Քաղաքականացած երիտասարդութեան ինքնութեան ամրապնդման եւ գաղափարական վերանորոգման առիթ մը հանդիսացաւ անցնող շաբաթավերջին գումարուած Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան 77-րդ Պատգամաւորական ժողովը։
Շաբաթ, 17 եւ Կիրակի, 18 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահը դարձաւ համախմբման վայրը Ֆիքսի, Գոքինիոյ եւ Թեսաղոնիկէի երիտասարդական խումբերու ներկայացուցիչներուն, որոնք խանդավառութեամբ եւ իրենց առաքելութեան գիտակից մօտեցումով նախ արժեւորեցին անցնող տարեշրջանի գործունէութիւնը, ապա լուսարձակի տակ առին նոր շրջանի ծրագիրներուն ու առաջադրանքներուն համապարփակ դաշտը։
Ժողովին մասնակցեցան մօտ 25 երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմնի ներկայացուցիչը։ Ժողովի աշխատանքներուն հետեւեցաւ նաեւ «Ազատ Օր»-ը։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը, որ նշեց, թէ Միութեան 80-ամեայ պատմութիւնը առաւել յանձնառութիւն կը դնէ յունահայ գաղափարական երիտասարդութեան ուսերուն՝ շարունակելու իր առաքելութեան ուղին, ի խնդիր համազգային եւ գաղութային առաջադրանքներու իրագործման։ Նոյն ոգիով եւ հայ մամուլը երիտասարդութեան քաղաքական միտքի զարգացման դարբնոցը դարձնելու կարեւորութեան շեշտադրումով հանդէս եկաւ նաեւ «Ազատ Օր»-ի ներկայացուցիչը։
Յաջորդաբար, ընթերցուեցաւ ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, որուն մէջ ներկայացուած էր Միութեան միամեայ գործունէութեան լայն պատկերը՝ իր քաղաքական, դաստիարակչական, քարոզչական, յարաբերական եւ ընկերային իրագործումներով։
Յատուկ շեշտադրումով նշուեցան Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ելոյթներու շարքին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման նուիրուած յաջող ելոյթը։ Մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ Հայ դատի աշխատանքներուն երիտասարդութեան լիարժէք մասնակցութեան, յունական քաղաքական եւ հասարակական երիտասարդական միաւորներուն հետ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ պահանջատիրական գործունէութեան ընդլայնման։
Տեղեկագիրին մէջ տեղ գտած էին նաեւ Ֆիքսի «Դրօ», Գոքինիոյ «Փոթորիկ» եւ Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբերու գործունէութեան համառօտ տեղեկագրերը, որոնց ընդմէջէն կարելի էր նշմարել իւրաքանչիւր խումբի աշխատանքին թափն ու տարողութիւնը՝ ակումբներէն ներս եւ տեղական ընկերային միջավայրին մէջ։
Նոյն ուշադրութեամբ ժողովը ծանրացաւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան գործունէութեան վրայ՝ գնահատելով նորահաս սերունդի համախմբման եւ դաստիարակութեան աշխատանքը, իբրեւ ապագայի գիտակից երիտասարդներու կազմաւորման գրաւական։ Մասնաւոր քննութեան նիւթ դարձաւ տարեկան բանակումի յաջող իրագործումը եւ անոր ստեղծած խանդավառութիւնը։
Ժողովի երկրորդ օրը ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ նոր տարեշրջանի բանաձեւերու մշակումին։ Միտքերու փոխանակման, քննարկումներու եւ առաջարկներու լայն հորիզոնի մը վրայ, մեր երիտասարդները վերլուծեցին Միութեան կազմակերպական հզօրացման անհրաժեշտութիւնը՝ շեշտելով հայ երիտասարդութեան լայն շրջանակներու առաւել ներգրաւման կարեւորութիւնը։
Միաժամանակ, անհրաժեշտ ուշադրութեամբ քննութեան առին գաղափարական եւ քաղաքական դաստիարակութեան զարգացման ծրագիրները։
Հայ դատի աշխատանքներուն վերաբերող բաժինը արժանացաւ մանրամասն քննարկման՝ յատուկ կարեւորութիւն ընծայելով արդի հաղորդակցական միջոցներու եւ ընկերային ցանցերու ընձեռած հնարաւորութիւններուն՝ պահանջատիրական պայքարը երիտասարդութեան նոր շրջանակներուն հասցնելու եւ անոր ազդեցութիւնը ընդլայնելու նպատակով։
Ժողովի շինիչ եւ ընկերային մթնոլորտը նպաստեց քննական միտքերու զարգացման, քաղաքական մտածողութեան խորացման եւ գաղափարական հորիզոններու ընդլայնման։ Քննարկումներուն ընդմէջէն ի յայտ եկան մեր երիտասարդներուն համարձակութիւնը, նախաձեռնութեան ոգին եւ աշխատանքին պատասխանատուութեամբ ու անվարան մօտենալու պատրաստակամութիւնը։ Այս յատկանիշները լաւատեսութեան հիմք կը հանդիսանան եւ կը ցոլացնեն Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան իրերայաջորդ սերունդներուն կազմաւորման ընթացքը՝ ազգային արժէքներով եւ գաղափարական համոզումներով հարուստ միջավայրի մը մէջ։
Պատգ. ժողովը իր աշխատանքները աւարտեց՝ ընտրելով նոր Կեդրոնական վարչութեան կազմը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ ընկերներէն՝ Սերճիօ Մանկոյեան, Վահրամ Չաքալեան, Գարէն Գաւլաքեան, Էլիզ Մաքարովա, Անի Արզումանեան, Օննիկ Պետրոսեան եւ Ալեքս Ազալեան։










