Եղբ. ՎԻԳԷՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային խմբապետ
Սկաուտութիւնը պարզապէս հաճելի ժամանց մը չէ ազատ ժամերու համար. Ան կեանքի համաշխարհային դպրոց մըն է, մեծ ընտանիք մը եւ արժէքներու փարոս մը, որ կը կերտէ վաղուայ գործօն քաղաքացիները։ Իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր, անոր դերը կը մնայ անփոփոխ. երիտասարդներուն ջամբել այնպիսի գիտելիքներ, հմտութիւններ եւ նկարագիր, որոնք անհրաժեշտ են իրենց հոգեկան, ֆիզիքական եւ ընկերային զարգացման համար։
Երիտասարդի մը համար սկաուտական շարքերուն միանալը վերափոխող փորձառութիւն մըն է։ Այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր առօրեան կը կառավարուի պաստառներով եւ մեկուսացումով, սկաուտութիւնը կ՚առաջարկէ վերադարձ դէպի իրական գործունէութիւն։ Խաղերու, խմբային աշխատանքի եւ պատասխանատուութեան ստանձնման ընդմէջէն, պատանիները կը բացայայտեն իրենց կարողութիւնները, կը սորվին յաղթահարել իրենց վախերը եւ կը տիրանան ինքնավստահութեան։ Անոնք կը դառնան ինքնուրոյն, կը սորվին ծառայել հաւաքականութեան եւ կը կերտեն կեանքի ընկերութիւններ՝ հիմնուած փոխադարձ վստահութեան եւ յարգանքի վրայ։ Սկաուտութեան սիրտին մէջ կը գտնուին անոր համամարդկային արժէքները։ Սկաուտական խոստումն ու օրէնքը կեանքի բարոյական ուղեցոյց են։ Արդարութիւնը, անկեղծութիւնը, ազնուութիւնը, սէրը հանդէպ շրջապատին եւ համերաշխութիւնը պարզ բառեր չեն, այլ՝ կենդանի փորձառութիւն։ Սկաուտները կը սորվին օգնել իրենց նմանին ամէն պարագայի եւ յարգել տարբերութիւնները՝ մշակելով կարեկցանք եւ ընկերային գիտակցութիւն։
Այս ընկերային գիտակցութիւնն ու ծառայութեան ուժը աւելի խորունկ ու յուզիչ նշանակութիւն կը ստանան Յունաստանի Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Սկաուտականմ շարժումին պարագային։ Յունահայ գաղութին համար սկաուտութիւնը միայն դաստիարակչական շարժում մը չէ, այլ պատմական յիշողութեան եւ ազգային ինքնութեան կենդանի պահապանը։ Իր գործունէութեամբ ան կը յաջողի վառ պահել արմատներու կրակը՝ սերունդէ սերունդ փոխանցելով նախնիներու սովորութիւնները, աւանդութիւնները եւ արժէքները։ Հայերէն լեզուն պարզապէս դաս մը չէ, այլ հաղորդակցութեան կենդանի միջոց մը, որ կ՚արձագանգէ երեխաներու խաղերուն, հրահանգներուն եւ օրական զրոյցներուն մէջ՝ պահելով արմատները կենսունակ եւ զօրաւոր։
Գաղութի սիրտին մէջ՝ Նէոս Գոզմոսի, Նիքէայի, Գարէայի եւ Թեսաղոնիկէի սկաուտական միաւորներուն մէջ, հայ սկաուտները կը սորվին յարգել իրենց ծագումը, մնալ համախմբուած եւ ծառայել թէ՛ իրենց սեփական համայնքին, թէ՛ ալ զիրենք գրկած յունական հասարակութեան։ Առաջնորդուելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խորապէս մարդասիրական եւ յաւերժական նշանաբանով՝ «Բարձրացիր՝ Բարձրացուր», անոնք գործնականապէս կ՚ապացուցեն, որ անհատական զարգացումը իմաստ կը ստանայ միայն այն ատեն, երբ իրեն հետ դէպի վեր կը տանի նաեւ հաւաքականութիւնը։
Անշուշտ, ամէն սկաուտի համար ամենամեծ եւ կենդանի դասարանը ինքնին բնութիւնն է։ Արշաւները, երկօրեայ պտոյտները եւ մեծ ամառնային բանակումները սկաուտական կեանքի գագաթնակէտն են։ Հոն՝ բաց երկինքին տակ, մանուկներն ու պատանիները կը սորվին բնութեան մէջ ապրելու գաղտնիքները. ինչպէս վրան լարել, ինչպէս կողմնորոշուիլ աստղերով, ինչպէս կերակուր պատրաստել դաշտի մէջ եւ ինչպէս պաշտպանել անտառը։ Սակայն ամենակախարդական պահը կը հասնի գիշերը։ Բանակումի խարոյկին շուրջ ստեղծուած մթնոլորտը կը դառնայ այն վայրը, ուր պատմութիւնը կը հանդիպի ներկային։ Կրակին ջերմութեան մէջ, երիտասարդներու ձայները կը միանան աւանդական հայկական եւ սկաուտական երգերով ու կանչերով. հիները կը յիշեն, նորերը կը սորվին, եւ եղբայրութեան կապերը կը դառնան անքակտելի։ Լեռնագնացութիւնն ու գիշերային զրոյցները բոցերուն շուրջ կը ստեղծեն անջնջելի յուշեր, միեւնոյն ատեն գործնականապէս կը սորվեցնեն բնապահպանական գիտակցութիւնը։
Եթէ դուն ալ կը փնտռես փախուստ մը առօրեայէն, եթէ կ՚ուզես ապրիլ իսկական փորձառութիւն մը բնութեան մէջ, կերտել բարեկամներ՝ որոնք կեանքիդ ընկերները պիտի դառնան, եւ մաս կազմել վեհ գաղափարի մը, մեր դռները բաց են քեզի համար։
Կ՚ընդունինք նոր անդամներ 4 տարեկանէն սկսեալ, ապահովելով անվտանգ ու ստեղծագործ միջավայր մը իրենց զարգացման ամէն մէկ հանգրուանին համար։
Կը սպասենք քեզի Նէոս Գոզմոսի, Նիքէայի, Գարէայի եւ Թեսաղոնիկէի մեր միաւորներուն մէջ։ Եկո՛ւր բացայայտելու ուժերդ, խնդալու, ծառայելու եւ գրելու քու սեփական պատմութիւնդ։ Դարձի՛ր դուն ալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ սկաուտական ընտանիքի անդամ։ Սկաուտական մեծ արշաւը կը սկսի հո՛ս։










