ցու­ցին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը մրցաշ­արք­եր­ուն։

ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ
­Շա­բաթ, 16 ­­Մա­յիս 2026-ի ե­րե­կո­յեան, ­­Գա­րէա­յի ազ­գա­պատ­կան ա­կում­բին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց «­Մէկ խա­րոյկ՝ մէկ շղթայ. հա­զա­րա­ւոր յի­շա­տակ­ներ» խա­րոյ­կա­հան­դէ­սը, ուր հին եւ նոր սկաուտ­նե­րը մօտ մօ­տի ե­կան կա­տա­րե­ցին ի­րենց «ժո­ղո­վը»։
Իւ­րա­յա­տուկ հա­ւաք մըն էր, ուր մաս­նա­կից­նե­րը դար­ձեալ վե­րապ­րե­ցան ի­րենց պա­տա­նե­կու­թեան ան­գին օ­րե­րը, խա­րոյ­կի ջեր­մու­թեան տակ, դրօ­շի ա­րա­րո­ղու­թեամբ, եր­գով ու խօս­քով, սկաու­տա­կան ան­հա­մար դրո­ւագ­նե­րու վեր­յի­շու­մով, սկաու­տա­կան բա­րե­ւի պա­տի­ւով, ու տա­կա­ւին այն­քա՜ն մեծ ու փոքր յի­շա­տակ­նե­րով, ո­րոնք տա­րա­ծո­ւե­ցան տա­քուկ մթնո­լոր­տին մէջ։

***

Մ­այր­եր­ու օր­ու­ան առ­իթ­ով, Շրջ­ան­այ­ին խորհ­ուրդ­ը եր­եք տեղ­ակ­ան սկաուտ­ակ­ան խորհ­ուրդն­եր­ուն հետ կազմ­ակ­երպ­եց­ին բաց­առ­իկ միօր­եայ արշ­աւ մը՝ Այ­իա Մ­ար­ին­այ­ի բան­ակ­ավ­այր­էն ներս:
Մ­ոկլ­ին­եր­ը, գայլ­իկն­եր­ը, սկաուտն­եր­ը, եր­եցն­եր­ը, խմբապ­ետ­ակ­ան կազմ­ը, Խ­որհ­ուրդ­ի անդ­ամն­եր­ը եւ յատկ­ապ­էս փոքր­իկն­եր­ու հրաւ­իր­ու­ած ծնողներ­ը միասն­աբ­ար հաճ­ել­ի օր մը անց­ուց­ին: Ծն­ողներ­ը առիթ­ը ուն­եց­ան մասն­ակց­ել­ու սկաուտ­ակ­ան յայտագիրին, խաղ­ալ­ու իր­ենց եր­եխ­ան­եր­ուն հետ եւ մօտ­էն ծանօթանալ­ու սկաուտ­ակ­ան կեանք­ին:
Կ­էս­օր­էն ետք, մինչ սկաուտն­եր­ը շար­ուն­ակ­եցին իրենց խաղ­եր­ը, ծնողն­եր­ը հետ­եւ­եց­ան յատ­ուկ պատրաստուած դաս­ախ­օս­ութ­իւնն­եր­ու:

***

Մա­յի­ս ամսո­ւն մէջ, Գո­քի­նի­ոյ եւ Աթէ­նքի­ Սկա­ուտա­կա­ն խորհո­ւրդնե­րը­ կազմա­կե­րպե­ցի­ն գործա­ցուա­ծ գիրքե­րո­ւ պազա­ր Բի­րէ­այի­ եւ Նէ­ա Զմի­ռնի­ի մէջ։ Խո­րհո­ւրդնե­րո­ւ քոյրե­րը­ մեր աստի­ճա­նա­ւո­րնե­րո­ւն, սկաուտնե­րո­ւն եւ գայլի­կնե­րո­ւն հետ գեղե­ցի­կ ներկա­յո­ւթի­ւն մը ունե­ցա­ն, իսկ պազա­րնե­րո­ւ եկա­մո­ւտը­ պիտի­ յատկա­ցո­ւի­ ամա­ռո­ւա­ն սկաուտա­կա­ն գործունէ­ութե­ան համա­ր։

***

Մի­­աժ­ամա­­նա­կ շա­րո­­ւ­նա­կո­­ւ­ե­ցա­­ն Աթ­էնքի­­,­ Գո­­ք­ի­նիոյ, Գ­արէ­­ա­յի ե­ւ Թե­­սա­ղո­­նիկէ­­ի շաբա­­­թակ­ան­ հաւա­­քնե­ր­ը, իսկ­ մեր ­աս­տիճա­­նա­ւո­րնե­րը­ մասն­ակցե­­ցա­ն ո­ւ աւա­րտե­ցի­ն սկաուտա­­կա­ն դ­պրո­ց-ս­ե­մի­­նարնե­­րը։

***

Շնո­­րհա­ւո­րո­ւթի­ւննե­՛ր բոլո­­րի­ն’ սկաուտա­կա­ն կազմե­րո­ւն եւ խորհո­ւրդնե­րո­ւն, մարզի­կնե­րո­ւն, մարզի­չնե­րո­ւն, վարչա­կա­ն անդա­մնե­րո­ւն եւ կազմա­կե­րպի­չ յանձնա­խո­ւմբե­րո­ւ անդա­մնե­րո­ւն, որո­նք բոլո­րը­ միասի­ն կ՚ա­շխա­տի­ն մեր հայա­կե­րտ միութի­ւնը­՝ Հ.Մ.Ը.Մ- ը բարձր պահե­լո­ւ գործո­վ։

«Բա­րձրա­ցի­ր – Բա­րձրա­ցո­ւր»